Human Rights Watch-ը մեղադրած է լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաները անցեալ տարուան Օգոստոսին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աւերիչ պայթումին առնչութիւն ունենալու մէջ ՝ նշելով, որ գոյութիւն ունին հաստատող ապացոյցներ:
Աւերիչ պայթումի առաջին տարելիցին հրապարակուած զեկոյցին մէջ Human Rights Watch կ՚ըսէ, որ Լիբանանի իրաւական և քաղաքական համակարգերուն կառուցուածքային խնդիրները թոյլ կու տան պետական եւ կառավարական պաշտօնէութեան խուսափելու պատասխանատուութենէն և պատիժէն, մասնաւորաբար, որ ցայսօր անոնցմէ ոչ մէկը մեղադրուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»:
Յիշեցնենք, որ 4 Օգոստոս, 2020 թուականի կէսօրին, Պէյրութի նաւահանգիստի պահեստներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ահռելի պայթում մը, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ մօտ 200 մարդ, հազարաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան, ինչպէս նաև քանդուեցաւ մայրաքաղաքին մեծ հատուածը:
Կազմակերպութեան 127 էջերէ բաղկացած տեղեկագրութիւնը ապացոյցներ ներկայացուց պետական պաշտօնէութեան վարքագիծին մասին, որուն արտացոլումն էր Պէյրութի նաւահանգիստի սխալ եւ փտած երկարատեւ կառավարումը, որ թոյլ կու տար նաւահանգիստի պահեստներուն մէջ, անապահով ձեւով, մօտ վեց տարի, թոներով ամոնիում նիթրաթի առկայութիւնը։
«Փաստերը ցոյց կու տան, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը հետեւանքն էր լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու գործունէութեան եւ բացթողումներուն։ Անոնք ճշգրիտ չէին յայտներ Ամոնիում նիթրաթի վտանգներուն մասին», — ըսաւ Լամա Ֆաքիհ՝ կազմակերպութեան, ճգնաժամի և հակամարտութիւններու բաժնի տնօրէնը:
Ան շարունակեց ըսելով. «Անոնք գիտակցաբար նիւթերը պահեցին անապահով պայմաններու մէջ եւ չկրցան ժողովուրդը պաշտպանել: Մէկ տարի անցած է արդէն, եւ այդ օրուան վէրքերը տակաւին փորագրուած են քաղաքին մէջ. մինչ զոհերուն ընտանիքները կը սպասեն պատասխաններուն»։
Կազմակերպութիւնը նաև մանրամասն նկարագրեց, թէ պետական պաշտօնեաները ինչ տեղեկութիւն ունին ամոնիում նիթրաթի մասին և թէ ինչ ձեռնարկած են կամ չեն ձեռնարկած, պաշտպանելու համար բնակչութիւնը:
Օրինակ մը տալու համար՝ ներքին գործոց նախարարը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէնը ըսին, թէ տեղեակ էին ամոնիում նիթրաթի գոյութենէն, բայց ոչ մէկ քայլի դիմած են, քանի որ այդ իրենց լիազօրութեան սահմաններուն մէջ չէ:
Աւելի՛ն, պաշտօնական տուեալները ցոյց կու տան, թէ որոշ պետական պաշտօնեաներ լռելեայն կը նախատեսէին, թէ նաւահանգիստին մէջ զետեղուած ամոնիում նիթրաթը մահուան սպառնալիք կրնար դառնալ։ Տեղական օրէնսդրութեան համաձայն, այս արարքը կրնայ դիտաւորեալ կամ ոչ դիտաւորեալ սպանութեան ոճիր համարուիլ :
Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Օրէնքներուն համաձայն ՝ կեանքի վրայ սպառնացող կանխատեսելի վտանգները կասեցնելու, պետութեան կողմէ գործունէութեան բացակայութիւնը կը նկատուի կեանքի իրաւունքի խախտում:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ պաշտօնեաները գիտէին, թէ Ամոնիում նիթրաթը մօտաւորապէս վեց տարիէ ի վեր պահուած էր դիւրավառ կամ պայթուցիկ այլ նիւթերու կողքին ՝ անապահով և պահեստային վատ պայմաններու մէջ ՝ մարդաշատ, առեւտրային և բնակելի վայրերուն մօտ եւ արարքը կը հակասէ պահեստաւորման միջազգային օրէնքներուն։