Լիբանանի Հանրային Աշխատանքներու եւ փոխադրութեան նախարար Ալի Համիէ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Պրն. Վահագն Աթաբեկեանին: Հանդիպման ընթացքին Պրն. Դեսպանը նախարարին ներկայացուց Հայաստանեան կողմի առաջարկը, որն է՝ Հայաստանի ազգային օդանաւային նորահաստատ ընկերութեան միջոցաւ, Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ օդային երթուղիի հաստատումը՝ Երեւան-Պէյրութ-Երեւան շաբաթը մէկ կամ երկու թռիչքով:
Համիէ պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտելու առաջարկը հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւն մը դրական նպաստ կը բերէ երկու երկիրներու փոխյարաբերութեանց: