Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Տ.Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1869-1954) Հայ Եկեղեցին Փրկող Հայրապետը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

«1945 ապրիլ 19-ին Քրեմլինի մէջ ներկայացայ Սովետ Միութեան Մարաջախտ Ստալինին ու ներկայացուցի 11 յօդուածներէ բաղկացած իմ խնդրագիրը ծանօթ որպէս ՛Ի Խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ Վերածնունդին՛, արտօնութիւն ստանալու Հայ Եկեղեցւոյ անմիջական կարիքները հոգալու։ Խնդրագիրս իր սորագրութեամբ վաւերացուց մեծագոյն մասամբ արտօնութիւններ տալով»

ԳԷՈՐԳ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉՈՐԵՔՃԵԱՆ

                                                     Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Քաղաքական Վիճակը

            Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի տարիներուն Խորհրդային Միութիւնը մասնակից կը դառնար պատերազմին, եւ անոր ենթակայ հանրապետութիւնները, ներառեալ Հայաստան, անորոշ արհաւիրքի կը մատնուէին, հատուցանելով բազմահա- զար զօրքեր միանալու Կարմիր Բանակին։ Տեղակալ Գէորգ Արքեպիսկոպոս պատնեշին վրայ մնաց, ու իր անվեհեր դիւանագիտութեամբ կարողացաւ Մայր Աթոռի գոյութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Հայրապետութեան հեղինակութիւնը պահել յաչս Խոր- հրդային Միութեան եւ արտասահմանի հայութեան։ Գէորգ Արքեպիսկոպոսի պայծառ դէմքը եւ պատուաբեր անունը, հակառակ իր 73 տարիքին, վճիտ գետակի նման ոռոգեց հայ եկեղեցոյ անդաստանը մինչեւ 20-րդ դարու երկրորդ կէսը, Հայ Եկեղեցւոյ ճգնաժամային պահպանումին եւ բարգաւաճման ի խնդիր։ Հայրապետը ապրեցաւ ու գործեց տասնամեակ մը եւ աւելի որպէս Տ.Տ. Գէորգ Զ.Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց (1945-1954)։

            Պատերազմի դառն օրերուն մեծ դիւանագիտութեամբ Տեղակալ Արքեպիսկոպոսը աննախընթաց նուիրաբերութեան մը ձեռնարկեց արտասահմանի հայ եկեղեցիներու հանգանակութեամբ 22 հրասայլեր կառուցանելով եւ նուիրելով Կարմիր Բանակին որպէս «կաշառք» բռնակալ Ստալինին, իրմէ կարենալ ստանալու ինչ որ անհրաժեշտ էր Հայ Եկեղեցւոյ վերականգնումին համար։ Արդարեւ իր ծրագիրը լի ու լի յաջողութեամբ պսակուեցաւ երբ անձամբ ներկայացաւ Ստալինին Մոսկուայի Քրեմլինի պալատին մէջ 1945 թուի ապրիլի 19-ին։ Հերոսական գործ արդարեւ ի պաշտպանութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին։

Ազգընտիր Տեղակալ Մայր Աթոռոյ

            Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքճեան եղաւ իր ժամանակին ճիշդ անձը որ փրկեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը իսկական անկումէ։ Իր նախորդին՝նահատակ Տ.Տ. Խորէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի 1938-ի ոճրապարտ վախճանումէն ետք, Չորեքճեան Արք-եպիսկոպոս եօթ տարիներ Մայր Աթոռոյ Տեղակալութիւնը վարեց (1938-1945) մեծ ձեռն- հասութեամբ հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին եւ քաղաքական անթոյլատրելի պայմաններուն, երբ անկարելի էր կատարելու Կաթողիկոսական Ընտրութիւնը։ Թէեւ 1941 Ապրիլ 10-ին Ազգային-եկեղեցական Ժողով գումարելու իր ճիգը արդիւնաւոր եղաւ, սակայն Ժողովը չկարողացաւ կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարել, ու զայն յետաձգեց ժողովական պատգամաւորներու եւ եպիսկոպոսներու անբաւարար ներկայու- թեան հետեւանքով։ Նոյն Ժողովը բաւականացաւ Ազգընտիր Տեղակալ ընտրել Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքճեանը։

            Միջադէպ մը կը կարդայի օրուան լրագրութեանց մէջ ուր Տեղակալ Սրբազանը եւս հալածուելով չէր կրնար մնալ Մայր Աթոռէն ներս, նախորդ Հայրապետի դէմ կատարուած ոճիրէն անմիջապէս ետք։ Վրաստանի թեմին Առաջնորդն էր Գէորգ Արքեպիսկոպոս եւ սակայն զինք եւս կը փնտռէին բանտ առաջնորդելու համար։ Գիշերով Տեղապահ Սրբազանը բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի Երեւանի տան դուռը կը բախէր որպէս ապաստան։ Իսահակեան զարմացած իսկոյն ներս կ՛առնէր Տեղապահ արքեպիսկոպոսը եւ ներքնայարկ կ՛առաջնորդէր զինք, գիշերը անցընելու որպէս իր եւ Տիկին Իսահակեանի հիւրը մինչեւ իր ապահով վերադարձը Էջմիածին։ Միջադէպը կը պատահէր 1941-ի Ազգային-եկեղեցական Ժողովէն երկու տարի առաջ։

Մարաջախտ Ստալինի Մօտ

            1945 թուի ապրիլի 19-ին, ի ներկայութեան կրօնից նախարարութենէն Իվան Պոլեանսկիի եւ Հրաչեայ Գրիգորեանի, Ամենայն Հայոց Կաթղիկոսութեան Տեղակալ Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքճեան անկարելի նկատուած հանդիպումը իրագործեց Քրեմլինի մէջ Մարաջախտ Ստալինի հետ որուն ներկայացուց 11 յօդուածներէ բաղ- կացեալ խնդրագիր մը արտօնութիւն խնդրելով բարեկարգելու Հայ Եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին խնդիրները։ Անոնցմէ կարեւորագոյնն էր Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի գումարումը ընտրելու համար յաջորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Նաեւ վերաբանալու երեսնամեակ մը առաջ փակուած Հոգեւոր Ճեմարանը, Ս. Գայանէի, Ս. Հռփսիմեանց ու Շողակաթի եկեղեցիները, վերահրատարակելու «Էջմիածին» ամսագիրը, ու վերջապէս կատարելու Միւռոնօրհնէք եւ ձեռնադրութիւններ։ Խնդրանքները գրեթէ տրուեցան,    բացի Էջմիածնի շուրջ հողատնտեսութեան համար ժողովուրդին յանձնուած կալուածները որոնցմով գիւղացիք իրենց ապրուստը կը հոգային ու Ստալին երաշխաւորած էր անոնց այդ իրաւունքը։

129-րդ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

            Երբ 1921-ին Հայաստանի քաղաքական կարգն ու սարքը հիմնովին փոխուեցան, Գէորգ Չորեքճեան արդէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր եւ կարգուած անդամ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին եւ Առաջնորդ Վրահայոց թեմին։ Նոյն պաշտօնները վարեց նաեւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի տարիներուն։ Դժուար եղան Տեղակալութեան եօթը տարիները մինչեւ 76 յառաջացեալ տարիքին երբ բազմեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Գահին որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

            1944 թուականէն սկսեալ Մայր Աթոռի նկատմամբ Հայաստանի պետական իշխանութիւնները աւելի թոյլատու գտնուեցան, նախ յարգելով ծերունի եւ իմաստուն Տեղակալի տարիներու վաստակը, եւ ապա ընթացք տալով իր շարք մը խնդիրներու իրագործման։ Անոնք անշուշտ նկատի ունէին Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի հայրենասիրական խոշոր ներդրումը Խորհրդային Միութեան օժանդակելու խնդրին մէջ, երբ ինք ամէն ճիգ ի գործ դրաւ արտասահմանի օժանդակութեամբ վերեւ յիշուած «Սասունցի Դաւիթ»ի անունով 22 հրասայլեր կառուցանելու եւ նուիրելու Խորհրդային ճակատին։

Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի Օծումը

                Նորընտիր Հայրապետը Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ձեռնա-դրութիւն եւ օծում ստացաւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ 1945-ի Յունիսի 24-ին նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսինիր վաղեմի ճեմարանաւարտ հարազատին, որ Անթիլիասէն յատուկ պատուիրակութեամբ Մայր Աթոռ ժամանած էր։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին Մայր Աթոռ պաշօնական այցելութիւնը։

            Ընտրեալ Հայրապետը ինք մատոյց սուրբ պատարագը՝ շրջապատուած Գարեգին Ա. Կաթողիկոսէն եւ  արտասահմանեան եպիսկոպոսներէն։ Մայր Աթոռոյ մէջ չկար ոչ իսկ մէկ եպիսկոպոս այդ դժնդակ տասնամեակին։ Մինչ Գարեգին Հայրապետ Սրբալոյս Միւռոնը հեղուց Ընտրեալ Հայրապետի գագաթին, եօթը եպիսկոպոսները տարածեցին զայն յատուկ օրհներգութեամբ։ Օծումէն ետք Գարեգին Կաթողիկոս շղարշով ծածկեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օծեալ գլուխը յանձնելով իրեն «Լուսաւորչի Գաւազան»ը։ Օծման մասնակից էին Արտաւազդ Սիւրմէեան, Եփրեմ Տոհմունի, Գէորգ Արսլանեան, Կարապետ Մազլըմեան, Գարեգին Խաչատուրեան, Մամբրէ Սիրունեան, եւ Մամբրէ Գալֆայեան արքեպիսկոպոսները։

            Հարկ է այստեղ նշել որ Հայ Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական Աթոռներուն ենթակայ բոլոր եպիսկոպոսներու ընդհանուր թիւը աշխարհով մէկ միայն 14 էր, նուազագոյնը Հայ Եկեղեցւոյ անցեալի պատմութեան մէջ, ոմանք գործօն եւ ուրիշներ հանգստեան կոչուած՝ ինչպէս Կ. Պոլսոյ Զաւէն Տ. Եղիայեան նախկին Պատրիարքը։ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան մէջ կար միակ եպիսկոպոս մը՝ Գէորգ Արսլանեան, իսկ Երուսաղէմի պատրիարքութեան մէջ Մեսրոպ Նշանեան Պատրիարք վախճանած ըլլալով, չկար ոչ մէկ եպիսկոպոս։ Կիլիկեան Աթոռի Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի կողքին կային երեք եպիսկոպոսներ՝ Խադ Աջապահեան, Արտաւազդ Սիւրմէեան եւ Եփրեմ Տոհմունի։

Տասը Նոր Եպիսկոպոսներ

            Շաբաթ մը ետք նորընտիր Տ.Տ. Գէորգ Զ. Հայրապետը տաս եպիսկոպոսներ միանուագ ձեռնադրեց՝ գլխաւորութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Կիւրեղ Ծ. Վարդապետ Իսրայէլեանի, որուն շնորհեց նաեւ արքութեան պատիւ։ Հինգը անոնցմէ արտասահմանի թեմերէն կուգային եւ միւս հինգը՝ Մայր Աթոռի միաբաններ։ Արտասահմանէն՝ Կիւրեղ Պատրիարք Իսրայէլեան, Վարդան Գասպարեան, Տիրան Ներսոյեան, Սիոն Մանուկեան, եւ Գրիգոր Կարապետեան եպիսկոպոսները, իսկ Մայր Աթոռէն՝ Վահան Կոստանեան, Ռուբէն Դրամբեան, Ներսէս Աբրահամեան, Սուրէն  Թորոսեան եւ Կարապետ Թումայեան եպիսկոպոսները։ Վեց տարի ետք Գէորգ Զ. 1951 թուին ձեռնադրեց հինգ եպիսկոպոսներ եւս՝ Վազգէն Պալճեան, որ յաջորդեց Լուսաւորչի Գահին վրայ որպէս Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան Երուսաղէմի, Նորայր Պողարեան, Սուրէն Քէմհաճեան եւ Սահակ Տ Յովհան- նէսեան եպիսկոպոսները։

Առաջին Իրագործումներ

            Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջին տարիներուն տեղի ունեցան ուշագրաւ դէպքեր որոնք արագօրէն բուժեցին գոնէ մասամբ մօտաւոր անցեալի դառն վերքերը ու ճամբայ հարթեցին Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան քիչ թէ շատ բնականոն գործընթացին՝ Ստալինեան բռնութեան ներքեւ։ Հայ հաւատացեալներ սկսան բանալ տալ իրենց եկեղեցիներու փակ դռները՝ քահանայական ընծայացուներու ձեռնադրութիւններ խնդրելով Հայրապետէն։ Նորընտիր Կաթողիկոսի զեկոյցին համա- ձայն 1945-ին արդէն 11 նոր միաբաններ աւելցած էին, վեցը ճեմարանաւարտ, երկուքը համալսարանաւարտ, ուրիշ մը Լիմ անապատի միաբանութենէն։ Առաջին անգամն ըլլալով երկար տարիներ յետոյ Տ.Տ. Գէորգ Զ Հայրապետ, տակաւին Տեղակալ, սկսաւ հոգեւորականներ ձեռնադրել եւ հովուական նշանակումներ կատարել։

            1951 թուին Գէորգ Զ. Կաթողիկոս աւելի սանձարձակ գործունէութիւն ցոյց տուաւ Հայաստանի կրօնական գործերու նախագահ Հրաչեայ Գրիգորեանի անուղղակի թոյլտւութեամբ։ Վերջինս երբ իր գործերուն տեղեկագիրը ներկայացուց Մոսկուայի նոյն կրօնական խորհուրդի նախագահ Իվան Պոլեանսկիի, «Պոլեանսկի դժգոհ մնաց հաշուե- տւութիւնից», նշելով որ Հայաստանի մէջ կրօնական գետնի վրայ յառաջդիմութիւն արձանագրուած էր հաւատացեալներու համար կատարուած ծիսակատարութեանց զգալի յաւելումներով։ Յուսալքիչ թուացող արձագանգը սակայն որեւէ ձեւով չկասեցուց Հայրապետին գործընթացը։ Ընդհակառակը, Հայրապետը որոշեց 1951 թուին վերոյիշեալ հինգ եպսկոպոսներ եւս ձեռնադրել։

Ստալինի Մահէն Ետք

            Խորհրդային Միութեան Նախագահ Ստալին մեռաւ 1953 Մարտ 5-ին եւ Հայ Եկեղեցին սկսաւ քիչ մը շունչ առնել, երբ Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր կեանքի վերջին երկու տարիները կը բոլորէր։ Հայրապետը վախճանեցաւ 1954 Մայիսին։ Մինչ այդ Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը գործէին 18 հայ առաքելական եկեղեցիներ գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Անոնցմէ՝ Երեւանի Ս. Սարգիս, Ս. Զօրավար,    Ս. Յովհաննէս, եւ Լենինականի Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։ Ստալինի մահէն երկու շաբաթ ետք, 1953 Մարտ 21-ին Գէորգ Զ. Կաթողիկոս «Հայաստանեայց Եկեղեցու Մասին» իր Կոնդակով լայն շունչ մը կ՛առնէր ու Հայ Եկեղեցին «Փրկութեան Տապան» կ՛որակէր «որուն հետ ոչ ոք ցարդ չի համարձակի մտածել խզելու այն կապը որ ազգը հաստատած է եկեղեցու հետ»։

            Հոգեւոր Ճեմարանի ուսանողներու թիւը եւս բարձրացած էր 34-ի, որոնցմէ 11-ը սարկաւագ ձեռնադրուած էին։ Գէորգ Վեհափառ Հայրապետի կողքին միաբանութիւնը ունէր վեց եպիսկոպոսներ, վեց վարդապետներ, եւ որոշ թիւով քահանաներ։ Իշխանու- թիւնները վերադարձուցած էին Գեղարդի եւ Խոր Վիրապի վանքերը, մեծագոյն մասամբ թողլքեալ վիճակի մատնուած, որոնց մասին այստեղ այցելու հոգեւորականին ականատեսի վկայութիւնը կը մէջբերեմ ։

Դերենիկ Եպիսկոպոսի Վկայութիւնները

            Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեան արտասահմանեան առաջին հոգեւորականը եղաւ որ դժուարին այդ օրերուն կրցաւ Հայաստանի հեռաւոր ու անմերձենալի վանքերը այցելել, Հաղբատ, Սանահին, Տաթեւ, Նորավանք, Գլաձոր, Խոր Վիրապ եւ Գօշավանք, ու վերադարձին գրել իր ականատեսի յուշերը։ Իր որպէս ժամանակակից Հայրապետին եւ մեր նորահաս սերունդին տուած երախտիքը եղան հետեւեալ տողերը։ «85-ամեայ այդ պատկառելի, իմաստուն եւ ազնուական առաքինութիւններով օժտուած Հայրապետը Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եղաւ դիտապետը իր եռանդուն, ժրաջան, տոկուն եւ յարատեւ աշխատանքով»։

            Իր երեք անգամ Հայաստան կատարած յաջորդական այցելութեանց առիթով 1945, 1953, եւ 1955 թուականներուն, քանիցս տեսակցած է Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողի-կոսին հետ։  Յատկապէս իր երկրորդ այցելութեան, Հայրապետի յատուկ առաջարկով, Դերենիկ Սրբազան աւելի երկար մնացած է Մայր Աթոռ աստուածաբանական նիւթեր դասաւանդելու համար Գէորգեան Ճեմարանի սաներուն, այցելուի իր վկայութիւնները «Յերկիր Հայրենի» անուն իր հատորին մէջ հրատարակելով։

            Գէորգ Զ. Հայրապետի արտօնութեամբ Դերենիկ Եպիսկոպոս Վայոց Ձոր կ՛այցելէր Գլաձորի համալսարանը տեսնելու, եւ սակայն հիասթափ կ՛ըլլար։ Այլապէս, 1953-ի նոյն այցելութեան ատեն թէեւ կը հանդիպէր նաեւ «հրաշալի» աւաններու որոնք ծաղկած էին Խորհրդային իշխանութեան օրով։ Ի տես հայ եկեղեցիներու թողլքեալվիճակին, ուխտաւոր եպիսկոպոսը ներքին մղումով մը իրեն ընկերացող կրօնական գործերու խորհուրդի նախագահ Հրաչեայ Գրիգորեանին կը յայտնէր իր ցասումը, խօսքը ուղղելով նաեւ իր շուրջիններուն, թէ «այդ բոլորը չէին կրնար զինք ազատել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ապագայի մասին իր զգացած մտահոգութիւններէն»։         

            Դերենիկ Սրբազանի գերագոյն իղձը Սիւնեաց Տաթեւի վանքը այցելելն էր իր ուխտը կատարելագործելու համար ուր «փլատակ համալիրը կը տեսնէր», կիսովին փլած  1931-ի երկրաշարժէն։ Կանգուն կը տեսնէր «Գաւազան Սիւնը», որուն առջեւ վարդապետ-ներ իրենց աստիճանները կը ստանային։ Այդ մասին մեզի կը խօսէր Դերենիկ Սրբազան։ Այսօր, ինչպէս բազում այլ վանքեր, Տաթեւի վանքը եւս իր անցեալի փառքին տիրացաւ «մեծապայծառ իր փայլքով», ինչպէս գրեցին վերջին շրջանին։ Ուխտաւոր եպիսկոպոսը կ՛այցելէր նաեւ Սանահինի վանքի Ամենափրկիչ եկեղեցին՝ կառուցուած Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւորին կնոջ Խոսրովանուշի ձեռքով 957 թուականին։ Իսկ Հաղբատ հասնելով «մրրկայոյզ զգացումներովե զայն կ՛որակէր «Հայադաւանութեան ճշմարիտ հաւատքի ջատագով ու պահապան վանքը»։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img