Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Խմբագրական Միացեալ Յայտարարութիւն. Մեր Անշրջանցելի Առաջնահերթութիւնները Այսօր

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մեր հայրենիքը այսօր կ՛ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամենավտանգաւոր շրջաններէն:

Արցախեան պատերազմին մենք կորսնցուցած ենք պապենական հողեր: Զոհուած են մեր լաւագոյն տղոց մէկ մասը: Անհասկանալի կերպով կ՛իրականան սահմանագծման գործընթացները: Հայրենիքի ինքնիշխանութիւնը  հարցականի տակ  է:  Հայ ժողովուրդը վիրաւոր է: Դարաւոր պատմութիւն ունեցող Հայ ազգը կ՛ապրի նաեւ արժանապատուութեան ճգնաժամ:

Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու այսօր, իր նախանշաններով արդէն իսկ առկայ, ներքին խռովութիւններու ազդանշանը:

Վիճակը յղի է ծանր հետեւանքներու տանող սպառնալիքներով: Ի տես ստեղծուած այս պայմաններուն՝ կարելի չէ լուռ մնալ:

Այսօր, այս պահուն, մեզի համար կան ՀԻՆԳ կարեւոր առաջնահերթութիւններ, որոնց շրջանցումը կամ անտեսումը ազգային ինքնութեան կործանման կրնայ առաջնորդել:

  • ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԱՐԺԷՔԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ

Մինչ դէպքերը թաւալգլոր կ՛ընթանան, իւրաքանչիւր հայորդիի՝ իշխանամէտ, թէ ընդդիմադիր, գերագոյն արժէքը պէտք է ըլլայ Հանրապետութեան գաղափարի պահապանումը: Մեր ժողովուրդին համար չկայ աւելի վեհ արժէք:

  • ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ՝ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ

Հայրենիքը վեր է անձի պաշտամունքէ, կուսակցական նեղմտութենէ, իշխանատենչ կամ աթոռամոլ մոլուցքէ եւ հաւաքականը՝ անձին համար զոհելու հիւանդագին հոգեբանութենէ:

  • ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

«Հրապարակի դէմ հրապարակ» հասկացողութիւնը խորթ է մեզի համար: Այս բանը մեր ժողովուրդը կրնայ առաջնորդել քաղաքացիական վտանգաւոր բախումներու, մինչ թշնամին նստած մեզ կը դիտէ: Այս պահուն էական է դրսեւորել ծայրայեղ եւ պատասխանատու զսպուածութիւն:

  • ԳՈՐԾՈՂ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՅԱՊԱՂ ԵՒ ԱՆՑՆՑՈՒՄ ՀԵՌԱՑՈՒՄ

Արցախեան պատերազմի նման պատերազմ կորսնցուցած եւ ամօթալի անձնատուութիւն ստորագրած իշխանութիւնը իր հրաժարականը պէտք է ներկայացնէ անմիջապէս: Առաւել եւս, ներքաղաքական սոյն իրավիճակով կոյր եւ խուլ ձեւանալով կամ քաղաքական կողմերու հետ ձեւական խորհրդակցութիւններով  ժամանակ շահելու քաղաքականութիւնը կարելի չէ շարունակել: Ժամանակը հասած է, որ հաւատարիմ մնալով գործող սահմանդրութեան՝ քաղաքակիրթ ճամբով  իրականացուին հանրային պահանջ հանդիսացող ազատ ու արդար ընտրութիւններ, որոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը կը կարենայ նոր պայմաններուն լոյսին տակ ազատ կամքի արտայայտութեամբ ձեւաւորել   նոր՝ արհեստավարժ մասնագէտներէ  բաղկացած  Ազգային Ժողով, կառավարութիւն եւ վարչապետ:   

  • ԴԵՄՈԿՐԱՍԻԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՈՎ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Հայոց բանակը սրբութիւն է մեզի համար: Հետեւաբար անոր զօրակցիլը ազգային պարտք է եւ հզօր հայրենիք կերտելու նախապայման: Այս պահուն Հայոց  բանակը մեծ դեր ունի կատարելիք ինչպէս սահմանին վրայ, նոյնքան ներքին խռովութիւններ կանխելու առաքելութեան մէջ, խուսափելու համար հաւանական քաղաքացիական բախումներէ:

Բաւ է տարիներու վրայ եղած խարխափում եւ ինքնակործան անհեթեթութիւն:

Ժամանակն է լիիրաւ ժողովրդավարական սկզբունքներով եւ ազատական ոգիով Հայրենիք կերտելու:

Շուշին՝ ինչպէս Սիսը, Վանն ու Շուռնուխը. մե՛րն են:

Կեցցէ՛ միասնական Հայ Ժողովուրդը եւ հայոց դարաւոր Հայրենիքը:

ՌԱԿ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ՕՐԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ԱԶԳ, ԱԶԳ Օնլայն, ԱՊԱԳԱՅ, ԱՐԵՒ, ԶԱՐԹՕՆՔ,

ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ, ՊԱՅՔԱՐ, MIRROR SPECTATOR, ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img