Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան իր էջով գրառումներ կատարած է եւ առանց անունը տալու մեղադրած «Հըզպալլա»ն։
Հարիրի մասնաւորապէս գրած է, որ այս դժուարին օրերուն անընդունելի է Լիբանանի հարաւը դարձնել մարտադաշտ ու նաեւ արտաքին կողմերու ծրագիրներուն համար ստեղծուած խաղադաշտի։
Հարիրի նաեւ ըսած է, որ Լիբանան կապ չունի եւ հեռու պէտք է մնայ Իրան-Իսրայէլ հակամարտութիւնէն յիշեցնելով նաեւ, որ լիբանանցի ժողովուրդի անվտանգութեան միակ եւ գլխաւոր երաշխաւորը պէտք է ըլլայ Լիբանանի պետութիւնը։