Երեքշաբթի, 16 Ապրիլի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Հայաստանի Քաղաքացիներուն Մուտքը Դէպի Արցախ Ազատ Է. Փոփոխութիւնները Օտարերկրացիներուն Համար Են

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Վերջին օրերուն ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուող լուրը, թէ Արցախ այցելելն անվտանգ չէ, իրականութեան չի համապատասխանիր։ Մուտք գործելու կարգը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած է՝ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար։

«Կը ցանկամ ուղղակի անգամ մը եւս շեշտել, որ ատիկա թիւր տեղեկութիւն է։ Հաճեցէ՛ք հետեւիլ միայն պաշտօնական տեղեկատուութեան», — ըսավ Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան հիւպատոսական բաժնի պետի պաշտօնակատար Լուսինէ Ստեփանեանը։

Մուտք գործելու կարգն էապէս չէ փոխուած։ Փոփոխութիւնները կը վերաբերին օտարերկրեայ պետութիւններու քաղաքացիներուն եւ այն սփիւռքահայերուն, որոնք Հայաստանի քաղաքացի չեն։ Արցախ այցելելու համար անոնք նախապէս պէտք է դիմեն Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ մուտք գործելու թոյլտուութիւն ստանալու համար։ 

«Թոյլտուութիւնը, միանշանակ, ինչպէս նախկինին, այնպէս ալ այժմ, կու տայ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, այցագիրները կը տրամադրենք մենք՝ ներկայացուցչութիւնը Երեւանի մէջ: Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզապէս կը տեղեկացնէ ռուս խաղաղապահները՝ այցելել ցանկացող քաղաքացիներուն մասին», — ընդգծեց Լուսինէ Ստեփանեանը։

Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող սփիւռքահայերուն եւ օտարերկրացիներուն համար կը գործէ այցագրի կարգ։ Այցագիրները պիտի տրամադրուին 3-4 օրուան մէջ։ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն համար այցագրի կարգ չկայ, Արցախ այցելելու համար անոնց կը տրամադրուի գրանցման թերթիկ։ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար մուտքը ազատ է։ 

«Հայերն այսօր»

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img