Երկարատեւ խորհրդակցութիւններէ, հանդիպումներէ, առաջարկներէ եւ քաշքշուքէ ետք նշանակեալ վարչապետ Նաժիպ Միքաթի կրնայ հրաժարիլ այս շաբաթ իրեն վստահուած պաշտօնէն եթէ կառավարութեան կազմութեան թնճուկը շարունակէ մնալ անլոյծ:Այս մասին կը հաղորդեն իրեն մօտիկ աղբիւրները:
Մինչ քաղաքական բեմին վրայ իրավիճակը կը մնայ նոյնը, ընկերատնտեսական տագնապը կը շարունակէ վատ մնալ, որուն վրայ եկաւ աւելնալու դպրոցական վերամուտի թուականը:
Արդարեւ քովիտի վերստին բռնկումը, վառելանիւթի պակասը, հոսանքի ընդհատումը եւ համացանցի դժուար հասանելիութիւնը, հարցականի տակ կը դնեն դպրոցներու նոր տարեշրջանի բացումը: