Երկուշաբթի, 2 Հունիսի, 2025
- Գովազդ -spot_img

??? X 44 Օր Պիտի Առաջնորդէ Մեզ Լոյսին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Այնպէս չէ որ գրելու փափաք չունիմ: Պարզապէս՝ երբ մտքիս մէջ գաղափար մը, մտածում մը իր յարաբերական ամբողջական տեսքը կը ստանայ, ահա յանկարծ Երեւանը նոր կացութեան կ’անցնի, ու ես ենթադրելով որ մտածածս ժամանցուեցաւ արդէն, կ’անցնիմ նոր դիտարկումով յառաջացող նոր մտածում գոյացնելու գործընթացին:

Բայց, միքանի գաղափարներ արդէն յստակ ձեւաւորուած կը տեսնեմ մէջս, որոնք հակառակ պատահած ու զարգացող իրադարձութիւններուն կը մնան չժամանցուած:

Ահա ատոնցմէ միքանին կը փափաքիմ կիսել ընթերցողիս հետ: Ջանացած եմ բառերս զսպել:

Creative chaos

Այս արտայայտութիւնը՝ ստեղծագործական քաոս, լսեցինք հոս՝ Պէյրութի մէջ եւ տեսանք որ կիրարկուեցաւ Միջին Արեւելքի շարք մը արաբական երկիրներու մէջ: Կարգ մը երկիրներու մէջ այս սենարիօն կասեցուեցաւ թերեւս այն պատճառով որ երկրին իշխանաւորներ եւ ժողովուրդը գիտակցելով խաղին նպատակներուն, արագօրէն կողմնորոշուեցան եւ համապատասխան քայլեր առնելով խնայեցին իրենց երկրին ու իրենց գլխուն հիւսուող փուշէ պսակը: Չէ, այն կարծիքին չեմ որ իրենց երկիրն ու ժողովուրդը զերծ մնացին փուշէ պսակէն, պարզապէս այդ փուշէ պսակին որակն ու յատկանիշերը, տանջանքի տեւողութիւնը եւ այլ մանրամասնութիւններ նուազ ծանրութեամբ իջան այդ երկրին ու ժողովուրդին գլխուն:

Երբ 2021 Յունուար 9-Փետրուար 2 շրջանին Երեւան կը գտնուէինք Ալինան ու ես, հոն անդրադարձայ որ ստեղծագործ քաոսը կը կիրարկուէր նաեւ Հայաստանի ու հայաբնակ հայութեան գլխուն: Դժբախտաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու ժողովուրդը անդրադառնալով հանդերձ սենարիոյի գոյութեան՝ չկրցան տակաւին զիրենք նուազագոյն վնասով այս փուշէ պսակին յարմարելու գործնական քայլեր կատարել:

Կամուրջ եւ գետի ջուրեր

Աւելի քան տարի մը առաջ էր որ Երեւանի ներքին քաղաքական կեանքը կծիկ մը եղած էր ու չէր լուծուեր: Կարծես թէ կողմերը կամուրջին վրայ կեցած կը վիճէին՝ կամուրջին տակէն անցնող ջուրէն անտեղեակ: Այնքան բուռն էր իրենց վէճը որ կը կարծէին որ իրենց շուրջ կը դառնար աշխարհը եւ աշխարհը կանգնած կը սպասէ որ իրենց վէճը աւարտի ու աշխարհի կեանքը իր կեցած տեղէն շարունակէ:

Բայց բոլորս ալ լաւապէս կը գիտակցինք որ կամուրջին տակէն ջուրերը շատո՜նց եւ շա՜տ ջուրեր անցան ու կ’անցնին եւ աշխարհը իրենց վէճի աւարտին չի սպասեր:

Կրնայ ըլլալ սակայն, որ յանկարծ գետին ջուրերը վերջանան ու կամուրջը փլուզուի եւ այն ատեն մեր վիճաբանողները անդրադառնա՞ն…:

Վէճին փուչութիւնը

Ինծի համար զարմանալի է այսօրուան վիճաբանողներուն անփութութիւնը: Անհաւատալի է վիճողներուն անհամոզիչ վճռակամութիւնը: Անբանական է թէ իրենք ինչպէս յառաջացուցած են իրենց դիրքերը՝ երբ այնքան քի՜չ բան կայ որ գիտեն սենարիոյին մասին եւ այնքան շա՜տ բան կայ որ չեն գիտեր սենարիոյին մասին: Ու դեռ, անըմբռնելի է իրենց հաւատքը թէ իրենք կը տիրապետեն սենարիոյին…: Առանց փակագիծի ըսեմ, որ ես չեմ գիտեր սենարիօն, բայց կը տեսնեմ սենարիոյին պատճառով յառաջացած ահաբեկող հետեւանքներուն մէկ մասը:

Հայաստանակեդրոն եւ սփիւռքակեդրոն հայութիւն

Ճիշտ է, զանազան տեսակէտեր յայտնուեցան որ Սփիւռքը հայաստանակեդրոն պէտք չէ ըլլայ, այլ ունենայ իր առանձին առանցքը, բայց տեսածս այն է որ ինքզինք հայ նկատող մարդոց մեծամասնութիւնը գլուխէն լախտի հարուած մը ստացածի պէս շշմած, շլմորած, շփոթած, թուլցած, չներշնչուող վիճակ մը ունի:

Յիրաւի, Երեւանի այս կացութիւնը անդամալուծած է Սփիւռքը եւս՝ կարեւոր չափով: Յամենայնդէպս, առնուազն հայկական մարմինին բոլոր անդամները չեն որ կը բանին, իսկ այն որ կը բանի՝ իր արդիւնաւէտութեան շատ փոքր տոկոսը ունի հիմա:

Ըսածս պարզապէս այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայաստանաբնակ հայութիւնը պէտք է խորապէս գիտակցին, որ իրենց ներկայ չբերութեամբ կ’անդամալուծեն նաեւ եռամիասնութեան Սփիւռքի հատուածը: Չեմ կրնար խօսիլ Արցախի Հանրապետութեան մասին (որովհետեւ հոն չեմ), բայց կը կարծեմ որ երեւանեան անկարութիւնը հոն ալ իր աւերը կը գործէ:

Ալեք Մանուկեա՞ն

«Թաւշեայ Յեղափոխութեան» մեղրալուսնային օրերէն ետք, տակաւ յստակ դարձաւ որ Երեւանի քաղաքական բեմը անելի մէջ է եւ կողմերը՝ նախկիններն ու նորերը իրենց ծրագրերը դիմացինին համոզելու/պարտադրելու անհրաժեշտ կարողութիւնը չունին:

Այդ պահուն էր որ մտածեցի թէ մէկը պէտք է միջամտէ: Մէկը, որ ՄԵԾ է, հեղինակաւոր է, եւ որուն խօսքը ունի այն կարողութիւնը որ կողմերը տանի հանգուցալուծման: Ու մտածեցի որ ՀԲԸՄիութեան նախագահ Ալեք Մանուկեանը կրնար այսպիսի առաքելութիւն մը գլուխ հանել: Բայց յետոյ յիշեցի որ ան ալ չէր կրցած երկու կաթողիկոսները լուծումի առաջնորդել:

Յամենայնդէպս եթէ այն ատեն երկու կաթողիկոսներու, երկու կաթողիկոսութիւններու խնդիր էր, հիմա պարագան աւելի ծանր է: Ծանրագոյն է: Գոյութենական է: Ուստի եւ պէտք է լուծումի երթալ՝ ջուրը ցամքելէն շատ առաջ, կամուրջը փլելէն շա՜տ առաջ:

Երրորդ ուժ

Չեմ հաւատար որ հայ իրականութեան մէջ չկայ երրորդ ուժը գոյացնող փունջը: Կայ եւ շատ կան եւ շատ լաւ կարողութիւններով մարդիկ ու խոհեմ խելօքներ: Կան փունջեր: Թերեւս, սակայն այդ երրորդ ուժի մարդիկ կը կարծեն որ դեռ ժամանակը չէ եկած բեմ իջնելու, եւ կամ ալ ուրիշ բաներ գիտեն, կամ ալ վստահ չեն:

Կը կարծեմ, սակայն որ անմիջապէս որ խորհրդարանական ընտրութիւններու ենթահողին վրայ անոնք իջնեն քաղաքական բեմ անոնց ետին պիտի գան կանգնելու մեծաթիւ հայեր, եւ Երեւանը, երկիրը, հայութիւնը դուրս պիտի գայ իր այս ջղագար ամլութենէն: Ես կը յենիմ երրորդ ուժին:

ՅԳ. Ասիկա կոչ մըն է երրորդ ուժի գոյառումին:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img