Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մշակութային Արձագանգ. Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 16 – Ճարտարապետի Մը Ծոցատետրէն» Հատորը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

            Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ գրողին ճարտարապետական յուշերը՝ աւելի քան 60 տարուան ասպարէզի մը ճամբով։ Հատորը կը բաղկանայ 115 էջերէ, ունի ներածական մը, 32 գլուխներ եւ յաւելուած մը՝ երկու յօդուածներով։ Բազմաթիւ լուսանկարներ կ՚ընկերանան գրութիւններուն։

            «Ներածական»-ին մէջ հեղինակը կը գրէ. «Պէտք է խոստովանիլ, որ եթէ ունեցած գրական սէրերս ու հակումներս անպայման իրենց դերը ունեցած են նա՛եւ ճարտարապետի կենսագործունէութեանս մէջ, միւս կողմէ մասնագիտական ուսումս անկասկած իր դերը ունեցած է իմ մտքի կազմաւորման, հարցերու մօտենալու եղանակներուս եւ ընդհանրապէս մտածելակերպիս վրայ, ինչպէս նաեւ դիտելու ունակութիւններուս վրայ։ Ըսեմ, որ պիտի ջանամ նուազագոյնը մտնել շատ մասնագիտական, գիտարուեստական բացատրութիւններու մէջ՝ պահելով որքան կարելի է պարզ, բոլորին հասկնալի լեզու մը»։

            Յուշերը կը վերաբերին աւելի շատ մարդկային յարաբերութիւններուն քան թէ զանազան ճարտարապետական ծրագրերու գործադրութեան մանրամասնութիւններուն, որոնք միայն ուրիշ ճարտարապետներ կրնային հետաքրքրել։ Մարդկային յարաբերութիւնները առաւել կամ նուազ չափով նոյնն են բոլոր ասպարէզներուն մէջ, մանաւանդ անոնց, ուր կան մասնագէտ-հանրութիւն կապ մը, ուր որոշիչ դեր կը խաղան ոչ միայն գիտական տուեալներ, այլեւ ընկերային, մշակութային, տնտեսական ու այլ բազում ազդակներ։ Բայց առաջին հերթին գործի մը մէջ կայ ի հարկէ ներքին յարաբերութիւններու ամբողջ ցանց մը։ «Զանգուածային շինութիւնները եւ մարդկային սերտ կապերը» գլուխին մէջ հեղինակը կը նշէ. «Եկէք ընդունինք, թէ որքան ալ մեծ ծրագրերու վրայ աշխատիս, որքան ալ աւելի ու աւելի ծանր պատասխանատւութիւններ վերցնես, այնքան կը բազմազանուին ու կը բարդանան մարդկային յարաբերութիւնները, եւ յաջողութիւնդ կախում կ՚ունենայ ոչ միայն մասնագիտական հմտութենէդ ու փորձառութենէդ, այլեւ ու մանաւանդ գործակիցներուդ, գերադասներուդ թէ ստորադասներուդ հետ այդ մարդկային յարաբերութիւններու հեզասահութենէն, պատշաճութենէն, ջերմութենէն»։ Այս առնչութեամբ բազմաթիւ դրուագներու պիտի հանդիպինք այս գիրքին մէջ։

            Հետաքրքրական է այս ճարտարապետին մօտեցումը երբ իրմէ կ՚ակնկալուի հայկական եկեղեցիի մը յօրինումը։ «Հայկական ոճի հարցը զինք հետաքրքրած ու մտահոգած է կանուխէն։ «Ոգին նախ քան ձեւը» վերնագրուած գլուխին մէջ ան դիտել կու տայ. «Այն ատեն յստակ կեցուածք որդեգրած էի, որ յատուկ, ինքնուրոյն կեցուածք մը չէր, այլ ոեւէ պատասխանատու ճարտարապետի մօտեցում։ Այսինքն՝ համոզուած էի, որ կարելի չէ արտաքին ձեւերու որդեգրումով ազգային ոճ վերարտադրել։ Շէնքի մը ոճը կը բխի տարբեր ազդակներէ, առնչուած է ժամանակին, վայրին, գործածութեան, առկայ շինանիւթերուն ու կառուցային միջոցներուն եւ այլն»։ Ան կը մէջբերէ Արծուին Գրիգորեանի տեսակէտը այս մասին, տեսակէտ, որ իր ազդեցութիւնը ունեցած է իր ալ վրայ, ապա կը յիշէ դանիացի ճարտարապետ Պեոռն Եորկընսընի ըսածը այս մասին. «Հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան զարգացումը հայերուն համար շարունակական որոնում մըն է եղած՝ ծիսակատարութիւնը ձեւաւորելու ճարտարապետական վիճակով մը։ Այսինքն, անոնք լոյսին մուտքը տարածութեան մէջ սահմանած են սղագրական եւ շատ ճշգրիտ ձեւով՝ քարի ճարտար գործածումին մէջ խտացած։ Հիմնականին մէջ միայն քարն է եւ լոյսը։ Երկիր ու երկինք…»։ Վրէժ-Արմէն կ՚աւելցնէ թէ այս բոլորը ինք պարտաւոր էր հասկցնել իր յաճախորդներուն՝ շինութեան յանձնախումբի անդամներուն, երբ կը ստանձնէր Հայ կաթոլիկ Նարեկայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ծրագիրը։

            «Յաւելուած»-ով հեղինակը գլխաւորաբար կը պատմէ իր ասպարէզին հայկական առնչութիւնը, յատկապէս անուանի ու նուազ անուանի բազմաթիւ հայ ճարտարապետներու հետ հանդիպումներն ու ծանօթացումները։

            Այս հատորը Վրէժ-Արմէն ձօնած է իր հօր՝ Երուանդ Արթինեանի յիշատակին, ինչպէս նաեւ իր ուսուցչին՝ Շահան Բագրատունիին, որոնց յորդորով էր, որ ինք այս ասպարէզը որդեգրած է։ «Ճարտարապետ ըլլալու իրենց բաղձանքը ի՛մ ճամբով իրականացաւ…»,– կ՚ըսէ ան։

            Դարձեալ, հեղինակին այս ու անոր նախորդած 12 առցանց հատորները մատչելի են ընթերցողին այստեղ՝ https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր։ Հոն կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի նամականիէն մաս մը Անտիպ բաժինին մէջ։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img