Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Ընտրութիւն

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

«Վաղ արթնացիր, սերմնացան-այս պատուէրը հնուց քեզ տրուած է

Բայց ունի՞ս աչքեր սրատես, որ մթնում հերկերը տեսնես:» Ե.Չ.

Կ՛ապրինք սա կեանքը արեւուն տակ իսկ կան հունտերը մութին ու հարցումներ կը ծագին: Ի հարկէ հոս մեր գործը սերմնացանի հետ չէ այլ՝ ընդհանուր է, հասարակութեան է, պետութեան է:

Հարցում մը ու պատասխաններու աստղահոյլ մը կը բացուի  մեր դէմ: Ապա կը սկսի երկրորդ բարդութիւնը՝ կարենալ ընտրելու՛ եւ ինչ որ կը գոհացնէ գէթ ա՛յդ վայրկեանին ու յոյսով՝ որ պիտի գոհացնէ նաեւ գալիք օրերու մէջ, երբ ուրախութիւնը կախեալ է իրողութենէ մը՝ որուն կը սպասէիր. Ուրախութեան առաջին քայլը երբ ա՛յլ ուրախութեան եթէ կ՛առաջնորդէ կը  մնայ վիրաւոր ու մանաւանդ՝ կրնայ  վերածուիլ  տառապանքի ու անցեալը նզովելու առիթ կը դառնայ սակայն օգուտը ի՞նչ է. Ինչ որ եղած է անյեղլի է քանի որ ժամանակի անիւը ետդարձ չունի: Հետաքրքրական եւ օգտաշատ օրինակ մը տանք Պուտտիստական վարդապետութենէ:

Թիպեթցիները, որոնցմէ հաճոյախօսութիւնը առատ  է, կը նկարագրէ կարեւորութիւնը ոգելից ըմպելիներէ հեռու մնալ հետեւեալ զուարճալի  անեքթոտով:

Պուտտիստական Դաւանանքի անդամներէն մին, Հրէշի մը կողմէ կը պարտադրուի գործադրել  Պատուիրանի հակառակ գործարք մը, հետեւեալ երեք արգիլուածներէն  մին կատարելու ի՛ր ընտրութեամբ.- այծ մը սպաննել. Սեռային յարաբերութիւն ունենալ կնոջ մը հետ. Եւ կամ՝ ոգելից ըմպելի ընդունիլ: Խոր մտածումներու  յանձնուելէ ետք Պուտտիստը կ՛եզրակացնէ թէ վստահաբար այս երեքէն նուազագոյն մեղքը արգիլուած ըմպելին է, ու կը կատարէ: Գլուխը կը լեցուի, կ՛ամպոտի ու բնականաբար կիրքը կը բորբոքի ու կը կենակցի կնոջ հետ. Ապա, հաճոյալի թուալու համար իր տարփուհիին, կը մորթէ այծը: Ընթրիք:

Այսպիսով  սխալէ մը յառաջացան այլեր ու Հրէշի նպատակը իրագործուեցաւ Պուտտիստը առաջնորդելով երեք մեղքերու:

Ունի՞ս աչքեր:  Օր ցերեկով  լոյսի հագուստով խաբուսիկ խաւարները տեսնելու, կարենալ զատորոշելով  իրարմէ սպիտակն ու սեւը: Եղի՛ր Թագաւոր: Քանզի դժուար է ուղին երբ անյայտ է թշնամին, գիշերուան մէջ մթաստուեր կամ ցերեկով լուսաշող:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img