Ծնած է 1870 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի Պարտիզակ (այժմ Պահչեճիկ) հայաբնակ աւանի մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, ապա դարձած նոյն միաբանութեան անդամ։ Մօտ 40 տարի աշխատած է Մխիթարեաններու Միլանի, Կոստանդնուպոլսոյ, Վենետիկի եւ այլ քաղաքներու վարժարաններու մէջ՝ որպէս ուսուցիչ եւ տեսուչ։
Վարդան Հացունի, կամ Հ. Վարդան Վ. Հացունի (Վարդան Սոմունճեան, 10 Յուլիս 1870, Պարտիզակ, Թուրքիա — 8 Յուլիս 1944), հայ բանասէր, ազգագրագէտ։
Հիմնական Աշխատութիւնները կը վերաբերին հայ ժողովուրդի հին կենցաղին ու սովորոյթներուն։
Լուսաբանած է Հին Հայաստանի երդման առիթները, վայրերը, եղանակները եւ այլն, հետազօտած ուտեստեղէնը, վերլուծած Հայաստանի տարբեր դասերու օգտագործած ճաշատեսակները (անոնց կարգին նաեւ հոգեւոր ճաշատեսակները)։
Քննութեան առած է տարբեր եղած հայկական դրօշները (քաղաքացիական եւ եկեղեցական), ճշդած Արշակունեաց, Բագրատունեաց, Ռուբինեաններու, տարբեր իշխանական տուներու, զինուորական դրօշներու ձեւերը, գոյները, նշանները եւ այլն։
Ուսումնասիրած է Հին Հայաստանի կրթութեան, դաստիարակութեան զարգացումը։
Հանգամանօրէն ուսումնասիրած եւ վերլուծած է աշխարհիկ եւ եկեղեցական հանդերձներու զարգացումը, որ բաժնուած է 11 շրջանի՝ Ուրարտուէն մինչեւ 17-րդ դար։
Պատմութեան մէջ անդրադարձած է հայ կնոջ խաղացած դերին, լուսաբանած անոր գործունէութիւնը տարբեր ոլորտներով։