Լիբանանեան բանակը ձերբակալեց երկու անձեր, որոնք կ՛ամբաստանուին շիա յուղարկաւորներու վրայ յարձակումով: Յարձակումին, որպէս արդիւնք ինկած են երեք զոհեր:
Հըզպալլա, որուն անդամներէն մէկն էր յուղարկաւորուողը խստիւ դատապարտեց պատահածը եւ բանակէն պահանջեց անմիջապէս ձերբակալել յանցաւորները:
Նշենք, որ պատահածը լուրջ խնդիր է եւ կ՛ազդարարէ համայնքային լարուածութիւն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենաք, որ յարձակող կողմը սիւննի համայնքին կը պատկանի եւ վրէժ կը լուծէր տարի մը առաջ Խալտէի մէջ գործուած ոճիրի մը: