Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Գրիգոր Չիլինկիրեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Գրիգոր Չիլինկիրեան (1839, Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն — 2 Փետրուար 1923, Իզմիր, Թուրքիա), հայ հրապարակախօս, խմբագիր, թարգմանիչ, հասարակական եւ գրական գործիչ:

Ծնած է Իզմիր (Զմիւռնիա): Զաւակն էր դարբին արհեստաւորի մը՝ Եւդոկիացի Հաճի Յովակիմին։

Գրիգոր նախ կը յաճախէ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, սակայն հազիւ թէ քիչ մը հմտացած հայերէնի եւ տաճկերէնի, կիսաւարտ կը ձգէ վարժարանը՝ իր ծնողքին ստիպումով։ Այդ միջոցին, ժամացոյցի վաճառական Յովհաննէս աղա Սիմոնեան մտերիմը ըլլալով Ազգային վարժարանի տեսուչ Անդրէաս Փափազեանին, կը խնդրէ անկէ՝ գրագիր բանիբուն եւ գործունեայ պատանի մը։ Ուստի, այս կերպով հազիւ 13–14 տարեկան Գրիգոր Չիլինկիրեան,իր ինքնաշխատութեամբ կը ներկայանայ իբրեւ դիւցազուն։

Մէկ կողմէն՝ կատարելով իր պաշտօնը, միւս կողմէն՝ յառաջ կը տանի իր մտաւոր կրթութիւնը եւ վարժարանին մէջ կիսկատար ձգած ուսումը ո՛չ միայն ինքնակրթութեամբ կը կատարելագործէ, այլեւ յունարէն, իտալերէն, ֆրանսերէն լեզուներն ալ կը սորվի՝ շնորհիւ իր մտաւոր բացառիկ յիշողութեան եւ կարողութեան։ Իր այս պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ 1860 թուականը (եօթը տարուան շրջան մը)։

1861-ին կը ծանօթանայ Արմենակ Հայկունիին, որ Իզմիր եկած էր։ Կ՚որոշեն հրատարակել հանդէս մը եւ 1 Յուլիս 1861-ին լոյս կը տեսնէ «Ծաղիկ»ը։

Երբ խաւարեալներու ու լուսաւորեալներու պայքարը նաեւ արձագանգ կը գտնէ Իզմիրի մէջ, Չիլինկիրեանի եւ իրեն համախոհ քանի մը երիտասարդներու նոր գաղափարները հաճելի չեն թուիր իր գործատուին, որով Չիլինկիրեան կը ստիպուի հրաժարիլ անկաշկանդ կերպով մղելու համար գաղափարի պայքարը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img