Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապի տօնին առիթով, բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով ու սուրբերու նշխարներով պիտի կազմուի մեծաշուք հանդիսաւոր թափօր:
Արդարեւ, Կիրակի, 3 Ապրիլին, թեմիս եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագը պիտի աւարտի ժամը 10:00-ին, որպէսզի ժողովուրդը ուղղուի դէպի Անթիլիասի Մայրավանք:
Դիւրացնելու համար հաւատացեալ հայորդիներու դէպի Անթիլիաս երթեւեկը, ստորեւ նշուած վայրերուն մէջ տրամադրուած պիտի ըլլան փոխադրակառքեր, որոնք դէպի Անթիլիաս պիտի ուղղուին առաւօտեան ժամը 10:00-ին.-
1) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Պուրճ Համուտ
2) Ս. Ագնէս Վարժարան, Պուրճ Համուտ
3) Ս. Երրորդութիւն մատուռ, Ֆանար
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ