Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանան պիտի մասնակցի ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցումներուն:
Մրցաշարքը տեղի պիտի սկսի 12 Յուլիս 2021-ին, 208 միջազգային կարգի մարզիկներու մասնակցութեամբ, Սոչիի մէջ, Ռուսիա:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի միջազգային կարգի վարպետ Անթուան Քասիս Լիբանանը պիտի ներկայացնէ սոյն մրցաշարքին: Անթուան Քասիսի մրցակիցը բաժակի առաջին փուլի մրցումներուն պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ ախոյեան, միջազգային կարգի մեծ վարպետ Եուրի Քոզոփովը:
Անթուան Քասիս 2019 թուականին շահեցաւ Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը: Ան, սոյն տիտղոսը նաեւ շահած է 1995-ին: Քասիս՝ 2001,2004,2006,2010-ին, չորս անգամ շահած է արագ ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը: Ան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային եւ ողիմպիական մրցաշարքերու: Քասիս, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի կազմին հետ 2017-ին շահեցաւ կայծակնային ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Նախքան Սոչի մեկնիլը, Անթուան Քասիս, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ակումբին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ Ճատրակի Լիբանանի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր վարչութեան անդամ Տիգրան Զէյթճեանի հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ցուցաբերուած հոգատարութեան եւ վստահութեան, խոստանալով իր կարելին կատարել փայլուն պահելու Լիբանանի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անունը:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ականներու անունով Վիգէն Չերչեան եւ Տիգրան Զէյթճեան յաջողութիւն մաղթեցին Անթուան Քասիսին: