Չորեքշաբթի, 15 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Մինչեւ Ե՞րբ Պիտի Դիմանայ Արցախի Հայութիւնը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Զարմանալի լռութիւն եւ համատարած անդամալուծում կը տիրէ համայն աշխարհի հայութեան մօտ՝ երբ արցախահայութիւնը կը մարտնչի շրջափակման եւ անոր աղէտալի հետեւանքներուն դէմ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի դիմանայ արցախահայութիւնը սովին եւ բնաջնջման սպառնալիքին:

Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին թշնամիին կողմէ Բերձորի միջանցքին արհեստական պատճառներով փակումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային աղէտը եւ հիմնուելով իր ազգային-հայրենասիրական առաքելութեան վրայ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որոշեց անմիջական օժանդակութեան ձեռք մեկնել իր հայրենի հողին վրայ ամուր կանգնած արցախահայութեան:

Առ այս, Ս. Ծննդեան առիթով որպէս սրտաբուխ նուէր, Վարչութիւնս Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի համակարգին մէջ աշխատած եւ պատերազմի զոհ դարձած հայորդիներու 100 ընտանիքներու, 10,000 ամ. տոլարի նիւթական օժանդակութիւն մը պիտի փութացնէ, որպէսզի անոնք իրենց բաժին ինկած գումարով կարենան շրջանցել իրենց զաւակներուն ու ծնողներուն տարրական կենցաղային դժուարութիւնները:

Այս ուղղութեամբ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանեան Ներկայացուցչութեան տնօրէնն ու նախաձեռնութեան առնչակից պատասխանատուներ, Չորեքշաբթի 4 Յունուար 2023ին այցելեցին Հայաստանի մէջ Արցախի հանրապետութեան Օփերատիւ շտապի շէնք, ուր հանդիպեցան Արցախի նախագահի Սփիւռքի հարցերով խորհրդական — Յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանին հետ, համակարգելու համար նուէրներուն փոխանցումը:

Ձախէն՝ Վահէ Դարբինեան, Ազատուհի Սիմոնեան, Գայիանէ Մուրատեան եւ Սեւակ Յակոբեան

Հանդիպման ներկայ, «Վահան Թէքէեան» սոցիալ-մշակութային հիմնադրամի նախագահ Վահէ Դարբինեան սրտաբուխ քայլով մը, Մարտակերտի Զարդախաչ գիւղի դպրոցին նուիրեց համակարգիչ մը եւ տպիչ սարք:
Պէտք է նշել, որ այս նախաձեռնութիւնը նախերգանքն է աւելի ընդլայնուած օժանդակութեան քայլի մը, որուն համար Վարչութիւնս անմիջապէս պիտի ձեռնարկէ լայնածաւալ նուիրահաւաքի մը, կողքին կանգնելու համար Արցախի մեր սիրելի հայրենակիցներուն:

Յոյսով ենք, որ մեր այս նախաքայլը խթան կը դառնայ ու խայծ մը կը հանդիսանայ համահայկական օժանդակութեան զօրաշարժի մը, հասնելու շրջափակման տակ գտնուող Արցախի քաջարի ժողովուրդին կարիքներուն:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու
եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւն

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img