Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Դաւիթ Տոնոյեանը Թուրքիոյ Ենթակայութեան Տակ Եղող Ահաբեկիչ Զինեալներուն Զէնք Վաճառած Է Եւ Ան Առանձին Չէ Եղած. Սոլովիով

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

«168 ժամ» թերթը կը գրէ. «Պարտուողը բացի իրմէ՝ բոլորը կը մեղադրէ: Ես ըսեր եմ եւ կ’ըսեմ՝ Արցախը հայկական է: Ես ըսեր եմ եւ կ’ըսեեմ, որ Ղարաբաղի բանակն ու ժողովուրդը, ու ասոր համար ատրպէյճանցիներն ինծի կ’ատեն, խիզախօրէն կռուեր են: Ես ըսեր եմ եւ կ’ըսեմ, որ Ալիեւը կատարելապէս յաղթեց Փաշինեանին: Ես ըսեր եմ եւ կ’ըսեմ, որ ձեր Փաշինեանը չէ կատարած Հայաստանի ժողովուրդի կողմէ իր վրայ դրուած հիմնական պարտականութիւնները: Ան չպաշտպանեց Արցախը»,- իր հեղինակային հաղորդման ժամանակ ըսած է ռուս քաղաքական վերլուծաբան Վլատիմիր Սոլովիովը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ, եթէ անգամ ատրպէյճանցիներու կողմէ կռուեր են թուրքերը, սուրիացի ահաբեկիչները, անոնք կատարել են իրենց խնդիրը:

«Այո, ես կտրուկ դէմ եմ ՆԱԹՕ-ի բանակի օգտագործման: Այն կը հակասէ մեր ազգային շահերուն: Բայց խօսքը Ալիեւի դիրքերէն հարցին նայելու մէջ է: Անոր առջեւ խնդիր դրուած եղած է, ան կատարած է այն: Փաշինեանի առջեւ դրուած եղած է խնդիր, եւ ան ամբողջովին տապալած է այն: Ան դաւաճանած է Արցախը իր անկարողութեամբ եւ ապաշնորհութեամբ: Սա իմ անձնական կարծիքն է»,- ըսած է Սոլովիովը:

Իր հերթին՝ Վլատիմիր Սոլովիովի հետ ուղիղ տեսակապի ժամանակ ռուս ռազմական փորձագէտ ու զինուորական թղթակից Ալեքսէյ Լեոնկովն ըսած է, որ այն, ինչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ Արցախին հասցուող էական օգնութեան բացակայութեան արդիւնքն էր:

«Բառերով ամէն բան գեղեցիկ կը հնչէր մարտակոչ, Լեռնային Ղարաբաղը պաշտպանելու կոչ, սակայն կամաւորները կը ներկայանային զինուորական պետական հիմնարկութիւն, անոնց կ’ըսէին՝ սպասեցէք: Արցախէն ռումբեր, փամփուշտներ կը խնդրէին, անհրաժեշտ զրահներ, համազարկային կրակային համակարգերու գծով մասնագէտներ, բայց ոչինչ կը հասնէր Արցախ»,- ըսած է Լեոնկովը:

Նա նաեւ աւելցուցած է, որ զօրքերու հիւսիսային պաշտպանական գիծը դիմադրած է ատրպէյճանական յարձակումներուն: Հիւսիսէն զօրքը դուրս չեն բերած, որովհետեւ ըսած են, որ վտանգ կայ նաեւ այդտեղէն ճեղքում ըլլայ: Այդ ժամանակ Շուշի մտած է երկրորդ խմբաւորումը, տիրացած է Շուշիին, պարզուած է, որ հարաւային ճակատը ինկած է, իսկ բուն Շուշին, փաստօրէն, պատրաստ չէր պաշտպանութեան:

«Այսինքն՝ հայերը դեռ կը շարունակէին կռուիլ, անոնք կը դիմադրէին, եթէ հասնէր այն օգնութիւնը, որ խոստացած էր Նիկոլ Փաշինեանը, երբ կ’ըսէր, որ պիտի պաշտպանէ Արցախը: Բայց այստեղ նաեւ շատ հետաքրքիր փաստեր կը բացայայտուին, որոնք արդէն կը հրապարակուին թելեկրամ ալիքներով, որ սկսած 2018-էն՝ Հայաստանը ստացած է բաւականաչափ քանակով զէնք-զինամթերք, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ Թուրքիոյ հետ ինչ-որ գործարքներ եղած է: Այսինքն՝ Հայաստանէն Թուրքիոյ միջոցով զէնք մատակարարուած է սուրիացի ահաբեկիչներուն: Ահա այսպիսի հետաքրքիր բաներ կը բացայայտուին: Այսինքն՝ այնտեղ անոնք փող կ’աշխատէին, իսկ Լեռնային Ղարաբաղին, ուր այդ զինամթերքը անհրաժեշտ էր, ոչինչ կը հասնէր»,- ըսած է ռազմական փորձագէտը:

Յաջորդիւ Վլատիմիր Սոլովիովը ցոյց տուած է փաստաթուղթեր ու ըսած, որ հաւանաբար Ալեքսէյ Լեոնկովը այս գործարքներու մասին կը խօսի: Վերջինս հաստատած է Սոլովիովի դիտարկումը:

«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ անոր զինակիցներ՝ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Մակար Ղամբարեանը եւ նախարարի վաղեմի ընկեր, որոշակի շրջանակներուն քաջ յայտնի, զէնքի առեւտուրով զբաղող Դաւիթ Գալստեանը զբաղուած էին Թուրքիոյ Սուրիոյ մէջ փրոթրքական ահաբեկիչներուն համար զէնք վաճառելով: Սա յանցագործութիւն է, որուն համար ցմահ ազատազրկում պէտք է տրուի»,- եզրափակել է Սոլովիովը»:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img