Երեքշաբթի, 19 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԱՌԸ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Յունուար 19-ի, առաւօտեան ժամը 01:30-ի շուրջ, Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին վրայ տեղակայուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի մասնագիտացած մէկ վաշտի կացարանին մէջ բռնկած «հրդեհ»ին հետեւանքով զոհուած է 15 զինծառայող, եւ կայ 7 վիրաւոր։

Նկարին լաւ նայիլ: Սա զօրամասի վիճա՞կ է։ Այսպիսի շէնքերու մէջ կը քնանա՞ն ու կ՛արթննան մեր զինուորները: Միլիոնաւոր տոլարներու հասնող անհասկնալի պարգևավճարներով կը լափուի մեր պետութեան պիւտճէն, մինչ այդ նոյն պետութեան գոյատեւումին միակ երաշխիքը հանդիսացող Հայ զինուորը կենցաղային տարրական պայմաններով կացարան չունի…:

Հրդեհ, յարձակում, պայթում, թէ ճակատագիր, փաստը այն է, որ ահաւոր բան մը տեղի ունեցած է մեր Հայրենիքին առաջնագիծին մօտ, մինչ մեր սիրելի կառավարութիւնը, իր ղեկավարով ու պաշտպանութեան նախարարով մէկտեղ փոխանակ փութալու աղէտի վայր, նոյն առաւօտուն Երեւանի մէջ, կառավարութեան շէնքին տաք սրահին մէջ նստած, նոյնիսկ առանց սպասելու հետաքննութիւններու արդիւնքին, մատիտի մէկ շարժումով գլխատեցին Գեղարքունիքի ամբողջ սպայական կազմը, իրենց թուացող վարկածներու հիման վրայ, անոնց պատասխանատու նկատելով նշեալ աղէտին: Աւելի քան բնական է ու կարեւոր իր պարտականութեան հանդէպ անփոյթ գտնուած պատասխանատուներուն խիստ պատիժներու ենթարկելը, սակայն ըստ երեւոյթին մորթապաշտութեան որպէս հետեւանք (որովհետեւ իրականութեան մէջ նման պարագաներու իսկական պատասխանատուները, ի պաշտօնէ, այսպէս կոչուած Գերագոյն հրամանատարը՝ իմա՛ ՀՀ Վարչապետն ու Պաշտպանութեան նախարարն են) հապճեպ առնուած նշեալ որոշումը, բաւական ծանր կրնայ նստիլ մեր երկրին ապահովութեան վրայ:
Արդարեւ, Վարդենիսի դիմաց՝ Քարվաճարի ու Գանձակի մօտ այժմ կանգնած է տասնեակ հազարներ հաշուող թշնամի զօրք, որոնք ոեւէ վայրկեանին կրնան լայնածաւալ յարձակում գործել մեր երկրին վրայ, մինչ մեր զօրանոցները խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ են իսկ մեր իշխանութիւնը իր իսկ ապիկարութիւնը քօղարկելու համար պաշտօնէ կը հեռացնէ Գեղարքունիքի ամբողջ հրամանատարակազմը։
Գոնէ պետական մակարդակով բարոյականութեան նշոյլ ցուցաբերուէր, սուգ յայտարարուէր…։ Բայց, որո՞ւն, ի՞նչ կ՛ըսես…:

Չեմ հասկնար. Հայ ազգին, իրենց զաւակները մատաղ ըրած Հայ զինուորի ծնողներուն, ու պաշտօնի վրայ տակաւին մնացած Հայոց բանակի սպայակազմի համբերութեան բաժակը չէ՞ լեցուած: Տակաւին ի՜նչ կը սպասենք սուտ «յեղափոխութեամբ» մը մեր ազգին ու երկրին փորձանք հանդիսացող՝ մեզի միայն ցաւ, սուգ ու Հայրենիքի կորուստ պարգեւած իշխանութիւնը օր առաջ հեռացնելու: Այս աղէտին ալ հանդէպ մեր ազգին թեթեւ մօտեցումը, մեզի մտածել պիտի չի՞ տայ, որ այս բանէն առաջ ու ետք մեր գլխուն եկած ու տակաւին գալիք բոլոր բաները հալալ են…:

Պատմական այս թիւրիմացութեան վերջը ե՞րբ է, երբ այլեւս այնքա՜ն ակնյայտ է անոր «թաւշեայ» շղարշին տակի կեղտոտ աստառը…։

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img