Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Փոխան Խմբագրականի. Գաղափարի Անկոտրում Զինուորը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի 88ամեակին նուիրուած ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Յատուկ Թիւէն

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ան հաւատաւոր ընկերվարական էր՝ իւրայատուկ եւ բարձր մտաւոր մակարդակով:  Ձախի իտէալական ներկայացուցիչ մըն էր ան: Գաղափարի անխոնջ զինուոր, արդարութեան պաշտպան իրաւաբան, կուռ մտաւորական եւ անվեհեր գրող եւ հրապարակագիր մըն էր Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը:

Լիովին նուիրուած ըլլալով հայ դատին, հայ ժողովուրդի պայքարին եւ ազգային արժէքներու պահպանման գործին` Մեթրը խորքային համոզումով փարած էր նաեւ համամարդկային վսեմագոյն արժէքներու:

Յիշողութեանս մէջ թարմ են Պէյրութի Համրա փողոցի իր վերջին տարիներու «նստավայրը»՝ Costa Cafe նստած իր առաւօտեան սուրճը ըմպելու, կողքի թերթավաճառին գետինը փռած օրուան թարմ տեղական, թէ միջազգային թերթերը աչքէ անցնելու եւ սեղանին վրայ կքած փոքր թուղթի վրայ՝ փոքր գիրերով ու դողդոչուն ձեռագրով իր գրելու պահերը: Համրայի գրեթէ բոլոր սրճարանները տարիներու ընթացքին իրենց անունները փոխեցին կամ փակուեցան, ներառեալ Costa Cafe-ն: Մեթրին առաւօտեան սուրճի թերթեր կարդալու ժամն ու սովորութիւնը մնացին կայուն իր կեցուածքներուն նման:

Կը յիշեմ մեր վերջին հանդիպումը, մեզմէ յաւէտ բաժնուելէ նուազ քան երկու ամիսներ առաջ իր աջ բազուկը հանդիսացող Պրն. Յովհաննէս Փալանճեանին օգնութեամբ գտայ զինք իր ամենավերջին «նստավայրին» մէջ Costa Cafe-էն քանի մը քայլ անդին այլ սրճարանի մը մէջ:  Քովիտի պատճառով իր սիրեցեալ Costa-ն իր նախընտրած կանուխ ժամերուն փակ կ՛ըլլար այդ օրերուն: Զինք տեսնելուս նպատակը իրմէ խնդրելն էր օրուայ բանախօսը ըլլալու Արցախի նուիրուած ԶԱՐԹՕՆՔ-ի ձեռնարկին, որուն հիւր պիտի ըլլար Արցախի նախագահին խորհրդական-նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ (Սփիւռքի հարցերով) Ազատուհի Սիմոնեանը: Յոգնած տեսայ Մեթրը: Աւելի ֆիզիքապէս քան միտքով, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին սուր էր եւ խորունկ: Համաճարակին պարտադրած դիմակով էի, որպէսզի զինք չվտանգեմ: Ինքը սակայն անվրդով նստած էր առանց դիմակի: Լուռ լսեց խնդրանքս ինչպէս միշտ կ՛ընէր: Այս անգամ հակառակ միւս անգամներուն, քիչ մը վարանեցաւ: Յոգնած եմ ըսաւ: Բեմի վրայ խօսելու դժուարութիւն ունենալը նշեց: Այս վարանումը վայրկեանի մը համար էր սակայն: Մտքի փայլատակումով մը յանկարծ նաեւ կարծես ինքզինք կշտամբելով, իրեն միայն յատուկ յախուռն ոճով մը գոչեց. «ինչպէ՜ս կրնամ մերժել նման առիթով նման դիմում մը: Չէ՞, որ ես ազգիս զինուորն եմ, Արցախին՝ առաւել եւս: Զինուորը չի կրնար երկմտանք ունենալ երբ պէտք է ըլլայ պատնէշի վրայ: Այսպէս ըսաւ Մեթրը ուրախացնելով զիս եւ բեմ ելաւ քանի մը օր վերջ առոյգ եւ երիտասարդի իր խրոխտ ձայնով բոլորին պատգամելու, որ Արցախը կայ ու պիտի ապրի յաւիտեան: Այդ պահուն չէի գիտեր, որ այդ օրը ինք իր «կարապի երգը» կ՛երգէ:  Տակաւին ականջիս մէջն են նոյն ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրը կատարող ԹՄՄ Երիտասարդական նուագախումբին կատարումը գնահատող իր բարձրաձայն ՊՐԱՒՕ-ները…:

Արդարեւ, Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ինքնամոռաց նուիրուածութեամբ ռահվիրա մըն էր Գասպար Տէրտէրեանը: Ընդունուած էր բոլորին կողմէ` որպէս անվիճելի հեղինակութիւն ու անհատականութիւն, մինչեւ իսկ անոնց մօտ, որոնք իր տեսակէտները անպայմանօրէն չէին բաժաներ:

Տիրական ներկայութիւն էր ան ուր որ գտնուէր: Քաջատեղեակ էր ազգային-քաղաքական հարցերէն: Հակառակ մերօրեայ արհեստագիտութեան աշխարհէն շատ հեռու ըլլալուն, ան կը տիրապետէր եւ ապշեցնելու աստիճան շատ մօտէն վերահասու էր  ազգային, թէ միջազգային ամենավերջին լուրերուն, եւ ըսելիք ունէր անոնց մասին: Հետեւողական, լաւատես, անտրտունջ եւ անյոգնում էր անզուգական այս ՄԱՐԴԸ:

Մեթրը կ՛ապրէր  Հայ ժողովուրդին մշտնջենականութեան ու Հայրենիքին  յաւերժութեան անպղտոր հեռանկարով ու իր կուրծքին տակ պահած յաղթանակի հաւատքով: Անկոտրում էին իր մօտեցումները մեր ժողովուրդին ու Հայրենիքին վերաբերող նիւթերուն մէջ, ուր յաճախ կը դրսեւորուէր իր մարտունականութեան ոգին: Ծայրայեղօրէն սկզբունքային էր ան: Այս բանը իրեն բացարձակ կերպով կը զանազանէր հերթական այլ գործիչներէն:  

Աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն ան ամուր պաշտպանն էր Իսրայէլ Օրիի եզրակացութեան՝ Ռուսաստանը նկատելով  որպէս մեր ժողովուրդին ու երկրին բնական ու մշտական դաշնակիցը, չհաւատալով արեւմտեան երկիրներու խոստումներուն: Սիոնիզմի անզիջող թշնամին էր Մեթրը: Զայն պատասխանատու կը նկատէր վերջին դարերուն Հայ ժողովուրդին գլխին եկած շարք մը արհաւիրքներուն:

Ներազգային ճակատի վրայ կլանող հոսանքներու դէմ քաջ թիավարողն էր ան: Իսկ արտաքին ճակատին վրայ, Հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն ու ազգային շահերուն դէմ կանգնած երեւոյթներուն ոխերիմ թշնամին:  Փանթուրքիզմին դէմ անվեհեր մարտնչող  անկոտրում մարտիկն էր ան: Մեթրը մեր կուսակցութեան հիմնադրութեան ակունքներուն կանգնած՝  Արմենականներուն  մտածողութեամբ ու գործելաձեւով վերջին՝ ամենավերջին մոհեկանը:

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի սիւներէն էր Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը: Անոր ակնառու ղեկավար դէմքն ու տոհմանշանն էր (totem), իր առինքնող բնաւորութեամբ ու անանձնական  մօտեցումներով:

Մեթր Տէրտէրեանին կենսագրութեան իւրաքանչիւր դրուագը առանձնայատուկ պատմութիւն եւ դաս է բոլորիս, առաքինութեան, անվեհերութեան եւ նուիրուածութեան դասական օրինակ:

Ես կը հաւատամ, որ իր ընկերներուն, իրեն հետ աշխատած գաղափարակիցներուն եւ զինքը ճանչցած  շատ շատերուն հոգիներուն մէջ պիտի չլռէ ազնիւ հայ տեսակի հանդէպ մեր ունեցած մեծ կարօտը: Կարօտցած եմ Մեթրին, այն մարդուն, որ ապրեցաւ որպէս հայրենապաշտ ու իր անձնական օրինակով սերունդներուն պատգամեց ամուր եւ հաստատուն մնալ իրենց հայրենասիրութեան մէջ, յանուն Հայ Դատին, յանուն Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն, Արեւմտահայաստանին ու Կիլիկիոյ: Յանուն Միացեալ, Մէկ եւ Հզօր Հայաստանի:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img