Ինչպէս ծանօթ է, 20 Յունիս 2021 թուականին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Դպրեվանքի աւարտական հինգ սարկաւագներու աբեղայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը։ Անոնք վերակոչուեցան Տ. Եզեկիէլ, Տ. Եսայի, Տ. Եզրաս, Տ. Եղիա եւ Տ. Երեմիա աբեղաներ։
Մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, նորընծայ աբեղաները քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջան մը անցուցին աղօթելով, խորհրդածելով, ընթերցելով եւ իրենց յառաջիկայ առաքելութեան համար պատրաստուելով։ Իսկ երէկ՝ Կիրակի, 1 Օգոստոսին, անոնք մատուցանեցին իրենց անդրանիկ պատարագը Լիբանանի թեմի եկեղեցիներէն ներս։
Արդարեւ, այսօր՝ Երկուշաբթի, 2 Օգոստոս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց զիրենք՝ իր հայրական յորդորները եւ օրհնութիւնը փոխանցելով անոնց։ Նորին Սրբութեան տնօրինումով անոնք հետեւեալ վանական պատասխանատուութիւնները ստանձնեցին.- հայր Եզեկիէլ՝ մատենադարանապետի օգնական, հայր Եսայի՝ գաւազանակիր եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի օգնական, հայր Եզրաս՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի օգնական, իսկ հայր Եղիա ու հայր Երեմիա՝ Դպրեվանքի հսկիչներ։