ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Այսպէս կոչուած Թաւշեայ Յեղափոխութեան ընթացք առնելուն առաջին իսկ վայրկեանէն աւելի քան վերապահ էի ու մտահոգ:
Մարգարէ մը չէի անշուշտ: Պարզապէս գիտակցական կեանքիս մեծ մասը ապրած ըլլալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնագիտութեան բերմամբ ես լաւ գիտէի populism-ի վրայ հիմնուած շարժումներու սկիզբին, ընթացքին եւ ցաւոտ աւարտին մասին:
Այս պատճառով, ուր որ հասանելի էր խօսքս ու գրութիւններով արտայայտած տեսակէտներս, անխնայ քննադատեցի Հայրենիքիս մէջ եղածը, զայն կոչելով «Պատմական Թիւրիմացութիւն»: Շատեր չհասկցան, ոմանք վախցան, ուրիշներ ինծի պիտակաւորեցին որպէս «Ժողովուրդի Թշնամին»…:
Դժբախտաբար օրերը փաստեցին, որ նշեալ «Պատմական Թիւրիմացութիւնը» որքա՜ն թանկ արժեց ազգիս ու Հայրենիքիս: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ վերջապէս այսօր՝ 1 Մայիս 2022-ը, չորս անհեթեթ տարիներու լռումին այսօրուայ պահը՝ պատմական այս թիւրիմացութեան աւարտին սկիզբը պիտի հանդիսանայ:
Վրէժխնդիր չեմ եղած ոչ մէկ ատեն, սակայն արդարութեան հաւատացած եմ: Այս «Պատմական Թիւրիմացութեան» բոլոր, ԲՈԼՈՐ հեղինակներն ալ պիտի գտնեն օրէնքով սահմանուած իրենց պատիժը:
Հայրենի իշխանութիւնը զաւթած ու շահագործած, մեր ժողովուրդը սուտերով ու կեղծ խոստումներով միայն առաջնորդած, Արցախի մեծ մասին կորուստին պատճառ հանդիսացած, մեր Հայրենիքի սահմանները վտանգած ու իմ զաւկիս հասակակից հազարաւոր լոյս տղոց արեան հեղումին պատճառ հանդիսացած իւրաքանչիւր անձ պիտի չկարենայ փախչիլ պատասխանատուութենէ:
Պիտի անպայման երթայ չարիքի այս իշխանութիւնը: Լաւ կ՛ըլլայ, որ երթայ առանց յամառութեան ու արիւնահեղութեան:
Ժամանակն է հեռացնելու այն չարիքը, որ մեր մոլորուած ժողովուրդը ինքը իր ձեռքով բերաւ մեր ազգին ու հայրենիքին գլխուն:
Ժամանակն է արդէն կեղծ ու բաժակաճառային հայրենասիրութիւնը մէկդի դնելու ու դառնալու ՀայրենաՏէր ու Տէր կանգնելու մեր Երկրին մեր արժանապատուութեան ու մեր ապագային։
Սրտանց կ՛ողջունեմ Հայոց Պատմութեան վերջին չորս տարիներու սեւ էջերը վերջնականապէս շրջելու այս կարեւոր առիթը: