Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

«Կը Խնդրուի Ձեր Սրտին Խորքէն Ճչալ…»

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 «Յիմարները կը բազմապատկուին երբ խելացիները լուռ մնան․․․»

Նելսըն Մանտելա (1918-2013)

             Դիւանագիտութիւն չեմ ուսանած, ոչ ալ դիւանագէտ ըլլալու յաւակնութիւններ ունիմ։ Սակայն՝ այս օրերուն մեր շուրջը պատահածներուն ի տես՝ ճչալու, աղաղակելու, բարձրաձայն պոռթկալու անզուսպ պահանջք մը զիս կը խեղդէ։  Իսկ այս Քորոնա-19 կոչուած ժահրը կը պարտադրէ, որ բերանդ փակ պահես՝ շուրջիններդ չվարակելու համար դահիճ ժահրէն։

Բայց ի՞նչպէս կարելի է շրթներդ սեղմած պահել երբ ներսիդ կուտակուածը  անզուսպ լաւայի պէս ժայթքելու պատրաստ է․․․․

Չէր բաւեր մեր մայր հայրենիքին մէջ կատարուածները, երկրին սերուցքը կազմող ամենակարող երիտասարդ սերունդին- հինգ հազարէ աւելի հոգեհատորներու- կորուստը, քաղաքական աշխարհին խաբէութիւնները, միամիտ ժողովուրդին թեր եւ դէմ խլացուցիչ հայհոյանքները, ահաւասիկ նոյնանման կացութիւն մը ստեղծուեցաւ հո՛ս – այո՛, նոյն ինքն այսպիսի համբաւ ունեցող՝ «ազատ խօսքի ռահվիրա» համարուող Միացեալ Նահանգներու մէջ։

1978-էն ի վեր այս երկրին քաղաքացին ըլլալու փաստաթուղթերը ունիմ․․․ եւ չեմ յիշեր թէ – հաւանաբար շատ-շատեր ինծի պէս- այս տարուայ պէս մոլորուն, անհասկնալի ու խառնաշփոթ կացութեան ականատեսը եղած ըլլամ։

Որպէս քաղաքացի այս երկրին, չորս տարի անդադար ամբոխավարական խօսքերով, խոստումներով, ստաբանութիւններով օրօրուող այս ժողովուրդին հետ, այսօր ականատեսներն ենք պետականօրէն ամէնէն խայտառակ իրականութեան մը։ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ վեհօրէն կանգնած երկրին հիմնադիր նախագահներուն, հերոսներուն արձաններով եւ հսկայ նկարներով պատմականօրէն հարստացած այդ շքեղ շէնքը՝ «Քափիթոլ»-ը, որ երկրէն դուրս յաճախ կը շփոթուի նախագահի նստավայրին «Սպիտակ Տան» հետ, գոյնը կորսնցուց, նսեմացաւ՝ մարդկային ամէն արժանիքներէ դուրս վայրի խուժանի մը յարձակումովը եւ վայրագութեան հետ մրցող վարուելակերպին պատճառաւ։

Ամօթ, զարմանք, հիասթափութիւն, նախատինք, աղտոտութիւն, կոտրած դուռ-պատուհան, գրասենեակներու մէջէն բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն համակարգիչներու գողութիւնը, թղթապանակներու խառնիճաղանճը անճանաչելի դարձուցին իր վեհութեամբ դարաշրջաններ բոլորած լռակեաց այդ գրասենեակները։ Այս շէնքը այլեւս այն չէ՛, ինչ որ մինչեւ հիմա ճանչցուած էր որպէս Միացեալ Նահանգներու Խորհրդարան եւ Ներկայացուցիչներու Տուն։

Տունը՝ հայրենասիրութիւն խորհրդանշող Աբրահամ Լինքընին, Ճօրճ Ուաշինկթընին, Թոմաս Ճէֆըրսընին նման հիմնադիրներու։

Այո՛, Նախագահ Ճորճ  Ուաշինկթընի երազած շէնքը, որ Վայելչօրէն Փառահեղ՝ միաժամանակ Պարզ եւ Յարմարաւէտ վայրը պիտի ըլլար Միացեալ Նահանգները աշխարհին ներկայացող իր դիմագիծով վեհութեան փլուզումին հասցուցին։

Օրին 17 մրցակիցներու ներկայացուցած նախագիծերը շատ մանրազննին մաղէ անցած էին, ընդունելի չէին գտնուած վեհութեան պակասի պատճառով, երբ անսպասելիօրէն նամակ մը կը հասնի Սկովտիացի ծագումով Բժիշկ Վիլեամ Թորընթօնի նախագիծովը։ Առաջարկուածը անմիջապէս հաւանութեան կ՛արժանանայ, եւ պաշտօնապէս կը հաստատուի Նախագահ Ուաշինկթընի կողմէ Յուլիս 25, 1793-ին։

Այս պատկառելի շէնքը կարգ մը վերանորոգումներէ ու յաւելուածական փոփոխութիւններու ենթարկուելէ ետք, այսօր համայն աշխարհի մէջ կը համարուի ճարտարապետականօրէն վեհ ու գեղեցիկ կառոյց մը, որ ըստ Միաց․ Նահանգներու հիմնադիր հայրերուն երազանքին, անոր ոճն ու ձեւը պէ՛տք է խորհրդանշէ երկրին ժողովրդավարութիւնը։

Սակայն, Յունուար 6, 2021-ին պատահածը Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ հաւաքուած քաղաքացիներուն խուժանավարի յարձակումէն ետք, սարսափահար ականատեսները եղանք ի տես պատկառելութիւնը ոտնակոխուած այս կառոյցին։ Սրտիս խորքէն անզօր ճչալէն աւելի աղաղակելու պահանջք զգացի։

Այո՛, ճիշդ կը կարդաք։ Բերանս փակ՝ սրտիս խորքէն ճչալու պահանջք զգացի․․․ երբ խոշոր տառերով վերի այդ թելադրութեան հանդիպեցայ։ Ճաբոնական խաղավայր-զբօսայգիի մը մէջ նորաբաց շատ բարձր ոլորուն սահնակէն յանկարծակի վար սահողներուն ճչոցները Քովիտի ժահրով արտաշնչելը սահմանափակելու – կարելի չափով կանխարգիլելու համար․․․ Այո՛, խոշոր գիրերով գրուած էր․․․ «կը խնդրուի», այո՛ ճիշդ այդպէս․․․ «Կը խնդրուի ձեր սրտէն ճչալ ․ ․ ․»

Ի՞նչպէս լուռ մնալ երբ այդ ակնածանք պարտադրող, կառուցելու համար տարիներով մտածուած այս շէնքին սրահները ամբոխներուն կեղտին ու ջարդարարութեան զոհ կ՛երթան։ Ի՞նչպէս կարելի է լուռ աղաղակել երբ այսօր լեցուած են 25 հազար երիտասարդ զինուորականներով, որոնք իրենց քնատոպրակներով մարմարեայ հայելանման յատակին վրայ օրերով քնանալու պարտադրանքին տակ են, Յունուար Վեցի նման կատարուելիք հաւանական նոր խուժումի մը արգելք կարենալ հանդիսանալու։

Պահ մը փոխադրուեցայ ի՛մ Հայաստանս։ Մեր հինգ հազար զոհուած-մարտիրոսացած արցախեան Հայ երիտասարդները աչքիս առաջ կենդանացան եւ շարուեցան քով քովի․․․ այստեղի զինուորականներուն հետ։

Կողք-կքղքի․․․ 30 հազար երիտասարդ հսկայ բանակ մը կազմեցին, որոնք զոհերն են հոս կամ հոն գտնուող անհեռատես, անձնասէր, ամբոխավար, բռնակալի հոգեբանութեամբ պետական աթոռ զբաղցնող ընդամէնը մատի վրայ հաշուող անհատներուն։

Որքան ճիշդ կը հնչէ անգլիացի գրող Տէյվիտ Միթչելի այն խօսքը թէ՝ «Երբ սահմանափակ քիչերուն ձեռքն անցնի անսահմանափակ իշխանութիւնը միշտ ալ արարքները դաժանութեան կը հասնին»։

Կարծեցինք որ, միայն 2020 տարին ժահրային տարի էր եւ կրկնակիօրէն աղիտաբեր տարի մը մանաւանդ Հայ ժողովուրդին գլխուն Միջին Արեւելքէն մինչեւ Արցախ։ Ահաւասիկ 2021-ի սկսանք աննախընթաց երեւոյթներու շարանով՝ քիչ մը ամէն տեղ։

Մէկ կողմէ ուրախանալով հպարտութիւնը ապրեցանք մեր Հայորդի Նուպար Աֆէեանին Քովիտ ժահրին պատուաստի գիւտով, որ կեանքեր փրկելու յոյսն ու հաւաստիքը բերաւ համայն աշխարհին, միւս կողմէ որքա՜՜ն ժահրային երեւոյթներ ու ելոյթներ կան հոս հոն մահացու ըլլալէ չեն դադրիր։

Երանի կարենայինք նորատեսակ պատուաստով մը մաքրել տալ մեր շուրջը տիրող ժահրային երեւոյթները, եւ կամ՝ բոլորին ալ պարտադրել՝ կարելի չափով Սրտի խորքէն ճչալ․․․ որպէսզի իրենց ներսիդին կուտակուած ժահրը շուրջինները վարակելով նորանոր մահերու պատճառ չդառնայ։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img