Կիրակի, 19 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՆՀԵԹԵԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՎԱՌ ՕՐԻՆԱԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՔՔԱՐ ՆԱՀԱՆԳԻՆ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

«Զարթոնք» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Սևակ Հակոբյանը ֆեյսբուքյան էջում գրում է․

Իմացանք, որ Լիբանանի հիւսիսը գտնուող Աքքար Նահանգին, Ալ Քաուաշիրա գիւղաքաղաքին մէջ վերջերս բացումը կատարուէր է այսպէս կոչուած Ազրպէյճանի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանի մը…:

Բացման արարողութեան տեղի ունեցած է Ազրպէյճանական պաշտօնական ներկայութեամբ, իսկ «հանդիսութեան» խօսք առած է նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ՝ Մոհամմատ Սուլէյման:

Երկիրներու միջեւ բարեկամութիւնը վատ երեւոյթ չէ, սակայն Արցախի 44-օրեայ պատերազմին երկրորդ տարեդարձին Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ նման գործողութիւն մը աւելի քան վիրաւորական է Հայ ժողովուրդին եւ լիբանանահայ համայնքին համար: Ամօթալի է նաեւ Լիբանանի պետութեան համար, որուն քաղաքացիներէն՝ Վիգէն Իւլճէքեան երկու տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն գերեվարուեցաւ Ազրպէյճանի բանակին կողմէ, եւ մինչեւ օրս անտանելի պայմաններու մէջ եւ անարդար մեղադրանքով կը մնայ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, մինչ անոր Լիբանանի քաղաքացի ընտանիքը տառապանք կ՛ապրի: Խօսքը նոյն այն լիբանանցի քաղաքացիին մասին է, որուն ազատագրման համար Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ջանքերը տակաւին ապարդիւն են:

Լիբանանի պետութիւնը տեղեա՞կ է այս յուշարձանին կայացումէն, թէ սոսկ տեղական նախաձեռնութիւն է: Զայն կառուցել նախաձեռնողները, արտօնողներն ու օրհնողները ականատեսը եղած չե՞ն ազերիական պատերազմական ոճիրներուն: Լիբանանի նահատակներուն նուիրուած յուշարձան մը գոյութիւն ունի՞ արդեօք Ազրպէյճանի մէջ:

Պարզ է, թէ Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը, Լիբանանի բնակչութեան բաղկացուցիչ տարրերէն, որոշ շրջանակներուն «մարդասիրական» օգնութիւն ցուցաբերելու, որուն որպէս փոխադարձ, տուեալ շրջանակներու քծնումին եւ անհեթեթութեան վառ օրինակ մըն է եղածը, նաեւ գուցէ, այնտեղ խօսք առնող Լիբանանցի երեսփոխանին ընտրական հաշուարկները, սակայն ո՞ւր է Լիբանանեան պետութիւնը…:

Տուեալ յուշարձանը անշուշտ մի քանի ժամուայ ընթացքին մտայղացուցած, կառուցուած ու բացումը կատարուած անակնկալ մը չէր անշուշտ: Ի տես անոր նախապատրաստութեան ու բացման արարողութեան, ո՞ւր էին կամ են լիբանանահայ համայնքի կրօնական, թէ աշխարհական առաջնորդներն ու ղեկավար մարմինները: Ո՞ւր են լիբանանահայ համայնքին նախկին թէ ներկայ քաղաքական ներկայացուցիչները Լիբանանի կառավարութեան, թէ խորհրդարանին մէջ, մանաւանդ ո՞ւր է անոնցմէ դաշնակ ներկայացուցիչներէն մին, որ առիթը չի փախցնէր «Փի Առ»-ուելու լիբանանահայ Վիգէնի գերեվարութեան թեմայով…:

Արցախը իր բախտին ձգած, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսելիք մը ունի՞ արդեօք այս հարցին մասին: Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանին ուղղելիք արդարացի հարցադրումներ ունի՞ արդեօք:

Վերջապէս, երկիրների միջև բարեկամական յարաբերութիւնները ողջունելի են անշուշտ, բայց անոնք հիմնուած պէտք է ըլլան իւրաքանչիւր երկրի կողմէն միւսին գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքին վրայ, որպէսզի այդ յարաբերութիւնները չվերածուին կախեալութեան, պաշտամունքի ու քծնումի անհեթեթ երեւոյթներու:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img