Շաբաթ օր, Եռաբլուր Ռազմական Պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ)-ի նահատակներու յիշատակի արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Մայր Աթոռի անդամ խումբ մը միաբաններ, գլխաւորութեամբ՝ Տ. Ոսկան արք. Գալփաքեանի, որ այս առթիւ ալ արտասանած է յաւուր պատշաճի խօսք մը:
Նշենք, որ գործադրուած է կարճ յայտագիր մը եւ ներկաները ծաղիկներ խոնարհած են ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկներուն յիշատակին: