Նշանակեալ վարչապետ Նաժիպ Միքաթի երէկ նոր խորհրդակցութիւն ունեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի հետ կազմելու համար կառավարութիւնը: Ըստ երեւոյթին այս հանդիպումն ալ ամուլ դուրս եկաւ: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու տակաւին կողմերը տարակարծիք են հիմնական նախարարութիւններու առնչութեամբ:
Միւս կողմէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերէս լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց երէկ Լիբանանի ամէն օր աւելի եւս վատթարացող ընկերային եւ ֆինանսական դժուարութիւններուն նկատմամբ եւ կոչ ըրաւ Լիբանանի պատասխանատուներուն անյապաղ կազմել սպասուած կառավարութիւնը: