Լիբանանի մեծագոյն հիւանդանոցներն անգամ կը հեւան քորոնաժահրի բեռին տակ, որուն որպէս հետեւանք անոնք անկարող են իրենց մարդկային պարտականութիւնները առաւելագոյնս կատարել:
Հիւանդանոցները կը գործեն լարուած իրավիճակի մէջ մինչ նոր անկողիններ չկան օրն ի բուն հիւանդանոց փութացող հիւանդներուն տեղ բանալու:
Այս ծիրէն ներս երէկ Լիբանանի տարածքին գրանցուեցան 3010 նոր վարակակիրներ եւ մահացան 50 հիւանդներ:
Քաղաքական գետնի վրայ երէկ Մարոնիներու պատրիարք Ռաաի իր Կիրակնօրեայ քարոզին մէջ վրդովանք նշեց, որ նախագահը նորանշանակ վարչապետը իր մօտ ժողովի չէ հրաւիրած, որպէսզի առաւելագոյնս կանուխ կազմուի կառավարութիւնը, որուն պիտի վստահուի Լիբանանի փրկութեան ծանր թղթածրարը: