Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Այլամերժութիւնն ու Նեղմտութիւնը Անհանդուրժելի Երեւոյթներ Են . Սեւակ Յակոբեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետին Յայտարարութիւնը

Այլամերժութիւնն ու նեղմտութիւնը մեզի համար անհանդուրժելի երեւոյթներ են որոնց դէմ պայքարած ենք միշտ:

Ցաւօք սրտի, լիբանանահայ կեանքին մէջ կայ կուսակցութիւն մը, որուն կը թուի, թէ Հայ ըլլալը իրեն վերաբերող առանձնաշնորհում է: Այս պարագան անշուշտ այլամերժութեան ծայրայեղ վիճակ է, որ կը բանեցուի տուեալ կուսակցութեան կողմէ:

Խօսքը Լիբանանի քաղաքական կեանքի մէջ եւս տարիներէ ի վեր ի գործ դրուած ցաւալի  իրականութեան մը մասին է. այլամերժութիւն ու անհանդուրժողականութիւն, որոնք տուեալ կուսակցութիւնը բնորոշող յատկանիշներէն են:

Այս հարցին մէջ մենք ունինք դառն փորձառութիւնը խնդրոյ առարկայ կուսակցութեան հետ: Այդ կուսակցութիւնը ժամանակին չէր կրցած հանդուրժել մեր կուսակցութեան երեսփոխանական թեկնածու, ապա արժանաւորապէս ընտրուած՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանին եւ այլոց, որոնց գաղափարականը չէր համընկնիր իր գաղափարականին հետ:

Այլամերժութեան միեւնոյն տրամաբանութեամբ ու միջոցներով խնդրոյ առարկայ կուսակցութիւնը, այսօր կը պայքարի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն թեկնածու՝ Փոլա Եագուպեանին դէմ, զինքը պիտակաւորելով, որպէս ո՛չ Հայ:

Այդ կուսակցութիւնը ինքզինքին իրաւունքը տուած է «ազգային տարրալուծարան» մը ըլլալու: Ինքզինքին վերապահած այս ծիծաղելի հանգամանքով ան կամայականօրէն «արեան քննութիւն» կը կատարէ եւ Հայ ըլլալու կամ չըլլալու վկայական կու տայ մարդոց: Այս մէկը, ընթացք մըն է, որ բացարձակապէս կը մերժենք: Աւելի եւս կը մերժենք հատուածապաշտութիւնը երկրի մը մէջ, որուն սահմանադրութիւնը յստակօրէն կը նշէ, որ երեսփոխան մը ազգին երեսփոխանն է եւ ո՛չ երկրին բաղկացուցիչ հատուածի մը:

Հետեւաբար, այսօր մեր դիրքէն եւ միանգամ ընդմիշտ կը յայտարարենք, որ այն ինչ, որ ժամանակին չընդունեցինք մեզի համար, կը մերժենք նաեւ ընդունիլ, որ այսօր, Փոլա Եագուպեանին կամ այլոց դէմ գործադրուի: Մենք հպարտ ենք յայտարարելու, որ Փոլա Եագուպեանը, որպէս Հայ ազգի արժանաւոր զաւակ, կը ներկայացնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը,: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ մենք, մեր կարգին զինք կներկայացնենք եւ իր համալիբանանեան սկզբունքները կը բաժնենք:

Այս անգամուայ համար կը բաւարարուինք յայտարարելով այսքանը: Յոյսով ենք, որ կարգ մը մարդիկ իրենց մօտեցումն ու վերաբերմունքը կը բարեփոխեն յանուն արդար, քաղաքակիրթ եւ լիբանանեան իրականութեան մէջ դրական լուրջ փոփոխութիւններու տեսլական ունեցող երեսփոխանական ընտրութիւններու, որուն կայացման շեմին կը գտնուինք մենք այսօր:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img