Երկուշաբթի, 10 Փետրվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Դարձեա՞լ Ազգային Օր . . .

Ազգային օրերը անհամար են ամերիկայի մէջ։ Կարգ մը ազգային օրեր կառավարութեան կողմէ չեն հռչակուած, այլ առեւտրական հաստատութիւններու կողմէ։ Ինչո՞ւ, որպէսզի ազգային օր հռչակուած արտադրութիւնը աչքի զարնէ եւ անոր առուծախը զարգանայ՝ շուկայի վրայ։ Դրամատիրական երկիր մը միշտ դրամ շահելու հետամուտ կ՛ըլլայ, նորութիւն մը չէ սա։

Ահաւասիկ շուկայական այդ ազգային օրերէն մին է Յուլիս 8-ը, որ կը կոչուի հապալասի (blueberry) ազգային օր։ «Շինծու» այդ ազգային օրուան առիթով, ABC հեռուստատեսիլի Նիւ Եորքի կայանը հրաւիրած էր Ճորճ Տուրանը, որ հապալաս պարունակող նրբաբլիթով (pancake) բուրգ մը կազմէ։

Տուրան կ՛ուզէր իր այդ բուրգով (տես նկարը) նոր մրցանիշ մը հաստատել եւ այդպէսով մուտք գործել Guinness Book of Records-ի մէջ։ Հոս պէտք է նշեմ որ այդ բուրգի վերջին մրցանիշը եղած է 3 feet and 4 inches, այսինքն 101.6 սանթիմիթըր։ Սա ալ ըսեմ որ նկարին մէջ Ճորճ չերեւիր, քանի բուրգին ետեւը մնացած է։

Իսկ ո՞վ է Ճորճ Տուրանը։ Ան Վենեզուելլա ծնած եւ Միացեալ նահանգներու քաղաքացի դարձած խոհարար եւ գիրքերու հեղինակ մըն է, որ ժամանակ առ ժամանակ կը հրաւիրուի հեռուստատեսիլի կայաններու կողմէ՝ որպէս հիւր հաղորդաշար եւ զուարճացնող (entertainer)։

Միշտ նկատի պէտք է առնենք որ հեռուստատեսիլի կայաններ օրական երեքէն չորս ժամ լուր կը հաղորդեն։ Ուրեմն, իրենց նիւթ պէտք է որ այդ ժամերը ամբողջացնեն եւ եթէ կարեւոր լուր չկայ որ հաղորդեն, շինծու լուրեր կ՛ստեղծեն։

Ահաւասիկ վերոյիշեալ լուրը՝ «Հապալասի Ազգային Օր», այդ շինծու լուրերէն մին է։ Դժբախտաբար սա իրականութիւն մըն է ամերիկայի մէջ՝ որուն հետ պէտք է հաշտուինք, կամայ-ակամայ ու վերջ . . .

Պսակաձեւ Ժահրի անախորժ Հետեւանքները . . .

Ամերիկայի կառավարութեան պետական թէ գիտական հաստատութիւններու պաշտօնակատարներ առօրեայ իրենց խրատներով կը ջանան համոզել երկրի քաղաքացիները, որ պատուաստուին վերոյիշեալ ժահրի դէմ։ Սակայն կան մարդիկ որոնք զանազան պատճառներով տակաւին կը դժկամին ենթարկուիլ այդ աղաչանքներուն։

Ոմանք կ՛առարկեն թէ այդ պատուաստը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թոյն՝ որ կը սրսկուի իրենց մարմիններուն մէջ։ Ուրիշներ կը խորհին թէ եթէ զգոյշ ըլլան, չեն վարակուիր . . . Տակաւին կան ուրիշներ որոնք կրօնական համոզումներու հետեւելով, չեն ուզէր սրսկուիլ։

Ուրեմն ամերիկայի տարածքին ցարդ պատուաստուողներու թիւը միայն բնակչութեան 48 տոկոսն է, իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ այդ տոկոսն է 51.73։ Քալիֆորնիոյ ծովեզերեայ քաղաքներէն Լոնկ Պիչը տարօրինակ առաջարկով մը կ՛ուզէ իր քաղաքացիները հրաւիրել որպէսզի պատուաստուին անոնք։ Իսկ ի՞նչ է այդ առաջարկը, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Վերոյիշեալ քաղաքի պատասխանատու պաշտօնակատարներ պատրաստ են իւրաքանչիւր պատուաստուող անձի տալ գլանիկ մը որ կը պարունակէ մոլախոտ (տես նկարը), այսինքն՝ weed։ Իսկ պարզ բառերով այս կը նշանակէ marijuana, որ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ մեր գիտցած թմրեցուցիչ խոտը։ Այս արտասովոր հիւրասիրութեան միակ պայմանը ան է որ անձը ըլլայ 21 տարեկանէն վեր։

Կրնա՞ք երեւակայել որ պետական մարմինները յուսահատութեան այն աստիճանի հասած են որ ստիպուած են թմրեցուցիչ հայթայթել, որպէսզի մարդիկ պատուաստուին պսակաձեւ ժահրի համաճարակի արգիլման համար . . . Անոնք արդեն պատրաստած են 4000 գլանիկ, ի պահանջել հարկին տալու անոնց՝ որոնք կը դիմեն պատուաստուելու։

Է՜հ, ի՞նչ օրերու հասանք մեր երբեմնի երազային ամերիկայի մէջ։ Հիմա պիտի ըսէք որ թող անոնք չպատուաստուին եւ վերջ, սակայն անոնց չպատուաստուելով՝ մնացեալ ժողովուրդը վտանգի կ՛ենթարկեն եւ անոնց ազատութիւնը կը կաշկանդեն, չէ՞ք խորհիր!

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img