Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Բաց Նամակ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Համահայկական Հիմնադրամի Մամլոյ Ծառայութեան Եւ Ոչ Միայն

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Յարգելի բարեկամներ,

Շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր 14.01.2021 թուակիր մամլոյ հաղորդագրութիւնը, եւ ինչպէս միշտ պատրաստ ենք զայն հրատարակելու ԶԱՐԹՕՆՔ-ի էջերուն մէջ, թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ առցանց:

Սակայն ատենն է այլեւս բարձրացնել հետեւեալ հարցումը եւ խնդրելու պէս պահանջել Ձեզմէ,  որ լրջօրէն նկատի ունենաք հետեւեալները.

  • Հիմնականին մէջ, նաեւ Սփիւռքին ուղղուած հաղորդագրութիւն մը աւելի պատշաճ չէ՞, որ ունենայ իր արեւմտահայերէն տարբերակը, երբ ազգային մտահոգութիւններով եւ անսակարկ նուիրաբերելու ոգիով գործած է ու գործէ նաեւ աւանդական Սփիւռքը՝ հիմնական յենարաններէն մէկը հանդիսանալով Ձեր տնօրինած հիմնադրամին:
  • Նման ազնիւ նախաձեռնութիւն մը Ձեր կողմէ որդեգրուելու պարագային, փափկանկատութիւն ըլլալէ անդին եւ վեր, հիմնադրամին ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ըլլալը աւելի եւս շեշտելու չի՞ ծառայեր:
  • Արեւմտահայերէնը որպէս վտանգուած լեզու, անոր պաշտպանութիւնն ու պահպանումը սկզբունքով ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամին ծրագիրներուն եւ առաքելութեան մաս պէտք է կազմէ ընդգրկուելով անոր պիւտճէին մէջ: Հիմնուելով այս բանին վրայ,  նուազագոյնը չէ՞ այդ ճամբուն վրայ հիմնադրամը գոնէ իր յայտարարութիւնները կատարէ նաեւ արեւմտահայերէնով, որպէս զօրակցութիւն եւ անոր պահպանումին սատարող՝ նուազագոյն պիւտճէն պահանջող քայլերէն մին…:
  • Մեր նոյն նկատողութիւնը կը վերաբերի նաեւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամի պաշտօնական կայքի լեզուին, ուր ազնիւ եւ նպատակայարմար կ՛ըլլար եթէ այնտեղ ի գործածութիւն դրուած զանազան լեզուներու տարբերակներուն վրայ աւելնար նաեւ արեւմտահայերէնը:  Մեր կողմէ առաջարկուած չափազանցութի՞ւն կրնայ նկատուիլ այս կէտը:
  • Վերջապէս, մարքեթինկ-իթէ Փի Ար-ի կանոններով, տարրական միջոց չէ՞ թիրախաւորուած ընկալողին հասկնալի, հաճելի կամ ընկալելի լեզուող տեղեկութիւն փոխանցելը կամ կոչ ուղղելը…:

Վերոյիշեալ կէտերուն միտք բանին,  բացառապէս ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամին չի վերաբերիր անշուշտ: Ան կը վերաբերի նաեւ իրենց հաղորդագրութիւններով կամ կոչերով աւանդական Սփիւռքին եւս դիմող ՀՀ պետական, հասարակական, «համահայկական», թէ այլ  շատ մը հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն կամ անհատներուն:

Մեզի համար հասկնալի է, որ մեր պահանջքը կը կարօտի համապատասխան մարդուժի: Հետեւաբար, սոսկ քննադատութենէ անդին անցնելով, այս խնդրին շինիչ լուծումին համար մենք բոլոր խնդրոյ առարկայ կողմերուն կ՛առաջարկենք գործակցութեան մեր ամբողջական պատրաստակամութիւնը:

Յարգանքներով՝

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img