Լիբանանի Պետական երեսփոխանուհի (Խորհրդարանի Պատգամաւոր) Փոլա Եագուպեան, խիստ կերպով կը դատապարտէ ընթացիկ ամսուայ 13-ին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծած Ատրպէյճանի թշնամական վերջին ներխուժումը: Արդարեւ 13 Սեպտեմբերի լուսաբացին, ատրպէյճանական բանակի միաւորներ նախայարձակ հանդիսանալով մուտք գործեցին Հայաստանի արեւելեան գերիշխան տարածքներէն ներս, յատկապէս թիրախաւորելով Վարդենիսի, Սոթքի, Ջերմուկի, Գորիսի եւ Կապանի շրջանները՝ խլելով աւելի քան 150 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։ Ազրպէյճանի բանակը անխնայ ռմբակոծեց վերոյիշեալ շրջաններուն ինչպէս պետական, նաեւ քաղաքացիական ու զբօսաշրջային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ:
Նկատի ունենալով տարածաշրջանի եւ մեր Հայրենիքի խաղաղութեան կենսական կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ անոր բնակչութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը, կոչ կ՚ուղղենք միջազգային ընտանիքին ու Մարդկային Իրաւունքներու պատկան մարմիններուն լիովին ստանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան ու անոր բնակչութեան հանդէպ ունեցած irynx պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Միեւնոյն ժամանակ կը պահանջենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն յարգել Հայաստանի գերիշխանութիւնը ու ետ կանգնիլ վտանգաւոր արկածախնդրութիւններէ, փոխարէնը ձեռնարկել խաղաղ բանակցութիւններու:
Վերջին իրադարձութիւնները անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ Պաքուն կը շարունակէ ուժի տրամաբանութիւնը կիրառել հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ նոր հաւասարակշռութիւններ պարտադրելու համար, որ ինքնին լուրջ խնդիր է եւ ուղղակի սպառնալիք տարածաշրջանի ապահովութեան: Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ անհրաժեշտ է, որ ատրպէյճանական կողմը ամէնաշուտ ժամանակամիջոցի ընթացքին դուրս բերէ իր ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն եւ տուն վերադարձնէ բոլոր ռազմագերիները:
Այս առիթով Փոլա Եագուպեան իր ու իր ներկայացուցած լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին անունով խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ բոլոր նահատակ հայորդիներուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն: