Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Նամակ Ամերիկայէն -25- Ամերիկան Ո՞ւր Կ՛երթայ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2024-ի Նոյեմբեր ամսուն: Այսուհանդերձ քաղաքական մեկնաբաններ և քաղաքական գործիչներ արդեն իսկ սկսած են իրենց կարծիքները արտայայտել ու թելադրութիւնները կատարել այս նիւթին շուրջ:

Նիւ Եորք Թայմզի Յուլիս 14-ի թիւին մէջ, սիւնակագիր Տէյվիտ Պրուքս լուրջ վերլուծականով կ՛արտայայտուի երկու տարի ետք տեղի ունենալիք 6-րդ նախագահական ընտրութիւններուն: Ան կը մատնանշէ, թէ ամերիկացի ժողովուրդին միայն 13 առ հարիւրը կը հաւատայ, թէ երկիրը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Ան կ՛աւելցնէ, թէ երկրին բնակչութեան սոսկ 33 առ հարիւրը համամիտ է նախագահ Պայտընի գործունէութիւններուն:

Աւելին, Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան շատ մը անդամները՝ մեծամասնութեամբ դեմոկրատ, սկսած են պնդել, թէ իր յառաջացեալ տարիքին բերումով, նախագահ Պայտընը պէտք է հրաժարի վերընտրութեան արշաւին մասնակցելէ: Նման անձինք կը յիշեցնեն, թէ նախագահը 81 տարեկան հասակին ֆիզիքական կորովն ու մտային ճկունութիւնը պիտի չունենայ բուռն ընտրապայքարի մասնակցելու:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները Տան երկու ազդեցիկ դեմոկրատ անդամներ՝ Ճերի Նետլըր և Քարոլին Մալոնի (որ ծանօթ է իր հայանպաստ դիրքորոշումներով) երկուքն ալ Նիւ Եորք քաղաքի զանազան ընտրաշրջանները ներկայացնող, խուսափողական պատասխաններ տուին վերջերս, երբ լրագրողներ հարց տուին, թէ պիտի պաշտպանե՞ն Պայտընի վերընտրութեան թեկնածութիւնը: Տիկին Մալոնին շեշտեց, թէ իր կարծիքով նախագահը իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջարկէ: Նաև Քոնկրէսի այլ անդամներ չեն քաջալերեր Պայտընի վերընտրութեան համար առաջադրուելիք թեկնածութիւնը: Դեմոկրատ յայտնի գործիչներ և անձնաւորութիւններ կը ձայնակցէին՝ պնդելով, թէ նախագահը իրագործած ըլլալով դեմոկրատական կուսակցութեան օրակարգի շատ մը կարևոր ծրագիրները յօգուտ ամերիկացի ժողովուրդին, պէտք է փառքով և պատուով հեռանայ Սպիտակ տունէն: Շատերը մտահոգ են այն իրողութեամբ, թէ ան եթէ վերընտրութեան իր թեկնածութիւնը դնէ, հանրապետականներուն հաւանական թեկնածուն՝ Տոնալտ Թրամփ, կրնայ զինք պարտութեան մատնել:

Դեմոկրատ կուսակցութեան աւագանին լուրջ փնտռտուքի լծուած է երիտասարդ, տեսիլք ունեցող և քարիզմատիք /Քենետիի պատկերով/ քաղաքական դէմք մը գտնելու: Դժբախտաբար, սակայն քաղաքական հորիզոնին վրայ նման անձ մը յայտնաբերուած չէ տակաւին: Քաղաքական դէտեր այս ամլութեան պատճառը կը նկատեն Քլինթընները, որոնք իրենց քաղաքական անյագ փառասիրութեան պատճառով արմատախիլ ըրին որևէ մրցակցութիւն:

Տեյվիտ Պրաքս կը գրէ, թէ ամերիկացի հասարակութիւնը սկսած է ստուար թիւով, տարուէ տարի, անտարբերութիւն ցոյց տալ երկու գլխաւոր կուսակցութիւններուն նկատմամբ: Ան, հիմնուած վիճակագրական նորագոյն տուեալներու վրայ կը մատնանշէ, որ ամերիկացի քուէարկողներուն 62 առ հարիւրը ուժգին կերպով կը հաւատան երրորդ կուսակցութեան մը անհրաժեշտութեան մասին: Ժողովուրդը զզուած է ներկայ իրավիճակէն կը գրէ ան աւելցնելով, թէ ամերիկացիք համոզուած են, թէ ներկայ վարչամեքենան չի բանիր: Երիտասարդ քուէարկողներուն գրեթէ կէսը, կը հաւաստիացնէ ան, թէ կը զգան, որ իրենց քուէները ոչ մէկ տարբերութիւն կ՛ընեն կառավարութեան գործելակերպին վրայ:

Իրերու այս դրութեան մէջ, հետեւաբար ինչպէ՞ս այպանել այն երկիրները, որոնց ղեկավարները միահեծան կը կառավարեն: Ինչո՞ւ պատրուակել, թէ այդ երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութիւն գոյութեան չունի, որովհետև այդ երկիրներուն առաջնորդները՝ Ռուսիոյ Փութինը, Եգիպտոսի Սիսին և ուրիշները, հնազանդ չեն Ուաշինկթընի ցուցմունքներուն:

Արդեն տասնամեակներէ ի վեր Ուաշինկթընի մէջ դեմոկրատներու և հանրապետականներու միջև համագործակցութիւնը կասեցուած է, յայտնապէս ի վնաս ամերիկացի ժողովուրդին: Երբ հանրապետականները մեծամասնութիւն կը կազմեն, անոնք կը խափանեն դեմոկրատներու կողմէ ներկայացուած որևէ ծրագիր: Պարագան նոյնն է դեմոկրատներուն:
Այս բևեռածումը շատ աւելի ակնյայտ դարձաւ Օպամայի ութնամեայ պաշտօնավարութեան շրջանին եւ տակաւին կը շարունակուի շատ աւելի ծայրայեղ կերպով:

Միակ կէտը, որուն շուրջ երկու աւանդական կուսակցութիւնները միաքայլ կ՛ըթանան՝ արտաքին քաղաքականութիւնն է:
Երկու կողմերն ալ կը փորձեն գերազանցել զիրար, Իսրայէլի պաշտպանութեան ախոյան հանդիսանալով: Գործելաձեւի նմանութիւնը նոյնն է Չինաստանին ընդդէմ: Երկու կուսակցութիւնները հաւասարապէս վճռական են զսպելու Փեքինի տարածուող ազդեցութեան գօտիները: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ և անոր նախագահ Վլատիմիր Փութինին, երկու ճակատներն ալ կարծէք երդում առած են տապալելու ռուս նախագահը և կործանելու Ռուսիոյ տնտեսութիւնը, զայն դարձնելով երրորդ աշխարհի երկիր մը:

Արդարև երկու կուսակցութիւններուն կողմէ ծայրայեղ այս արտաքին քաղաքականութեան վարքագիծը, որուն ճարտարապետութիւնը ստանձնուած է Սպիտակ տան կողմէ, աւելի վնաս կը պատճառէ Ամերիկայի հեղինակութեան և շահերուն: Յատկապէս, ուքրանական պատերազմի հարցով Ուաշինկթընը իր մեկուսացումը ծածկելու համար՝ ինքզինք շրջապատուած է եւրոպական երկիրներով: Հարաւային Ամերիկան, Ափրիկէ, Միջին Արևելք և Ասիա – այս ցամաքամասներէն ու տարածաշրջանէն ոչ մէկ երկիր բարձրաղաղակ դիրքորոշում չէ արտայայտած ի նպաստ Ամերիկայի անոր առաջնորդութեամբ Քիեւին հայթայթուող անսահման և գերարդիական զինուորական սարքաւորումներուն: Նաև այս երկիրներէն որևէ մէկը փաստօրէն չքննադատեց Ռուսիոյ յարձակումը Ուքրանիոյ վրայ այլ ջատագովը հանդիսացան և կը շարունակեն հանդիսանալ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու փորձերուն: Լարախաղաց Թուրքիան նոյնիսկ, ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլալով հանդերձ ցայդ մերժած է Ռուսիոյ դէմ իրականացուող տնտեսական-քաղաքական պատժամիջոցներուն մաս կազմել:


Նիւ Եորք

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img