Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պէտք Չէ Խաղաղութեամբ Ննջել, Այլ Պէտք Է Ապրիլ՝ Պայքարելով

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Տեղական կառավարումը կը սահմանուի որպէս տեղական մակարդակով հաւաքական գործողութիւններու ձեւակերպում եւ իրականացում: Ան շատ կարեւոր հաստատութիւն է, որովհետեւ Տեղական ինքնակառավարման մարմինները կրնան նախաձեռնել տուեալ համայնքի մը տնտեսական ծրագրաւորման ու զարգացման ջանքերը:

Տեղական կառավարման կատարելագործումը կենսական գործիք է՝ երաշխաւորելու համայնքի մը խաղաղութիւնը, խթանելու տնտեսական զարգացումը, առաւելագոյնի հասցնելու վարչական արդիւնաւէտութիւնը եւ ապահովելու ընկերային համարկումը (սոցիալական ներառում) եւ բնապահպանական կայունութիւնը:

Կ՛ապրինք դաժան եւ անհասկնալի օրեր: Մենք այսօր ազգովին կը դիմակալենք մեր հայրենիքին անկախացումէն ի վեր ամենադժուար պատմական ժամանակահատուածը, մինչ մենք, Հայաստանի շատ մը շրջաններուն մէջ կայանալիք Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններու շեմին ենք: ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին համաձայն վաղը՝ 25 Սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան 18 տարբեր համայնքներու մէջ նշանակուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ: Արդարեւ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ պիտի կայանան Արագածոտնի մարզի Ալագյազ, Ծաղկահովիտ, Թալին. Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ. Լոռիի մարզի Գյուլագարակ, Ալավերդի, Լոռի Բերդ, Տաշիր. Կոտայքի մարզի Չարենցաւան, Ակունք, Բիւրեղաւան, Ջրվէժ. Շիրակի մարզի Անի. Սիւնիքի մարզի Սիսիան, Քաջարան. Վայոց Ձորի մարզի Արենի, Եղեգիս. եւ Տավուշի մարզի Բերդ համայնքներուն մէջ:
Սեպտեմբերի 13-ին մեր ժողովուրդին թշնամին մեր երկրին վրայ դարձեալ յարձակելով խլեց լաւագոյն հայորդիներուն կեանքը: Մեր երկրին գերիշխան սահմանները անգամ մը եւս խախտուեցան: Այս պայմաններուն տակ Հայաստանի իշխանութիւնները չչեղարկեցին կամ չյետաձգեցին վաղը՝ Սեպտեմբերի 25-ին կայանալիք տեղական ընտրութիւնները։ Իշխանութիւն ըլլալու հանգամանքով պատկան մարմինները տեսականօրէն ապահոված ըլլալով պետական համակարգի պաշտօնէութեան ձայները, առիթը չուզեցին տալ իշխանական ցանկերուն դէմ ընտրապայքար մղող կողմերուն քարոզարշաւներ յաջողցնել խաղաղ պայմաններու մէջ:
Վերոյիշեալը յաւելեալ պատճառ մըն է, որ իրենց համայնքին մէջ փոփոխութիւն տեսնել ցանկացող քաղաքացիներ աւելի եւս պարտաւոր զգան վճռակամութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերելու վաղուայ ընտրութիւններուն:
Ատենն է, որ մեր ժողովուրդը աւելի եւս արժեւորէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կարեւորութիւնը եւ իր գործնական մասնակցութիւնը բերէ համայնքներու զարգացման գործին մէջ: Այս բանը նաեւ կարեւոր գործօն է բոլոր անոնց համար, որոնք իշխանափոխութիւնը կարեւոր կը նկատեն այսօր: Նման ընտրութիւններ լաւագոյն առիթն են ազատելու Հայաստանի համայնքները ներկաներու քմայքոտ իշխանութենէն եւ ինչու չէ՝ նախկիններէն: Վաղը տուեալ համայնքները հնարաւորութիւնը պիտի ունենան վճռական ՈՉ ըսելու այսօրուայ փնթիութեան ու անիշխանութեան՝ առանց անցեալի արատաւոր երեւոյթներու վերադարձի վախերուն։ Պէտք է ընտրել լաւագոյնը: Պէտք է ընտրել այն ցանկերը, որոնք ո՛չ մէկ կերպով առնչուած են ու պատճառ հանդիսացած մեր ներկայ դաժան իրավիճակին գոյառումին:
Բոլոր անոնք, որոնք ձեւեր կը որոնեն ազատուելու ներկայ վատ իրավիճակէն պէտք է հասկնան, որ իրենց դերը մեծ է այս գործընթացի յաջողութեան մէջ:
Ժողովուրդը իր ձեռքով եւ իր ընտրութեամբ է, որ կրնայ իրավիճակ փոխել եթէ իրապէս կը կամենայ: Տեղական ընտրութիւնները նաեւ քաղաքական են ի վերջոյ, որովհետեւ կարելի չէ անջատել երկրի մը զարգացումն ու յառաջխաղացքը իր քաղաքական վերնախաւէն ու իրավիճակէն:
Հետեւաբար վաղը, գիտակից եւ արժանապատիւ ընտրութեան օր է եւ փոփոխութիւնը կը սկսի նախ մարդուս տունէն՝ սեփական համայնքէն:
Այս օրերուս արեւմտեան կարգ մը երկիրներ ապահովական նկատառումներով, իրենց քաղաքացիներուն զգուշացուցած են մեր Հայրենիքի կէսէն աւելի տարածքներուն մէջ գտնուիլ, ընդ որում ընտրութիւններ կայանալիք համայնքներուն մէջ: Այս անապահով ու վտանգաւոր իրավիճակին պատասխանատուն այսօրուայ իշխանութիւնն է ի վերջոյ: Նուազագոյնին մէջ իր անկազմակերպ եւ թափթփած գործելաձեւով, թշնամին շատոնց կառավարութեան շէնքին մէջն է: Պահը լաւագոյնս օգտագործող անոր դաշնակիցը՝ թուրքը, շուտով կրնայ յայտնուիլ իւրաքանչիւր համայնքի մատոյցներուն մէջ: Պինդ քնացած մնալով մենք կրնանք շուտով յաւերժօրէն ննջել: Պէտք չէ խաղաղութեամբ ննջել, այլ պէտք է ապրի՛լ՝ պայքարելով:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img