ԶԱՐԹՕՆՔ կը նպատակադրէ յատուկ յաւելուած մը նուիրել Հայ Դատի անխոնջ մարտիկ՝ թերթիս աշխատակից եւ բարեկամ, Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին:
Հետեւաբար խմբագրութիւնս կոչ կ՛ուղղէ հանգուցեալին գրչի եւ միտքի ընկերներուն, անմեռ յիշատակը յարգողներուն, ինչպէս նաեւ իր վաստակն ու պայքարը գնահատողներուն ընդհանրապէս, այս երեւոյթ հանդիսացող Մեծ Հայուն, մտաւորականին, գրողին, խմբագրին, հրապարակագրին, գաղափարի զինուորին եւ իրաւաբանին նուիրուած գրութիւններ, յուշեր, վկայութիւններ, լուսանկարներ եւ այլ առնչուած նիւթեր ղրկեն խմբագրութեանս մինչեւ 20 Սեպտեմբեր 2021:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն սոյն կոչին ընդառաջողներուն ազնիւ գործակցութեան համար:
ԶԱՐԹՕՆՔ