——————————————
Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութաեմբ Թեմիս Քահանայ Հայրերուն, Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, որու աւարտին, տեղի պիտի ունենայ նաեւ նորոգեալ Եկեղեցւոյ Օրհնութեան Կարգ:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ