Երեքշաբթի, 22 Ապրիլի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Փոլա Եագուպեան Այցելեց Թէքէեան Կեդրոն

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Կիրակի 3 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան «Պէյրութ Առաջին» ընտրաշրջանի երեսփոխանական թեկնածու՝ Փոլա Եագուպեան եւ իր ցանկակիցները այցելեցին Թէքէեան Կեդրոն՝ հիւրերը հանդիսանալով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան: Եագուպեանին կ՛ընկերակցէր նաեւ «Պեքաա Առաջին» Զահլէի ընտրաշրջանի երեսփոխանական թեկնածու՝ Զօրավար Նարեկ Աբրահամեանը:

Հիւրերուն դիմաւորեցին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ եւ ՌԱԿ-ի նախկին երեսփոխան՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը եւ ՌԱԿ-ի ու ԹՄՄ-ի Լիբանանի շրջանակը ներկայացնող՝ պատասխանատու ընկերուհիներ եւ ընկերներ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը միասնաբար քննարկեցին Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Փոլա Եագուպեան ներկայացուց իր ցանկին ծրագիրը եւ պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Ընկ. Յակոբեան դրուատիքով խօսեցաւ Եագուպեանի արժանիքներուն մասին եւ ջատագովեց յանուն Լիբանանի քաղաքացիին բարօրութեան եւ գերիշխան ու փտածութենէ զուրկ երկիր մը ունենալու իր տեսլականն ու տարած աշխատանքները: ՌԱԿ-ի Լիբանանի ատենապետը շրջանակին անունով ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Փոլա Եագուպեանին ու իր ցանկին, ինչպէս նաեւ Զօր. Նարեկ Աբրահամեանի թեկնածութեանց: Ընկ. Յակոբեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Եագուպեանի քաղաքական ու ընկերային հայեացքները մեծապէս կը համընկնին ՌԱԿ-ի Լիբանանի հանդէպ ունեցած տեսլականին հետ եւ հետեւաբար այս առումով  Եագուպեան լաւապէս կը ներկայացնէ ՌԱԿ-ը, ինչպէս ՌԱԿ-ը իր կարգին՝ կը ներկայացնէ Եագուպեանը:

Փոլա Եագուպեան  շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին եւ իր ծրագիրներուն հանդէպ ՌԱԿ-ի ցուցաբերած վստահութեան  համար: Ան մեծապէս գնահատեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ազգանուէր ու անաչառ կեցուածքներն ու ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի ու առողջ հաւաքականութեան հանդէպ ունեցած սկզբունքային մօտեցումները:

Զօր. Աբրահամեան իր կարգին կարեւորեց Լիբանանի հայկական համայնքին գործօն մասնակցութիւնը համալիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ եւ շեշտը դրաւ անոր առաջանորդողի դեր ստանձնելուն վրայ:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, շեշտելով, որ Թէքէեան Կեդրոնը տունն է իւրաքանչիւր հայորդիի, որ կ՛աշխատի Լիբանանի եւ լիբանանահայ համայնքին համար:

Մտերմիկ հանդիպման մթնոլորտին մէջ ընկ. Յակոբեան, Փոլա Եագուպեանի ծննդեան տարեդարձին նախօրէին զուգադիպող այս այցելութեան առիթով անակնկալ մը մատուցեց հիւրին, միասնաբար նշելու իր տօնը:

Հանդիպման աւարտին կողմերը իրար շնորհաւորեցին եւ յաջորդող օրերուն գործակցութիւնը աւելի եւս սերտացնելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:

Նշենք, որ այս տարի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները, ծրագրուած են, որ տեղի ունենան յառաջիկայ Մայիսի 15-ին:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Տեղեկատուական Գրասենեակ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img