Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, Լիբանանի մէջ սկաուտական շարժումի հիմնադրութեան 110-ամեակին առիթով, մեծարանքի եւ պարգեւատրման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Փետրուար 2022-ի յետմիջօրէին, Անթունիյէի կրթական համալիրին մէջ, Պաապտա:
Պարգեւատրման արժանացան միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ գնահատելի դերակատարութիւն եւ ներդրում ունեցող անձնաւորութիւններ:
Այս յիշատակելի հանդիսութեան առիթով, Լիբանանի երիտասարդական եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քելէսի ձեռամբ շքանշան եւ գնահատանքի վկայական ստացաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը՝ լիբանանեան սկաուտական եւ միութենական կեանքի մէջ նուիրեալ եւ հետեւողական աշխատանքին համար:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան համաշխարհային սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահ Էնտի Շեփմընը, փոխնախագահ Սառա Ռիթա Քաթան, Եգիպտոսէն, Թունուզէն, Յորդանանէն եւ արաբական սկաուտական կառոյցներէ ներկայացուցիչներ, Լիբանանի երիտասարդական եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քելէսը, Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Ղրէյպը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեանը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ Սեւանի սկաուտական պատասխանատուներ, Սքութ տիւ Լիպանի Քոմիթէ տիրեքթէօրի մէջ ՀԵԸ- ի ներկայացուցիչ եղբ.Կարօ Գալինճեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք Վիգէն Չերչեանը այս գնահատելի պարգեւատրութեան առիթով, մաղթելով բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն: