ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Աննախընթաց երեւոյթով մը, Երեքշաբթի 10 Մայիս 2022-ին միայն, Երեւանէն Պէյրութ թիւով չորս օդանաւային թռիչքներ գրանցուած են (մէկ հերթական՝ թռիչքի համար ME 276 եւ 3 արտակարգ ME 2276, ME 1276, ME 3276): Նշեալին փաստացի տուեալները կցուած են սոյն տեղեկանքին:
Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրէին տեղի ունեցած սոյն երեւոյթը կարգ մը հարցեր կը բարձրացնէ.
- Արդեօք նշեալ թռիչքներու վրայ տեղ գտած ճամբորդները լիբանանահայե՞ր էին, որոնք Լիբանան կը վերադառնային ընտրութիւններու մասնակցելու նպատակով:
- Եթէ հաստատուի վերոյիշեալը, կը նշանակէ, որ լիբանանահայերու կողմէ մե՜ծ հետաքրքրութիւն կար մասնակցելու Մայիսի 15ի ընտրութիւններուն: Այս պարագային, ինչո՞ւ անոնք չէին գրանցուած Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ քուէարկելու: Նշենք, որ Հայաստանի մէջ նշեալ ընտրութիւններուն համար գրանցուածներուն թիւի սակաւութիւնը պատճառ հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ քուէատուփեր չտեղադրուելուն:
- Ընտրապայքարը նախորդող ամիսներուն Լիբանանի ՀՅԴ-ի ղեկավարը այցելած էր, Հայաստան ու հանդիպում ունեցած այնտեղ բնակող լիբանանահայերու հետ: Արդեօ՞ք այս այցելութիւնն ու հանդիպումը, ոեւէ առնչութիւն ունի՞ն վերոյիշեալ երեւոյթին հետ:
- Վերոյիշեալ երեւոյթը կրնա՞յ ընտրութիւններով շահագրգռուած կողմի մը հերթական ընտրակաշառքը ըլլալ օդանաւային տոմսակի ձեւով փաթեթաւորուած:
- Նկատի ունենալով առկայ թռիչքներու համարներն ու անոնց կայացած ըլլալու փաստը, կարելի չէ՞ ստուգել անոր համար գումար յատկացուցած կամ տոմսերը ապահոված կողմին անունը:
- Կասկածը հաստատուելու պարագային, դատապարտելի չէ՞ այն կողմը, որուն ձեռնարկածը ընտրական օրէնքի բացայայտ խախտում ըլլալու կողքին նաեւ շահագործում է արտերկիր ապրողներու Լիբանանի կարօտը իրենց սրտին մէջ ունեցողներուն ազնիւ զգացումներուն:
- Տեղին չէ՞ նաեւ ստուգել եթէ նոյնանման երեւոյթ գրանցուած է նաեւ այլ երկիրներու պարագային:
- Իրենց բնակած երկրին մէջ քուէարկելու իրաւունքը քաջալերելու փոխարէն, քաղաքացիներ Լիբանան փոխադրելը ընտրակաշառքէ բացի նաեւ չի՞ հետապնդէր անոնց ընտրական ազատ կամքին վրայ բարոյական ճնշում:
Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ եւ այս առիթով, կը դիմեմ Պէյրութի Ընդհանուր Դատախազութեան, վերոյիշեալ կէտերը ընդունելու որպէս Տեղեկանք եւ առ այդ պարտն ու պատշաճը տնօրինելու: