Հինգշաբթի, 16 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Արցախն իր խոսքն ասեց, հերթը մերն է․ Սևակ Հակոբյան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Բեյրութի հայկական «Զարթոնք» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Սևակ Հակոբյանն իր ֆեյսբուքյան էջում գրում է․

Սոչիի մէջ երէկ ընթացք առաւ եռակողմանի հանդիպում մը Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի, ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ, որ ճակատագրական է ու պատմական ազգային իմաստով: Ներազգային մեր թեթեւսոլիկ պահուածքը սակայն մնաց նոյնը: Ընկերային համացանցը ամբողջ օրը ողողուած էր սոյն նկար(ներով)՝ կցուած կամ առանցին: «Հետաքրքրական» էին մեկնաբանութիւնները, որոնք բաժնուած էին երեք դասակարգի.

1. Ընկերային համացանցի իշխանամէտ օգտատէրերն ու իշխանական ֆէյքերը, աճապարած էին հրճուանքով մեկնաբանելու, թէ նախագահ Փութին բռնած է Վարչապետ Փաշինեանին հովանոցը…:

2. Ռուսամէտ, նաեւ հակառուս օգտատէրերը նոյնպէս անմասն մնացած չէին մեկնաբանելէ: Ռուսամէտները հպարտ էին, թէ Հայաստան Ռուսիոյ հովանիին տակն է: Հակառուսերը կսկիծով անդրադարձած էին նոյն երեւոյթին մասին…:

3. Ընդդիմութեան շարասիւնը իր կարգին մեկնաբանած էր, թէ Փաշինեանը հովանոց մը իսկ չունի համեմատած Ալիեւին…: Նման զաւեշտ ու համացանցային քաշքշուք տարօրինակ չի սեպուիր բնական պայմաններ ապրող ժողովուրդի մը համար, սակայն մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին ապրած այսօրուայ պայմաններուն մէջ, սոյն թեթեւամիտ երեւոյթն ու հարցերուն մօտեցումը աւելի քան զզուելի է: Զուգահեռ իրականութիւններ ապրող ու ողջմտութիւնը ատենէ մը ի վեր կորսնցուցած ազգի մը վառ օրինակն է սա: Ժողովուրդ մը, որուն առաջնահերթութիւնները այնքան տարբեր են, մինչ հիւմըրը չափազանց ցածորակ: Այս վիճակը մինչ, Սոչիի մէջ կը վճռուի Արցախի ու անոր քաջարի ժողովուրդին ճակատագիրը, ուր հրապարակուած եռակողմանի յայտարարութեան մէջ ի դէպ, ոեւէ բառ չկար Արցախի ինքնորոշման մասին: Իրականութեան մէջ սակայն պէտք չէր նման բացայայտ բան սպասել:

Ուրախալին այն է սակայն, որ յայտարարութեան շարադրանքին մէջ կան հատուածներ, որոնք կրնան նախ ապահովել ռուս խաղաղապահներու երկարատեւ կեցութիւնը Արցախի մէջ, բան մը, որ ժամանակ շահիլ է յօգուտ մեզի, ինչպէս նաեւ յայտարարող պաշտօնատարներուն կողմէ կերպով մը պաշտօնական հաստատում, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին: Հիմնուելով այս բանին վրայ, կարելի է ըսել, որ Հոկտեմբեր 31-ին (Սոչիի յայտարարութեան նախօրէին) Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հզօր հանրահաւաքը ժամանակին էր եւ աւելի քան կարեւոր: Կը մնայ դասեր քաղել Արցախի քաջարի ժողովուրդի կեցուածքէն ու ընդօրինակել զայն յօգուտ ազգային համընդհանուր Զարթօնք-ի:

Արդարեւ Արցախը, Հոկտեմբերի 31-ին իր գործնական եւ ուժգին խօսքը ըսաւ, կը մնայ Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան ողջմիտ, քաջ եւ միակամ կեցուածքը, հեռու ֆէյսպուքեան խեղկատակութենէ:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img