Շուշանիկ Կուրղինեան (Փոփոլճեան) արեւելահայ առաջին կին բանաստեղծուհին։
Ծնած է Ալեքսանդրապոլ Օգոստոս 30 1876-ին։ Գրել սկսած է 1889-ին՝ աշխատակցելով օրաթերթերու եւ պարբերականներու։
Իր երգերուն մէջ ան ցնցող մանրամասնութիւններով կը ներկայացնէ կեանքի մէջ իշխող հակադրութիւնները։ Կուրղինեանի բանաստեղծական խօսքը երբեմն կը թանձրանայ տեսանելիութեան չափ եւ ապա կը վերածուի բուռն զայրոյթի անոնց դէմ, որոնց յանցանքով «տնքում է հողը շնչով մահահոտ, վիշտն է գալարւում երկրի երեսին»։ Ան թշուառին եւ զրկուածին երգիչն է։ Սակայն անոնց կեանքը երգելով, ան միշտ յուշադրած, բողոքի եւ ըմբոստութեան մղած է զանոնք։
Գրագիտուհիին զբաղեցնող գլխաւոր հարցերէն է ազգային ազատագրութեան խնդիրը, որուն ան նուիրած է քանի մը գողտրիկ քերթուածներ։
Հետաքրքրական երանդ ունին Կուրղինեանի սիրային բանաստեղծութիւնները, որոնց մէջ ան կ’անդրադառնայ նաեւ կնոջ ստրկական վիճակին։ Այդ առումով ալ ուշագրաւ է անոր «Արծուի սէրը» քերթուածը։
1907 թուականին Կուրղինեան հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկը «Արշալոյսի ղօղանջներ» խորագիրով, որ համբաւ բերած է իրեն։ Այնուհետեւ երկար տարիներ հանդէս չէ եկած առանձին գիրքով։ Անոր բազմաթիւ բանաստեղծութիւններէ ընտրովի ստուար հատոր մը հրատարակած է Հայաստանի պետական հրատարակչութիւնը։
Կուրղինեան մահացած է Երեւան Նոյեմբեր 24, 1927-ին։