ՇԱԲԱԹ, 14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021
Հոգեկան գոհունակութեամբ այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի օրը պիտի նշուին Շաբաթ, 14 Օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 08:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրէն ներս։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին պիտի նախագահէ
եւ Հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Պիտի պատարագէ՝
ԳԵՐՇ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Կարեւորութեամբ կ՚ուզենք նշել հետեւեալ կէտերը.-
1) Նկատի առնելով Լիբանանէն ներս ստեղծուած ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմանները, այս տարի մատաղ (հերիսա) պիտի չպատրաստուի, այլ միայն խաղողի օրհնութեան կարգ տեղի պիտի ունենայ։
2) Փոխան մատաղցու ոչխարի, ուխտաւորները իրենց ուխտի ընծաները կրնան կատարել բարեսիրական հաստատութիւններու։
3) Անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները դիմակ գործածեն արարողութիւններուն մասնակցելու ժամանակ։
ԾԱՆՕԹ.- Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 6:30-ին հետեւեալ վայրերէն՝
- Զալքա (Թիքօ Թիքօ) — Անթիլիասի Մայրավանք
- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
- Խալիլ Պատաուի եւ Հաճըն (Օլիմբիք) — Ս. Վարդանանց եկեղեցի
- Ս. Ագնէս վարժարան
- Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց
- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
- Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)
…
ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021
Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ՝
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Յաւարտ Ս. Պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն