Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Ինչո՞ւ Հրէաստան կ՛օգնէ Ատրպէյճանին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԶԱՒԷՆ Գ․ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

     Եթէ հարց տանք՝ ինչո՞ւ Հրէաստան կ՛օգնէ Ատրպէյճանի, շատ պարզ է թէ՝ իր քաղաքական՝ տնտեսական եւ ռազմավարական շահերը այդ կը պահանջեն, եւ պէտք չէ մոռնանք նաեւ՝ որ, Հրէաստան կ՛ուզէ իսլամական երկիրներու հետ ալ սեղմ կապեր ստեղծել՝ բացի ծոցի երկիրներուն հետ՝ որոնք գոյութիւն ունին արդէն։

     Պէտք չէ մոռնանք նաեւ որ Ատրպէյճան 700 ք․մ․ սահման ունի Պարսկաստանի հետ, եւ Հրէաստանի համար ամենամեծ իր թշնամին Պարսկաստանն է։

     Հրէաստան իր առաջին դեսպանատունը բացաւ 1993 թուին Պաքուի մէջ՝ եւ այդ օրէն յարաբերութիւնները սկսան զարգանալ։  Առաջին հանդիպումը որ ունեցաւ Նաթանիահուն Հայտար Ալիեւի հետ 1997ին պատահեցաւ, որուն յաջորդեց տարբեր այցելութիւններ, եւ 2009ին Սիմոն Փերէզ կ՛այցելէ Իլհամ Ալիեւի, ուր համաձայնեցան որ՝ Ատրպէյճան վերագրաւէ Ղարաբաղը եւ այդ ուղղութեամբ սկսան գործել։

Ընդհանուր առմամբ՝ ի՞նչ կը հետապնդէ Հրէաստան կայք հաստատելով Ատրպէյճանի մէջ։

     1․ Հրէաստան՝ հիմնական տնտեսական շահեր ունի Ատրպէյճան հետ։  Նախ Հրէաստան երկու աղբիւրներէ կը ստանայ իր քարիւղի տարեկան պահանջքը, առաջինը Իրաքի Քիւրտիստանի վայրէն եւ երկրորդը Ատրպէյճանէն, երկու գիծերն ալ կ՛անցնին Թուրքիայէն հասնելու համար Ճիհանի նաւահանգիստը։  Հրէաստան 40% իր քարիւղի պէտքը կը ստանայ Ատրպէյճանէն, եւ այս հաշուով 2019ին գնած է 434 միլիոն տոլարի քարիւղ, 2020ին 1,3 միլիար տոլարի։ Որոնց դիմաց պատերազմական զէնքեր փոխանակած է Ատրպէյճանին։

     2․ Հրէաստանի համար՝ Ատրպէյճանը տնտեսական ոսկի աղբիւր է եւ մասնաւորապէս պատերազմական զէնքերու համար։  Ատրպէյճան այսօր իր 69% պատերազմական զէնքերը կը գնէ Հրէաստանէն, եւ մաս մըն ալ Ռուսիայէն, իսկ մնացեալը այլ երկիրներէ։  Մանաւանդ 2016-2020 եւ մասնաւորապէս 44 օրուայ պատերազմին առթիւ, երբ գումարը հասած էր մինչեւ 7 միլիար տոլարի։

     3․ Ատրպէյճանը Հրէաստանի համար, ապահով վայր մըն է՝ լրտեսելու Պարսկաստանի դէմ։  Հրէաստան շրջապատուած կը զգայ ինքզինք, Սուրիայէն՝ եւ Հըզպուլլահէն հիւսիսէն, իսկ հարաւէն Ղազզայէն, եւ աւելի հեռու Եմէնէն եւ Իրաքէն, որովհետեւ այս երկիրներուն իսլամները մեծամասնութիւնները Շիիներ են՝ որ կը տարբերին Սուրիոյ Ալէուիներէն, բայց Պարսկաստան Սուրիոյ հետ կրօնական եւ քաղաքական շատ լաւ կապեր ունի։

     Հոգ չէ թէ՝ Հրէաստան ինքզինքը ապահով կը զգայ Սէուտական Արաբիայէն՝ ծոցի երկիրներէն եւ Իրաքի Քիւրտիստանէն։

     Բայց Թրքական եւ Հրէական համագործակցութիւնը՝ Ատրպէյճանի սահմաններուն վրայ, կը մտահոգէ Պարսկաստանը, երբ Ալիեւ սկսաւ գրգռել Ատրպէյճանի սահմանակից Պարսկաստանի՝ ծագումով ազերիները՝ յայտարարութիւններով՝ կրօնական կոչերով եւ քարտէսներով, որուն վրայ նոյնիսկ ջնջուած է Հայաստանը, այսինքն Հայաստան գոյութիւն չունի։

     Ալիեւ՝ Էրտողանին նման Օսմանեան կայսրութիւն հիմնելու երազներու ետեւէն սկսաւ վազել, ինքը որ այսքան հարստութիւն՝ քարիւղ եւ բնական կազ ունի, ինչո՞ւ չի հիմնէ իր դրամով կայսրութիւն։

Բացի այս քաղաքական քայլերէ, Հրէաստան եւ Ատրպէյճան խորհեցան չորսերու խմբակցութիւն մը կազմել՝ այսինքն Հրէաստան՝ Ատրպէյճան՝    

     Թուրքիա եւ Վրաստան, հակառակ Ռուսիոյ՝Պարսկաստանի եւ Հայաստանի։  Բայց բացայայտօրէն Վրաստան չէ յայտարարած՝ զգուշանալով Ռուսիոյ հակադարձութենէն։

     Պարսիկ քաղաքական մեկնաբան «ԷՍԷՏ ԷԼ  ԻԼԷՀԻ» կը յայտարարէ Պարսկաստան կը պաշտպանէ իր ազգային ապահովութիւնը, բոլորիս համար ծանօթ է, որ Հրէաստան կ՛ուզէ պատերազմական վիճակ ստեղծել իր շահերուն համար, եւ խորհեցան որ՝, Թրքական եւ Հրէական քաջալերանքով, ինչպէս նաեւ այն ծագումով ազերիները՝ որոնք Պարսկաստանէն ապաստանած են Պաքու՝ եւ կը գործակցին այս դաւադրութեան մէջ ընդդէմ Պարսկաստանի։

     ԷՍԷՏ ԷԼ ԻԼԷՀԻՆ իր խօսքին մէջ ըսաւ նաեւ՝ որ Թուրքիոյ եւ Հրէաստանի դրդումով եւ մղումով, Ազէրի զինեալ ուժեր՝ Հայաստանի սահմաններէն ներս խուժեցին եւ գրաւեցին Պարսկա-Հայկական սահմանային գիծը, եւ այս քայլը վտանգաւոր քայլ մը, բան մը որուն մասին խօսեցաւ Էրտողան Մ․ Ազգերու  ամպիոնէն եւ այսօր՝ այն Պարսիկ-ինքնաշարժները որ կ՛անցնին  այդ գիծէն՝ պէտք է ազերիներուն տուրք մը վճարեն, բան մը որ անընդունելի է Պարսիկներուն համար։

     Այս առթիւ՝ ուրիշ Պարսիկ քաղաքագէտ մը ԷՄԻՐ ՄԱՈՒՍՈՒՐԻՆ յայտարարեց որ, Պարսկաստան զինեալ ոյժերու կուտակումը ազերական սահմանին մօտ, ազդանշան մըն է եւ զգուշացում մըն է Պաքուին, որ Պրն․ Ալիեւ կրակին հետ կը խաղայ, եւ կը զգուշացնէ Պաքուն, որ որոշ ISIS ահաբեկիչներ չեն կրնար Պարսկաստանի ապահովութեան հետ խաղալ։

Ազերական եւ թրքական այս ոտնձգութիւններուն պատճառաւ Ուրբաթ  1 Հոկտեմբերին Պարսկական լայնածաւալ զինուորական ռազմափորձեր կատարուեցան ազերական սահմաններուն մօտ, եւ թիւ 25, 216 եւ 316 զօրագունդերուն մասնակցութեամբ՝ ինչպէս նաեւ թիւ 11 պարսկական հրետանային զօրքը եւ զինուորական ճարտարագիտական թիւ 433ը կազմի ներկայութեան՝ բանակի ուղղաթիռ եւ յարձակողական սաւառնակներով։

     Հաւանաբար այս ռազմափորձերը՝ անակնկալի բերին ազերիները եւ թուրքերը, եւ Ալիեւ չէր սպասեր այս զօրութեամբ անդրադարձը Պարսկաստանին;  Ազերիներու նախագահ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձաւ այս անցնող Շաբաթ 2 Հոկտեմբերին Պարսկական ռազմափորձերուն մասին յայտարարելով Սպանական Իվի լուրերու կայքին ըսելով՝ շրջանի բարգաւաճման համար չ՛օգներ պատերազմ եւ ես համաձայն եմ Էրտողանին յայտարարութեան 6 պետութիւններու տեղական շրջանի համագործակցութեան, այն համագործակցութեան որ 3+3 շրջանին մէջ գործակցութեան, այսինքն Թուրքիա + Պարսկաստան + Ռուսիա իսկ միւս կողմէ Ռուսիա + Հայաստան + Ատրպէյճան,  անշուշտ ոչ Ռուսիա եւ ոչ ալ Հայաստան եւ ոչ ալ Պարսկաստան պատասխանած են, եւ միւս կողմէ Թուրքիա եւ Ազերիները նորոգ կը պատրաստուին ռազմական փորձեր կատարել Նախիջեւան-Հայաստան սահմաններուն վրայ։

     Պարսիկ քաղաքագէտ շարունակելով իր յայտարարութեան շեշտեց որ, այսօր նուազագոյնը 1000 հրէական զինուորականներ գոյութիւն ունին Ատրպէյճանի մէջ՝ որ գործօն են ազերական բանակին մէջ, ինչպէս նաեւ աւելի 5000 մօտ ISIS ահաբեկիչներ՝ որոնք մինչեւ 2500 տոլար կը ստանան ամսական՝ եւ եկած են Սուրիայէն։

     Պարսկաստանի պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Ռիտա Էշթիանին յայտարարեց Շաբաթ օրուայ ռազմափորձերուն հետ, որ Պարսկաստանի ուրբաթ օրուայ ռազմափորձերը պատասխան մըն են Պարսկաստանի թշնամիներուն։

     Ինչպէս ըսինք մեր յօդուածին սկիզբը, որ Հրէաստան կ՛ուզէ ներս խուժել իսլամական բոլոր երկիրներուն մէջ՝ դեր ունենալ իր զինուորական ներկայութեամբ եւ մանաւանդ Աֆղանիստան եւ Ռուսիա կողմնակից իսլամական երկիրները կեդրոնական Ասիոյ մէջ՝ ինչպէս Թուրքիա եւ Մ․ Նահանգներ։

     Արաբ լրագրողներ՝ հետեւեալ հարցումները կ՛ուղղեն, արդեօ՞ք Թուրքիա Մ․ Նահանգներու ծրագիրները կը գործադրէ գաղտնապէս՝ քաջալերանք գտնելով Մ․ Նահանգներէն, ինչպէս Գապուլի օդակայանի գործողութիւնը, Կրիմի եւ Ուքրանիոյ հետ համագործակցութիւնը, Հարաւային Կովկասի մէջ օգնելով Ազերիներուն, Ռուսիոյ դէմ՝ Միջերկրականի Կասպից ծովի եւ Սեւ ծովի հարցերը, հոգ չէ թէ Մ․ Նահանգներ բարձրաձայն կը քննադատէ Թուրքիան, որովհետեւ հրեաները ամէն տեղ են՝ եւ որեւէ վայրի մէջ՝ իրենց համար օգտագործելի է ոեւէ խռովութիւն, կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Պալթիկ ծով՝ Պալթիկ ծովէն մինչեւ Սեւ՝ Կասպից՝ Միջերկրական՝ եւ Հարաւային Կովկաս, Թուրքիան եւ Հրէաստանը այս ամբողջ վայրերուն մէջ են, եւ իրենց շահերը կը հետապնդեն։

     Պարսիկ քաղաքագէտ մեկնաբան՝ ԷՍԷՏ ԷԼ  ԻԼԷՀԻՆ՝ արաբական «Մէյէտինի» լրատուական կայքին Չորեքշաբթի 6 Հոկտեմբերին իրենց հաղորդումով կը յիշատակէ նաեւ, որ՝ ազերիներու բանակին՝ յարաբերական փոքր յաղթանակը, որ արձանագրեց Ղարաբաղի պատերազմին, անոնք կարծեցին որ պատմական հարց լուծեցին, եւ այդ ոգիով կրնան սպառնալ Պարսկաստանին պարապ՝ սին կոչերով եւ քարտէսներով, եւ Պարսկաստան ուզեց նամակ մը ուղղել Ալիեւի այս ռազմափորձերով, որուն վրայ՝ ազերի նախագահը զգաց թէ կը սխալի իր քարոզչութեան մէջ, եւ ետ քաշեց իր հաղորդումները յայտարարութիւններով Սպանական լրատուական կայքին։

     ԷՍԷՏ ԷԼ ԻԼԷՀԻՆ աւելցնելով յայտարարեց, որ հիմնական խնդիրը Ռուսիոյ եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ կը կայանայ՝ Հայաստանի ներկայ վարչապետը՝ Նիկոլ Փաշինեան, փորձեց մօտենալ արեւմուտքին՝ հակառակ որ պէտք է աւելի մօտենար Ռուսիոյ՝ բայց ան մեկնաբանելով իր արարքը՝ ուզեց եւ փորձեց իր կապերը զօրացնել Հրէաստանի հետ եւ դեսպանատուն մը բացաւ, որը պատերազմի ընթացքին ետ կանչեց դեսպանը, բայց արդէն ուշ էր, եւ այդ պատճառաւ Ռուսիան ուզեց պատժել Փաշինեանը եւ պատերազմի շրջանին անտեսեց բոլորովին Հայաստանը եւ այդ պատճառաւ հայերը պարտութիւն կրեցին Ղարաբաղի մէջ։

     Երեւակայեցէք այս հզօր պետութիւններուն միջեւ, Հայաստանի աղքատ պետութիւնը ի՞նչ քաղաքականութիւն պէտք է վարէ՝ որպէսզի իր գոյութիւնը պահէ՝ իր ցեղային գոյութիւնը պահէ։  Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Հրէաստանը, ասոնք այն հզօր պետութիւններն են՝ որոնք կ՛ոչնչացնեն փոքր ազգերը։  Արդեօ՞ք մեր ցեղային գոյութիւնը պէտք չէ պահե՞նք, այդ պատճառաւ փրկութեան լաստը պէտք է փնտռենք եւ յենուինք անոր՝ եւ ի գին բոլոր անհաճոյ խոչընդոտներուն, պէտք է հաստատ եւ հաւատարիմ քաղաքական բեւեռացում որդեգրել՝ որպէսզի ուրիշ պատերազմները չկորսնցնենք՝ եւ մեր ցեղային գոյութիւնը պահենք, եւ այս պէտք է որոշէ հայրենի ժողովուրդը կառավարութիւնը միասնաբար սփիւռքին։

     Այս յօդուածին բոլոր նիւթերը՝ առնուած են արաբական աշխարհի մամուլէն։

«Նոր Աշխարհ»

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img