Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

«Շուշի Մամ»

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՊԵԼԼԱ ԼԱԼԱՅԵԱՆ

Ես չէի գիտեր, որ աս կրնայ ըլլալ իմ տատիկի տան վերջին լուսանկարը…

Այդ օրը ես կը խորհէի, թէ հերթական լուսանկարն է, հերթական նոյն լուսանկարը, զոր միշտ կը քաշեմ նոյն տեղէն…

Նոյն պատը… նոյն պատուհանը, նոյն գոց դուռը…

Ամէն անգամ կը լուսանկարէի ու չէի յագենար լուսանկարելէ այդ պատերը… որոնց արանքին մէջ թողած եմ զրոյցներ, խորհուրդներ, պատմութիւններ… Ես չէի գիտեր, որ կը շտապեմ դէպի իմ մանկութեան պատուհանը եւ որ ամիսներ անց այլեւս պիտի չկարենամ վազել դէպի սա կիսաւեր տունը՝ յիշելու համար իմ տատիկը՝ Մոսկուայի բարձրաշխարհիկ կեանքէն վերջ, 1917 թուականի յեղափոխութեան պատճառաւ Շուշիի մէջ յայտնուած ազնուազարմ տիկինը. ան այդպէս ալ, մինչեւ իր կեանքի վերջը չկրցաւ հաշտուիլ ցարական միջավայրէն զրկուելու փաստին հետ…

-Պելոչկա, ազնուազարմ աղջիկը այդպէս բարձր չի խնդար…

Պելոչկա, ազնուազարմ աղջիկը իր զգացումները ցոյց պիտի չտայ…

Պելոչկա, ազնուազարմ աղջիկը միշտ կռնակէն ուղիղ պիտի քալէ ու նստի…

Պելոչկա, Պելոչկա, կարելի չէ, կարելի չէ, կարելի չէ…

-Օ՜ֆ, կը բաւէ: Քու ազնուականութեան ժամանակները անցած են,- կը գանգատէի ես: Բայց կ՚ընդունէի անոր բոլոր ըսածները, բացառութեամբ բարձրաձայն չծիծաղելու խրատէն…

Այդ օրը ես պարզապէս կը վազէի դէպի իմ մանկութիւն՝ փախչելու համար  ամէնքէն ու ամէն բանէ. աշխատանքէ, դիմատետրէն, քաղաքականութենէ, բամբասանքներէ, անիմաստ խօսակցութիւններէ, ծանրացած տաղտուկ միջավայրէն…

Կը փախչէի կիսաւեր տունի դիմացը՝ քարին նստելու ու իմ խնդիրներու մասին՝ միշտ կիսաձայն ու հանգիստ խօսող իմ տատիկին պատմելու… Ու «կարելի չէ»ները մտիկ ընելու…

Իմ յոյզերը խառնուեցան մեքենայի պատուհանի նեղ արանքէն թափանցող թաց հովի ու անձրեւի հետ, որ կարծես յամառօրէն կը սողոսկէին ներս, որպէսզի փարին իմ դէմքին. փաթթուին իմ վարսերուն ու խառ-նըւին  աչքերէս հոսող… անձրեւին՝  թեթեւացնելու դառնահամը…

Տունը, աւելի ճիշդ՝  տունէն մնացած կիսաւեր պատը քաղաքի սկիզբին է՝ հրապարակի, Շուշիի վարչակազմի շէնքի մօտ…

Շուշիի մէջ դադրած էր անձրեւը…

Ձգեմ, պտտիմ Շուշիի ոլոր-մոլոր փողոցներուն մէջ, խաղաղիմ, իմ միտքերը ի մի բերեմ, որպէսզի կարենամ զրուցել իմ տատիկի հետ…

Եւ փոխեցի իմ ընթացքը…

Սալապատ, կեռ, ոլոր-մոլոր, նեղ ու լայն փողոցներ…

Վեր, վար, աջ, ձախ…

Կանաչ ժամ, Ղազանչեցոց եկեղեցի, Օրիորդաց վարժարան, Թթենիներու այգի, Ամրոց, Փակ շուկայ, Ջըտըրտուզ… եւ… եւ…

-Պելոչկա, այս շիշերը պէտք է լուանք: Տունի մէջ աւելորդ տեղ կը զբաղեցնեն եւ տանինք յանձնենք…

Մէջքէն կռացած, անսահման կոկիկ ու մաքրասէր փոքրամարմին իմ տատը լուաց քսան շիշը: Դասաւորեց տոպրակի մը մէջ ու…

-Պելոչկա, սպասէ երթամ համպալը՝ բեռնակիրը կանչեմ: Թող գայ, շիշերը վերցնէ… որպէսզի երթանք շուկայ…

Թուրք համպալը եկաւ ուրախացած՝ գործ կայ…

Վերցուց տոպրակը ու տատիկս իմ ձեռքէն բռնած, համպալն ալ մեր առջեւէն կ՚երթայինք շուկայ…

Շիշերը դրաւ խանութի սեղանին: Խանութպանը հաշուեց ու երկու ռուբլի տուաւ իմ տատիկին…

-Ինչքա՞ն պիտի վճարեմ քեզի,- կը հարցնէ իմ տատիկը համպալին:

-Երկու ռուբլի,- կեղծաւոր ժպիտը դէմքին պատասխանեց ան:

Համպալը գոհ ճամբեցինք, մենք ալ սրտաբուխ խնդացինք՝ ես բարձրաձայն, իմ տատիկը՝ մեղմ ու հազիւ լսելի…

Ղազանչեցոց եկեղեցիի մէջ մարդ չկար… Մոմերը վառեցի… Բարձրեալէն ալ խնդրեցի…

Իսկ իմ տատիկի հետ այստեղ մոմ չէինք վառած… չեմ գիտեր՝ ինչու… Չեմ յիշեր… արգիլուած էր…

-Պելոչկա, հագուէ՛: Այսօր քեզ պիտի տանիմ հայոց չասծը… (քաղաքի հայկական թաղամասերը), եկեղեցին տեսնես…

Ամրան տապին դէպի հայոց չասծը տանող ճանապարհը, մանաւանդ, որ զառիվար էր՝ թուաց անտանելի երկար…

-Գիտես Պելոչկա, տարիներ առաջ հակառակորդը գիշերով յարձակած էր այս թաղամասին մէջ բնակող հայերու վրայ՝ սպաններ, տուները վառեր էր հայերուն, որպէսզի վախնան, թողնեն ու փախչին. Շուշին ալ իրենց մնայ:

Ես ի հարկէ, հարցեր չուղղեցի, որովհետեւ 11-12 տարեկանի համար անհասկնալի պատմութիւն մը մտիկ կ՚ընէի: Սակայն գլխաւոր հարցը մնաց իմ ուղեղի մէջ. տարիներ առաջ հայերը սպաննեցին, տուները վառեցին, բայց, ախր, երէկ մենք համպալին սիրով վճարեցինք, շնորհակալութիւն ըսինք…

Բայց, ախր, մեր դրացի թուրք խանումը իմ տատիկին սիրալիր բարի լոյս ու բարի գիշեր կ՚ըսէ… (Այդքանով կը սահմանափակուէր ամէնուն հետ հեռաւորութիւն պահող իմ տատիկի շփումները): Այս հարցերը այդպէս ալ մնացին, մինչեւ 1988 թուականը…

Եկեղեցիի բակի մէջ քանդուքարափ, խորտուբորտ էր գետինը…

-Պելոչկա, այդ քարը մի՛ կոխեր, այն քահանայի մը տապանաքարն է… Այստեղ թաղուած են եկեղեցականները…

Ես լուռ ու մունջ մտիկ կ՚ընէի՝ չհասկնալով շատ բաներ, սակայն երբեմն կը սարսափէի իմ ունկնդրած պատմութիւններու դաժանութենէն…

Ինչո՞ւ բակին մէջ, բանուկ տեղ մը մարդ թաղել… Այդպէս ալ մինչեւ հիմա չեմ գիտեր, թէ ովքերու տապանաքարերու մասին կը պատմէր իմ տատիկը…

Ինքնաշարժի ընթացքը զիս հասցուց Շուշիի վարչակազմի շէնքի հարեւանութեամբ գտնուող պուրակը…

Բերդաքաղաքի հարուստ պատմութեան շունչով թանձրացած թթուածին կայ այս պուրակին մէջ… Անոր լռութեան մէջ աւելի լաւ կը զգացուէր իմ մանկութեան Շուշիի փողոցներու աղմուկը… Քիչ մը այն կողմ իմ մանկութեան պատուհանն է…

Ինքնաշարժը հեռու ձգեցի ու ոտքով իջայ՝ սալայատակը քանդուած փողոցով…

Մեր տան պատուհանները փեղկեր ունէին… Արտաքին փեղկերը փայտէ էին՝ դռներու պէս, իսկ ներքինը՝ ապակիէ…

Նստայ յամառօրէն կանգուն մնացած իմ մանկութեան պատի ու պատուհանի դիմաց՝ փողոցի մէջ ինկած փոքրիկ քարին ու կը տեսնեմ իմ տատիկի գրադարանէն գողցած գիրքի հետ պատուհանի փեղկերու արանքին մէջ նստած Պելլան…

Իմ ու իմ տատիկի միակ վէճի պատճառը գիրքն էր…

Գրադարանէն բերած գիրքը կը ջանայի ծածուկ հասցնել իմ սենեակ, որպէսզի տատս չնկատէր…

-Պելոչկա, այդ ի՞նչ գիրք բերիր… տուր ես կարդամ, յետոյ դուն կը կարդաս…

-Վա՜յ, լաւ էլի Շուշի մամ (Շուշի բնակող մայր), գրադարանը գիրքը քանի մը օրով տուաւ: Պիտի չհասցնեմ կարդալ:

-Խօսք կու տամ, գիշերը պիտի կարդամ, վերջացնեմ… Ու գիշերը քանի անգամ կը բանայի աչքերս՝ լոյսը վառած, տեղաշորի մէջ նստած՝ գիրքը ձեռքին…

Եւ ամէն անգամ իմ խիղճը կը սղոցէր զիս… Ախր ես կրնայի խախտել գրադարանի տուած ժամկէտը…

-Շուշի մամ, հոգ չէ, քնացիր… գիրքը պիտի չտանիմ…

Փողոցի անցորդներու տարակուսած հայեացքները ստիպեցին ինծի վեր կանգնիլ փոքրիկ քարէն. սակայն, տունէն չէի կրնար հեռանալ…

Այսքան տարիներու ընթացքին, առաջին անգամ փորձեցի նայիլ գոց դրան արանքէն…

Գոնէ աչքի ծայրով տեսնել փայտէ սանդուխները, որոնք կը տանէին դէպի տուն, արդեօք, գոնէ պզտիկ մաս մը մնացա՞ծ է, թէ՞ ոչ…

Դրան վրայ ամրացուած թիթեղը այնքան ամուր էր, որ իմ բոլոր ջանքերը եղան ապարդիւն…

Իմ մանկութեան յուշերու պատառիկներու բակը չտեսայ…

Տունը ինծի չտուին՝ իմ երկրի իշխանութիւնները…

Իմ տատիկի տունը վերցնելու խնդրանքով բախեցի վարչակազմի դուռը..

Թուղթեր չկան… սակայն, չէ որ բոլոր շուշեցիները գիտեն, որ ռուսաց լեզուի ուսուցիչ Սիմոն Լալայեանինն է այդ տունը…

Թէ՝ տունը այլեւս ուրիշի սեփականութիւնն է…

Ախր, այդ կիսաւեր պատերը, որոնք ուրիշի համար լոկ շահաւէտ տարածք մըն է՝ իմ մանկութեան պատերն են…  որ իմ պատմութիւնը ինծի չտուաւ… որուն քովէն նայեցայ, լուսանկարեցի, նայեցայ, նայեցայ, լուսանկարեցի…

Իսկ այսօր… այսօր այլեւս նայիլն ու լուսանկարելն ալ դարձաւ անհնար…

Քանի ժամէ ի վեր՝ կորած էի բոլորէն… Պէտք էր վերադառնալ տուն…

Բոլոր յոյզերը խնամքով թաքցնել, հագնիլ անհոգ ժպիտը՝ մինչեւ յաջորդ փախուստը՝ բոլորէն ու ամէն բանէ…

Յետոյ…

Յետոյ, Շուշի մամ…

Կը յիշես, ինծի պատմեցիր, թէ ինչպէս հակառակորդը գիշերով յարձակեցաւ, սպաննեց բնակիչները, տուները վառեց, որպէսզի Շուշին խլեն հայերէն…

Շուշին խլեցին հայերէն, Շուշի մամ: Բայց հայը խլեց, չես հաւատար, Շուշի մամ, հրէշաւոր հայը՝ նոյն դաժանութեամբ սպաննած, քանդած ու մորթած է հայը, ու խլած Շուշին…

Այն Փակ շուկայի քովի մզկիթին մէջ նորէն նամազ կը հնչէ, Շուշի մամ…

Նորէն եկեղեցիի մէջ մոմ վառող չկայ…

Ու ես ա՛լ չեմ կրնար իմ յոյզերու փոթորիկը սանձած հասնիլ քեզի, նստիլ պատի տակ ու լուռ, անձայն երկար զրուցել… Շուշի, Շուշի մամ…


Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img