Երէկ Հըզպալլա զգուշացուց, որ Լիբանան կ՛առաջնորդուի դէպի ընկերային մեծ պայթում եթէ շուտով կառավարութիւն չկազմուի:
Ըստ Հըզպալլա, վերջին օրերու բողոքի շարժումները կրնան որպէս ահազանգ ծառայել:
Այս զգուշացումը եղաւ Հըզպալլայի երեսփոխան Հասան Իզզիտտինի բերնով, որ կոչ ուղղեց Նախագահ Միշէլ Աունին եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որ սառեցնեն իրենց տարակարծութիւնները եւ կառավարութիւն կազմեն ամէն գնով:
Սոյն զգուշացումը հնչեց մինչ տոլարի սակը շաբաթավերջին հասաւ 11000 լիբանանեան ոսկիի: