Լիբանանի հայկական ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Սևակ Հակոբյանը գրառում է կատարել․
Արարատ Միրզոյեան
ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարար
Յարգելի պարոն Նախարար,
Ստորագրեալս, Լիբանանի հայկական ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, միաժամանակ ՀՀ քաղաքացի, Սեվակ Հակոբյան (ID համար՝ 008806242) հայաստանեան մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներու լրահոսին վրայ հետեւեալ վերնագրով լուրը կարդացի «Պաքուի բանտում խոշտանգելով սպանել են լիբանանահայ գերի Վիգէն Իւլճեքճեանին»: Լրատուամիջոցները, որպէս աղբիւր նշած էին mediahub-ը, որ իր կարգին յայտարարած էր, որ «Լուրը յայտնել է դրսում ապրող Վիգէնի ընկերներից մէկը, այս պահին պաշտօնական հաստատում չկայ»:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, սոյն գիրով կը դիմեմ Ձեզի հետեւեալ երկու հարցումներով.
1. Նկատի ունենալով, որ Վիգէն Իւլճեքճեան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է, արդեօ՞ք ՀՀ ԱԳՆի մօտ վերոյիշեալ լուրը հաստատող կամ հերքող տեղեկութիւն կայ:
2. Վերոյիշեալ անձին կապակցութեամբ եւ ի պաշտօնէ դուք, մինչեւ օրս ինչպէ՞ս կը հետապնդէիք իր հարցը, որ բնականաբար չի տարբերիր տակաւին եւս գերի հանդիսացող միւս հայորդիներուն պարագայէն:
Ձեր գործերուն յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով եւ կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
Յարգանքներով՝
Սեվակ Հակոբյան