Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Գործել Արդար, Ազնիւ Եւ Օրինաւոր Մրցակցութեան Պայմաններու Մէջ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Այսօր, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութենէն երկու շաբաթ ետք, արժէր, որ համապարփակ արժեւորումը կատարէինք նախընտրական, ընտրական ու յետընտրական երեւոյթներուն ու գործընթացներուն, մասնաւորաբար լիբանանահայութեան շրջանակին մէջ:
Նախընտրական շրջանն ու ընտրութեան օրը յատկանշուեցան մարդիկը սեւի ու ճերմակի, մեր-ի ու ձեր-ի բաժնելու ամօթալի եւ անընդունելի փաստերով, որոնք հայկական ծանօթ մենատիրական կողմը կիրառեց յատկապէս Պուրճ Համմուտի եւ Այնճարի մէջ: Հայաբնակ վայրեր, որոնք նշեալ կողմը կը նկատէ իր հօրենական ժառանգութիւնը:


Կիրառուեցան հայ ընտրողները ահաբեկելու նուրբ եւ բացայայտ ձեւեր՝ սպառնալիքներ, հայհոյանքներ, ելեկտրականութենէ եւ կառատունէ զրկում, ընդհուպ՝ փողոցներու եւ ակումբներու մէջ ծեծ ու ջարդ:
Արտասահմանէն եւ Հայաստանէն հրաւիրուեցան հազարաւոր ընտրողներ՝ վճարելով անոնց օդանաւի տոմսերուն գինը:


Աւելին, նշեալ կողմը գործի լծեց հայ առաքելական համայնքի բարձրաստիճան հոգեւորականներ, որոնք իրենց կոչերով ոտնատակ կու տային այն պարզ գիտակցութիւնը, որ Լիբանանի խորհրդարանի իւրաքանչիւր երեսփոխան ամէն բանէ առաջ, կը ներկայացնէ ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդին շահերը եւ ոչ թէ անոր այս կամ այն հատուածինը միայն: Ցաւալի երեւոյթ:


Ընտրութեան օրը գործի դրուեցան ընտրողները հրապուրելու եւ զանոնք քուէատուփ առաջնորդելու զանազան՝ օրէնքով թոյլատրելի ու անթոյլատրելի եղանակներ՝ մահակի եւ քաղցրաւենիքի ցուցադրութեամբ: Ոմանք քուէարկեցին ի նպաստ այդ կողմին՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐՈՒՆ, իսկ շատեր ալ ԱՌԱՆՑ ՆՈՅՆԻՍԿ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ:


Յետընտրական շրջանին եւս այդ կողմին կիրքերը կարծես հանդարտելու միտում չունին: Լիբանանի մէջ արձանագրելով յստակ նահանջ, այդ կողմը կը յայտարարէ, թէ … յաղթեր է: Օտեանի վէպին հերոսը անմահ է…:

Ազատախոհ Լիբանանահայերու Համախմբումը այսու կը յայտարարէ, թէ կառչած կը մնայ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն, եւ կոչ կ’ընէ նշուած մենատիրական կողմին՝ վերջ տալու անցեալ դարու ընտրապայքարները յիշեցնող, իրենց դարը ապրած, մերժելի ու դատապարտելի եղանակներուն, եւ գործելու արդար, ազնիւ եւ օրինաւոր մրցակցութեան պայմաններու մէջ՝ յօգուտ լիբանանահայ համայնքին եւ Լիբանանին:

ԱԶԱՏԱԽՈՀ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Պէյրութ, 30 Մայիս 2022

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img