Իշխանութեան խուճապը, անհեթեթութիւնն ու ստորնութեան մակարդակը աւելի եւս արտացոլացնող նորարարութեամբ մը, civic.am անուամբ, ինքզինք «քաղաքացիակեդրոն լրատուութիւն» կոչած, կայքը նոր լուրով մը հանդէս եկած է:
Նշեալ նորաբոյս կայքը, շինծու տուեալներով ու իր խնկարկած տէրերուն ոճով, հեգնական լրատուութեամբ մը անդրադարձած է հայրենիքի տխուր պայմաններու իրավիճակէն դուրս գալ ձեռնարկած «Ազատագրական Շարժում»ին ստորագրահաւաքին (https://civic.am/politics/26870—.html): Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող նախաձեռնութիւն մը, որ արդարեւ մեծ յաջողութեամբ, երէկ բոլորած է իր մեկնարկին եօթնօրեան:
Նշեալ մաղձալից գրութիւնը, նախ դասակարգային խտրականական ամօթալի մօտեցումով մը, համեմատական մը կը ստեղծէ ստորագրահաւաքին եւ (իր լեզուով) «փողոցային երաժիշտներ»ուն միջեւ, նշեալ քաղաքացիներուն որակելով «գումար հաւաքողներ»: Պարագայ մը, որուն հերոս անձիքը շատ յաճախ ալ թոշակառու (ոչ անպայման) տարեց քաղաքացիներ են, որոնք մեծ-մեծ խոստումներով պետութեան գլուխը անցած իշխանութեան «շնորհած» չնչին թոշակով ապրելու անկարող, ազնուօրէն կը փորձեն իրենց արուեստով եւ ճակտի քրտինքով ապրիլ:
Գրութեան անանուն հեղինակը «ազատագրիչներ» հեգնական ածականով կը կոչէ այնպիսի տղոց, որոնք իրենց ժամանակը, առողջութիւնն ու սեփական միջոցները կը տրամադրեն յանուն ազգին ու հայոց հայրենիքին փրկութեան: Ազգային ազնիւ առաքելութիւն մը, որ ըստ իր գրասենեակին կամ տան մէջ հանգիստ նստած նշեալ գրութեան հեղինակին, «անիմաստ միջոցառում է»:
Ստորագրահաւաքն ու անոր մեկնարկը ազդարարող յայտարարութիւնը իրար խառնած մեր շուտլիկ հեղինակը, իր աճապարանքին մէջ չէ անդրադարձած, որ ըստ նախաձեռնողներու պաշտօնական յայտարարութեան, ստորագրահաւաքի մեկնարկի յայտարարութեան համար խորհրդանշականօրէն «Եռաբլուր»ի մէջ հանգչող՝ Ազատագրութեան ռահվիրայ Զօր. Անդրանիկի շիրիմին մերձակայքը ընտրուած էր: Արդարեւ, այնտեղ յայտարարուեցաւ ստորագրահաւաքի մը մեկնարկը, որ կը փորձէ տապալել «Եռաբլուր»ի ցաւալի ընդարձակումին պատճառ հանդիսացած խորհրդանիշը:
Հեղինակը չուշանար «պատուիրատուներ» տեսնելու նախաձեռնութեան ետին: Երեւի ճիշդ է ժողովրդային այն ասացուածքը, որ կ՛ըսէ «մարդիկ ուրիշները կը դատեն, իրենց սեփական անձին լաւ ճանաչողութեամբ»…:
Շուտով կը պարզուի նաեւ, որ ինքզինք «քաղաքացիակեդրոն լրատուութիւն» կոչող կայքը գիտակցութիւնը չունի, որ ի՛նչ կը նշանակէ քաղաքացիական ստորագրահաւաք եւ չի հաւատար անոր դերին ու անոր արդիւնքով յառաջացող նոր իրավիճակի հաւանականութեան, որ հիմքը կը կազմէ իրաւ ժողովրդավարութեան:
Անանուն հեղինակը անշուշտ «մէկ աչքով» կը կարդայ ֆէյսպուքի հարթակին վրայ ստորագրահաւաքին ձեռք բերած արձագանքները եւ այնտեղ կը կարդայ իր մաղձը միայն գոհացնող չնչին թիւով ժխտականները (բացարձակ մեծամասնութեամբ կեղծ օգտատէրերու գրառումներ), զանց առնելով շա՜տ աւելի մեծ թիւով իրական, քաջ եւ ազատախոհ օգտատէրերու դրական գնահատականներն ու քաջալերանքը:
Ընդամէնը մէկ շաբթուայ ընթացքին հազարաւոր ստորագրութիւններ հաւաքուած ըլլալու փաստէն վախցած կամ անտեղեակ (Ազատագրական Շարժումի Պաշտօնական յայտարարութիւն՝ https://www.pastinfo.am/hy/news/2022/03/05/yguwqu4wu/1359353), ինքնախաբէական ու ինքնագոհ «հաստատումով» մը, վերոյիշեալ գրութեան անանուն հեղինակը կը փորձէ ծաղրել ստորագրութիւններու թիւը:
Աւարտին, կը մնայ նշել որ ըստ երեւոյթին, «երկրի ազատագրումը եղանակային պայմաններու հետևանքով» չէ յետաձգուած, ինչպէս կը փորձէ հեգնել անանուն հեղինակը, այլ մեծ թափով յառաջ կ՛երթայ յուսատու եւ հաւաստի տուեալներով, ի հեճուկս չցանկացողներուն եւ ինչու չէ, այս բանէն վախցողներուն, որոնք ըստ երեւոյթին իրենց ամբողջ «զինամթերքը» ի գործ դրած են ձերբազատուելու ժողովրդային արդարութենէն, որ ի վերջոյ պիտի գայ ու ըսէ իր խօսքը, պատմութեան աղբանոցը ուղարկելով հայրենի իշխանութիւնը սուտ ու պատիր խօսքերով զաւթած «թաւշեայ» խամաճիկներն ու անոնց խնկարկողները:
Կը մնայ գոյութենական հարցում մը: Նշեալ կայքին վրայ բծախնդրութեամբ նշուած հետեւեալ չքմեղանքը. «Կայքում արտայայտուած կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն կայքի խմբագրութեան տեսակէտի հետ», կը վերաբերի՞ նաեւ կայքին վրայ տեղ գրաւող անանուն հեղինակով ցնդաբանութիւններուն…:
ԱԶԱՏ ՀԱՅԿԵԱՆ
Լոս ԱնՃելըս, ԱՄՆ