Կիրակի, 19 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

ՄԵՐ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՆԱԿԱՆԷՆ ՇԵՂԵԼ ՓՈՐՁԵԼՈՒ ՆՈՒՐԲ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ի տես Ստեփանակերտի «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ Կիրակի 25 Դեկտեմբերին կայացած արցախահայութեան բողոքի տպաւորիչ հանրահաւաքին, Ազրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Ալի Քերիմլի հետեւեալ գրառումը ըրած է ընկերային համացանցի իր էջին վրայ. «Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած նախկին բազմամարդ հանրահաւաքի ժամանակ մենք մեզ կը սփոփէինք՝ ըսելով, որ հաւաքին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը բերուած են Հայաստանէն։ Հիմա ճանապարհը փակ է։ Ոչ ոք կրնայ Հայաստանէն ցուցարարներ բերել։ Հիմա ինչպէ՞ս կը պատրաստուինք սփոփել մենք մեզի»:

Մինչ թշնամի կողմը չի թաքցներ իր տպաւորութիւնն ու խոստովանութիւնը, եկէք տեսէք, որ մեր մօտ նոյն օրը նոյն պահուն Հայաստանի Հանրապետութեան «ազգընտիր» Վարչապետին կողակիցը, Արցախի ժողովուրդին պոռթկումին առնչութեամբ, ի՞նչ բովանդակութեամբ գրառում ըրած է, քննադատելով իրենց զաւակներուն ապագային համար պայքարող արցախցի ճարահատ ծնողները.
«… Մեծահասակները երեխաների ձեռքները սրտաճմլիկ գրառումներ են տալիս, կանգնեցնում են տօնածառների առաջ ու լուսանկարում: Լացացնող տեքստեր են սովորեցնում ու տեսանկահարանում, նրանց մասնակցութեամբ տարբեր ակցիաներ են կազմակերպում եւ այդ ամենը տարածում են աշխարհով մէկ, որպէսզի խղճահարութիւն յարուցեն…: 3, 4, 5 տարեկան բալիկներին հայրիկներն ու մայրիկները ստիպում են պարզել հետեւեալ բնոյթի թեքստեր. «Բացէք կեանքի ճանապարհը, ես ապրել եմ ուզում», «Կարօտում եմ իմ անհոգ Արցախը», «Մենք այստեղ ենք ուզում միայն ապրել», «Արցախը կայ ու միշտ կը լինի», Արցախը իմ հոգին ու սիրտն է», «Օզումում ճանապարհը բացուի, մամաս պապաս կյան կոխկս», «Ես Ձմեռ պապիկից ոչինչ չեմ ուզում, միայն խաղաղութիւն», «Արցախում կամքի ուժ կա» եւ այլն: Երեխաները չեն տիրապետում տարածաշրջանային խնդիրներին, եւ նրանց մօտ իհարկէ հարցեր կ՛առաջանան»…:
Believe it or not!! (հաւատաք, կամ ոչ) այո՛ հրապարակային վերոյիշեալ գրառումը եղած է իր հայրենի հողին վրայ իր ապրելու իրաւունքին համար պայքարող արցախահայութեան հանրահաւաքին օրը:

Աւելին, նշեալ օրուայ թուականէն ո՛չ շատ առաջ երբ արցախահայութիւնը ցրտահարումի վտանգը կ՛ապրէր, թշնամիին կողմէն յաճախակի կրկնուող գազի մատակարարման ընդհատումին պատճառով, նոյն տիկինը, հանգստաւէտ ու «մօտայիկ» ճինզը հագին, ոտքը ոտքին վրայ դրած ֆութպոլ դիտած պահուն, իր բնակավայրին շքեղութիւնն ու պերճանքները, կրակարանին ջերմութիւնն ու մոմերով ստեղծուած մտերմիկ (cozy) մթնոլորտը ինսթակրամի իր անձնական էջին վրայ տեղադրած տեսերիզով կը հրապարակէր…:

Արհեստավարժական իմ համեստ կարողութիւններէս վեր է վերլուծել վերը նշուած պարագան: Հայ ժողովուրդին համար այս ճակատագրական օրերուն, նման՝ հրապարակումներ կատարելը, ֆութպոլային անհոգ եւ ջերմ մթնոլորտի ցուցադրութիւն ընելը, կատուներու համար գիրք կարդալը, իրենց ապագային համար պայքարող փոքրիկներուն ծնողները քննադատելը, եւ մասամբք նորին, չեմ գիտեր եթէ միամտութի՞ւն է, հոգեկան որոշ շեղումներու երեւոյթներու ցուցանիշե՞ր են, թէ յատուկ մշակուած թշնամական արհեստագիտական միջոցներ, որպէսզի մեր ուշադրութիւնը աւելի կարեւորէն շեղեցնեն, կամ մարդոց հոգեկան հաւասարակշռութիւնը խանգարեն ու աւելի եւս նսեմացնեն մեր ժողովուրդին արդէն իսկ գրեթէ ոչնչացած մարդկային արժանապատուութիւնը:

Ինքզինք յարգող պետութիւններուն առաջին դէմքերը պէտք է զգան իրենց ժողովուրդին բազկերակը ու շարժին այդ ժողովուրդին զգացումներով ու մտածմունքներով։ Անոնք եթէ նոյնիսկ տարբերակուող կարծիքներ ունին, իրաւունք չունին, օրիժինալութեան տպաւորութիւն ձգելու միտքերով հանդէս գալ:
Նոյն ծիրէն ներս կայ նոյնքան ահաւորը: Վերոյիշեալ նոյն օրերուն եւ պահուն, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՀ Վարչապետին կողակիցին հարազատ եղբայրը, ընկերային համացանցի իր մէկ էջին վրայ հետեւեալը հրապարակած էր: Հրապարակումին նկարը այստեղ կը ներկայացնեմ, առանց իմ կողմէ մեկնաբանութեան.

Ես չեմ գիտեր մեր ազգին գլխուն եկած պատմական այս թիւրիմացութեան պահը ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ի՞նչ գինով պիտի աւարտի, սակայն մէկ բանին վստահ եմ, որ Արցախէն եւ իր քաջարի ժողովուրդէն մենք ուժ կը ստանանք: Արցախը մեր յաղթանակի եւ ազգային արժանապատուութեան խորհրդանիշն էր եւ այդպէս ալ պիտի մնայ յաւիտեան:
Աւարտին, եւ ի հեճուկս եւ ի պատասխան բոլոր կասկածողներուն, շեղողներուն, եւ թշնամիին, այստեղ կը կցեմ սոյն ոգեշունչ նկարը.
Կեցցէ՛ ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img