Ականջալուր եղանք Ֆանարի հայկական թաղամասին մէջ ընտրական մէկ հաւաքի մը ընթացքին ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցին ղեկավարութեան հերթապահ՝ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու մշտնջենական թեկնածուին ելոյթին :
Ան, իրեն յատուկ՝ բովանդակութենէ զուրկ եւ ամբոխավարական ոճով արտասանած խօսքին մէկ պահուն, իր եւ իր գլխաւորած կուսակցութեան ընտրական խուճապը մատնող քայլով մը, յանկարծ յարձակում գործեց մեր կուսակցութեան վրայ, գոչելով, որ «Ռամկավար կուսակցութիւնը չի գիտեր իր թեկնածուն ո՞վ է»: Արդարացնելու համար իր անհիմն եւ մաղձոտ յայտարարութիւնը, պարոն ճառախօսը դիմեց բառախաղի: Ան առանց անուններ տալու, անտեղի ամբարտաւանութեամբ, խտրականութեամբ եւ անհիմն պիտակաւորումներով փորձեց մատնանշել այն թեկնածուները, որոնց ՌԱԿ կը զօրակցի: Սոյն արարքով ան ինքզինք մատնեց ակնյայտ դարձնելով, որ ինք լաւ գիտէ, թէ ՌԱԿ յստակօրէն ունի երեք թեկնածու, որոնց կը զօրակցի: Կը մնայ սոյն աժան աճպարարութիւնը աւելի եւս բացայայտել այստեղ նշելով, թէ թիւով երեք թեկնածուներ մեր ունենալուն պատճառը, ո՛չ թէ (աճպարարին բառերով) «ռամկավար կուսակցութեան» շփոթն է, այլ՝ երեք տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ դաշնակցութեան թեկնածուներուն հետ մրցող թեկնածուներ ունենալու փաստն է, որ ըստ երեւոյթին անհանգստացուցած է Լիբանանի դաշնակ ղեկավարութեան:
Լիբանանի ՀՅԴ-ի հերթապահը, իր ակնյայտ խուճապին մէջ նոյնիսկ չանդրադարձաւ, որ ինք իր այս խօսքով կը հաստատէ, թէ Լիբանանի մէջ, թէ ընդհանրապէս, ՀՅԴ-ի մրցակից կայ մէկ ու միակ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն: Այս բանը, հակառակ Լիբանանի շրջանակը պառակտելու իր անձնական անյոյս փորձին, որուն ընդմէջէն ան քաջալերեց եւ աննախադէպ քայլերով ամէն ինչ ըրաւ յառաջ մղելու ՌԱԿ-ի շարքերուն մէջ յայտնուած՝ դաշնակցութեան մանկլաւիկը հանդիսացող պատեհապաշտ ատամնաբոյժ աշխատողի մը իբր թէ գլխաւորած հերձուածը: Փաստօրէն ան, ի հեճուկս նշեալ հերձուածին ընդունեց, որ ՀՅԴ-ի միջոցներով սնանող ու անոր քաջալերանքով իր ողորմելի գոյութիւնը քարշ տուող այդ արհեստածին խմբակին կրաւորական կեցուածքները եւ օրն ի բուն ՀՅԴ-ին ծառայող յայտարարութիւնները, առ ոչինչ են:
Աւելին, նշեալ ճառախօսը իբր թէ զգացական հոգեվիճակով եւ բեմական «վեհանձնութեամբ» մը, հաւաքին մասնակիցներուն կոչ ուղղեց ըսելով, թէ. «Եթէ պիտի չքուէարկէք դաշնակցութեան ցանկերուն, քուէարկեցէ՛ք այն ցանկին, որուն վրայ հնչակեան թեկնածու կայ»: Մինչ Հնչակեանները տակաւին առիթը չէին ունեցած յուզուելու լսելով դաշնակցական այս «ինքնազոհութեան» մասին, խտրականութեան եւ հատուածապաշտութեան ռահվիրայ կուսակցութեան ճառախօսը, արդէն ինքզինքը հակասեց երբ վայրկեաններ չանցած ներկաներուն ՀՐԱՀԱՆԳԵՑ, որ Մայիսի 15-ին միահամուռ ուղղուին քուէատուփ իրենց քուէները տալու համար ՄԻԱՅՆ դաշնակցութեան ցանկին…:
Մեզի կը մնայ այս անգամ, այսքանով բաւարարուիլ, յուշելով մեր «գործընկերին», թէ ժամանակն է վերջապէս հրաժարելու նմանօրինակ, այլեւս ոչ մէկ արժէք ունեցող ոճէ եւ թելադրել, որ չծաղրէ լիբանանահայութիւնը նման բառախաղերով եւ աժան ամբոխավարութեամբ:
Ամէն պարագայի եկած է հաշուետուութեան պահը: Մայիսի 15-ը մօտ է, իսկ քուէատուփերու պարունակութիւնը ինքն է, որ պիտի ամէն բան իր տեղը դնէ:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ