Բեյրութի «Զարթոնք» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Սևակ Հակոբյանն իր ֆեյսբուքյան էջում գրում է․
«Լիբանանի տարածքին կլիմայական պայմանները առատ անձրեւներ յառաջացուցին, որոնցմէ յառաջացած ջուրերը փակեցին Լիբանանի տարբեր շրջաններու ճամբաները, մեծ թիւով քաղաքացիներ արգելափակելով իրենց ջրամոյն եղած ինքնաշարժներուն մէջ:
Արդարեւ, լիբանանեան հին-նոր անվերջանալի պատմութիւն, որ ըստ երեւոյթին լուծում պիտի չունենայ մինչ Լիբանան կ՛ապրի թշուառ օրեր:
Նշեմ, որ երէկ Լիբանանի Քաղաքացիական ապահովութեան բաժանմունքը, յայտարարեց, թէ իրենց ինքնաշարժներով մէկտեղ ջրամոյն եղած մեծ թիւով քաղաքացիներ ազատած է Նահր Իպրահիմի, Քասլիքի, Զուքի եւ Նահր էլ Քալպի եւ այլ շրջաններու ճամբաներուն վրայ»: