Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Ազգային Ազնուական Վերնախաւ (Էլիթ) Յառաջացնելու Կարեւորութիւնը որպէս Երաշխիք Մեր Ազգին ու Հայրենիքին Գոյատեւման

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

«Ոչ մէկ հասարակութիւն կը կառավարուի ժողովուրդին կամ մեծամասնութեան մը կողմէ: Բոլոր հասարակութիւնները, ներառեալ ժողովրդավարական կոչուող հասարակութիւնները, կը կառավարուին փոքրամասնութեան մը կողմէ:»
Ճէյմս Պըրնհամ
(Քաղաքական տեսաբան)

Ազգի, հաւաքականութեան, կամ երկրի մը առողջ գոյերթը, ի վերջոյ մեծապէս կախեալ է իր էլիթին ընտրութեան գործառոյթէն: Էլիթ, որ ունի իշխանութիւն (քաղաքական, ընկերային, տնտեսական)՝ ազդելու տուեալ հասարակութեան ուղղութեան վրայ:

Տնտեսագէտ Ալիս ՏիԳաբրիոն, էլիթը կը սահմանէ, որպէս «հասարակութեան մը մէջ մարդոց առանձին խումբ, որ կ՛օգտուի արտօնեալ կարգավիճակէ եւ վճռական վերահսկողութիւն կ՛իրականացնէ տուեալ հասարակութեան կազմակերպման վրայ»:

The Economist պարբերաթերթը «վերնախաւ» բառ-հասկացողութիւնը սահմանած է որպէս մարդիկ, որոնք աշխարհը կը ձեւաւորէն առանց ոեւէ մէկուն կողմէ նկատուելու: Էլիթը կը ներառէ քաղաքական, առեւտրական, կրօնական, դատական, աշխատանքային, մշակութային, պիւրոքրաթական (քաղաքացիական ծառայութիւն), զինուորական, ակադեմիական/մտաւորական վերնախաւերը, որոնք հաւաքականօրէն կը ներկայացնեն իշխանութիւն եւ ազդեցութիւն կ՛ունենան մարդոց վրայ: Էլիթի իշխանութիւնն ու ազդեցութիւնը կը դրսեւորուի հասարակութեան վրայ, որպէս անոնց անհատական եւ հաւաքական գործողութիւններու եւ անգործութեան համախառնութիւն: Անոնք անհամաչափ ազդեցութիւն կ՛ունենան հասարակութեան մը վրայ, հակառակ իրենց փոքրամասնութիւն մը ըլլալու փաստին: Անոնք է, որ կը ձեւաւորէն ազգային ատենախօսութիւնը (discourse) նոյնիսկ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ: Անոնք կ՛որոշեն օրակարգը եւ համեմատած իրենց յարաբերաբար փոքր թիւին հետ, անհամաչափօրէն կ՛ազդեն տուեալ հաւաքականութեան կամ երկրին տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակին վրայ:

Ըստ Աճեմօղլուի եւ Ռոպինսընի՝ համահեղինակները «Ինչու կը Ձախողին Ազգերը. Իշխանութեան, Բարգաւաճման եւ Աղքատութեան Ակունքները» (Why Nations Fail: The Origins of Power, Prosperity, and Poverty) դասական գիրքին, որ հրատարակուած է 2012ին, գոյութիւն ունին էլիթներու երկու հակադիր տեսակներ: Երկու տեսակի էլիթներն են. արժէք ստեղծող եւ արժէք կորզող էլիթներ: Արժէք ստեղծող էլիթները իրենց աշխատանքին եւ քաղաքականութեան մէջ աւելի շատ արժէք կ՛աւելցնեն հասարակութեան համար, քան այն, ինչ իրենք կը վերցնեն իրենց համար: Արժէք ստեղծող էլիթները ընկերային հարստութեան կարկանդակին հատուածը շատ աւելի մեծ կը դարձնեն, քան սեփական կարկանդակի կտորը, ի հակադրութիւն արժէք կորզող էլիթներուն, որոնք շատ աւելին կը վերցնեն ընկերային հարստութենէն, քան իրենց ստեղծած արժէքը: Արժէք կորզող էլիթները շատ անհամաչափ կը մեծցնեն իրենց հարստութիւնը, քան իրենց ստեղծած ընկերային հարստութիւնը: Զարգացած, յառաջադէմ եւ աճող ու բարգաւաճ հասարակութիւնները ընդհանուր առմամբ ունին արժէք աւելացնող էլիթներ: Մինչ անոնք՝ արժէք ստեղծող էլիթները կը դառնան աւելի հարուստ, հասարակութեան մէջ աւելի շատ մարդիկ նոյնպէս կը բարձրանան ընկերատնտեսական աստիճանակարգին վրայ: Արժէք կորզող էլիթները, ի հակադրութիւն, կը ստեղծեն աճող եւ ծայրայեղ ընկերային անհաւասարութիւններ:

Իրենց ինքնակեդրոն գործելաձեւը կ՛աւելցնէ դասակարգերու միջեւ բացը եւ աւելի համատարած կը դարձնէ աղքատութիւնը, մինչ իրենք անձնապէս աւելի ու աւելի կը հարստանան: Ժամանակն է, որ մենք որպէս ազգ սթափինք եւ վերլուծենք, թէ ի՞նչ տեսակի էլիթներ գոյութիւն ունեցած են մեր Հայրենիքին՝ Հայաստանին մէջ:
Այն, ինչ կար Հայաստանի մէջ երրորդ հանրապետութեան առաջին իսկ օրէն մինչեւ 2018 եւ այն, ինչ ունինք այսօր, շատ դժուար է լիարժէք էլիթ անուանել։ Հայրենի պետականութեան տարբեր փուլերուն մէջ եղած են ազդեցիկ շրջանակներ, որոնք ունէին եւ ունին նիւթական եւ այլ մեծ աղբիւրներ եւ իշխանութեան վրայ ազդեցութիւն: Կային ու կան քլաններ (ցեղային խմբակներ), շրջանային ազդեցիկ ընտանիքներ: Կային ու տակաւին կան օլիկարխներ , ոճրային շրջանակներ, հոգեւոր ազդեցիկ խումբեր եւ այլն։ Բայց ասոնք լիարժէք էլիթներ չեն։

Պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրել, թէ ինչո՞ւ հայկական էլիթները մնացին այդքան ցած մակարդակի վրայ (քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլն): Ինչպէս նաեւ պէտք է յստակ գիտակցիլ, որ առանց լուրջ ազգային-յառաջադէմ էլիթի մեր Հայրենիքը, որպէս ազգ-պետութիւն դժուար թէ զարգանայ, այս այն պարագային եթէ կարենայ գոյութիւն ունենալ յառաջիկայ տարիներուն:
Առանց պետութեան արդիականացման Հայրենիքը դատապարտուած է կործանման։ Իսկ առանց ազգային էլիթի մեր երկիրը չի կրնար ապահով կերպով արդիականանալ: Սակայն Հայաստանի այսպէս կոչուած էլիթը չի կրնար այս ընել եթէ անգրագէտ է ու ապազգային եւ արդիականացումը հասկցած է որպէս պարզապէս ուրիշին կապկելը կամ անոր ապաւինիլը:

Զարգանալու, կրթուելու եւ կրթելու, ազգային կարելիութիւնները զօրաշարժի ենթարկելու համար ազգային էլիթ մը պէտք է գիտակցի առողջ արդիականացման անհրաժեշտութիւնը, անկեղծօրէն ընդունի իր սխալները եւ պատրաստ ըլլայ հրաժարելու իր յարմարաւէտ աթոռներէն: Ան պէտք է յօժարի դուրս գալ իրեն համար ստեղծած comfort zone-էն, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխել մեր ունեցած սոյն հանրային կործանարար status quo-ն:

Այս իրավիճակէն դուրս գալու միակ տարբերակը երկար, ծանր, կորուստներով ու զրկանքներով լի եւ առանց յաջողութեան երաշխիքներու ճանապարհն է։
Սոյն ճանապարհին եւ ոչ միայն անոր մասին, կը շարունակենք մօտալուտ Նոր տարուան մեր յաջորդ եւ սոյն նիւթը ամբողջացնող սիւնակներով:

Մինչ այդ, շնորհաւոր Ամանոր:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img